ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր թուականէն 64 տարիներ առաջ՝ 1957-ին, Նանսիի շրջակայքը բնակող Անտրէ Լուաման անունով անձ մը ազգային վիճակահանութեան տոմս մը կը գնէ: Յաջորդող օրերուն ձայնասփիւռէն կը հետեւի շահող տոմսերու ցանկին եւ զարմանքով կը լսէ իր տոմսի թիւերը, որոնք գրած էր նաեւ տետրակի մը մէջ. հրճուանքը անսահման կ՚ըլլայ. իր տոմսը շահած էր չորս միլիոն ֆրանք: Կ՚երթայ ննջասենեակ, իր սեղանին վրայէն առնելու համար տոմսը, սակայն չի՛ գտներ: Կը տեղեկանայ, որ առաւօտուն աղախինը իր սենեակը մաքրած ժամանակ փճացուցած էր աւելորդ թղթիկները ու զանոնք նետած վառարանին մէջ... միլիոններ շահած տոմսը եւս:

Եւ այսպիսով կը դառնայ այն եզակի անբախտներէն, որոնք շահած են մեծամեծ գումարներ, սակայն երբեք ալ չեն կրցած տիրանալ:

Թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս աշխարհի վրայ ամենէն շատ սիրուած եւ ի խնդիր անոր երազներ հիւսուած «խաղ»ը վիճակահանութիւնն է, որուն ճամբով աշխարհի երեսին հազարաւորնե՜ր հարստանալու ցնորքով կ՚ապրին:

Պատմական ուսումնասիրութիւններու համաձայն՝ վիճակահանութեան առաջին օրինակները կը տեսնենք Ք.Ա. 205-187 թուականներուն, առաւելաբար չինացիներու մօտ: Նման վիճակահանութիւններ կը կազմակերպուէր քաղաքաշինութեան նպաստելու միտումով: Վիճակահանութիւնը ետքը սկսած է տեսնուիլ Հռոմէական կայսրութեան ժամանակաշրջանին, մասնաւորաբար Օգոստինոս կայսրի ժամանակաշրջանին, վերանորոգելու համար Հռոմ քաղաքը: Պատմական տուեալներու համաձայն՝ այդ խաղարկութիւնները տեղի կ՚ունենային ճաշկերոյթներու եւ խնջոյքներու ընթացքին՝ որպէս ընկերային ժամանց. իւրաքանչիւրը կ՚ունենար տոմս մը եւ շահողին կը տրուէր գեղեցիկ առարկաներ: 

Եւ այսպէս տարիներու ընթացքին կը զարգանայ եւ կը ստանայ այսօրուայ վիճակը, որ քիչեր հարուստ եւ անդին շատեր հիասթափ կը դարձնէ:

Նոյնիսկ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի հիմնադրութեան օրերուն կը տեսնենք վիճակահանութեան հանդէպ մարդոց ունեցած սէրն ու հետաքրքրութիւնը. նոյնինքն այդ պատճառով է վստահաբար, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Գօչունեան եղբայրները թերթի առաջին թիւին հետ կ՚որոշեն կատարել նաեւ վիճակահանութիւն: Այդ ուղղութեամբ թերթի առաջին թիւին մէջ խմբագիր եղբայրները կը գրեն. «Ժամանակի իշխանական նուէրը. որպէսզի ո՛չ միայն գրականապէս այլեւ դրականապէս եւ դրամականապէս ալ օգտակար ըլլայ Ժամանակ իր ընթերցողներուն»: Նոյն յայտարարութեամբ թերթը կը յայտնէ, թէ ունին 500 հատ «շըմէնտըֆէռ» եւ որպէս պարգեւ կը ճշդուի 30,000 ոսկի, որուն կէսը պիտի յատկացուի խմբագրութեան, իսկ միւս կէսը շահող անհատին, այդ իսկ պատճառով թերթը խոշոր տառերով կը գրէ. «ԺԱՄԱՆԱԿի ընթերցող մը տասը փարայով պիտի կրնայ տասնըհինգ հազար ոսկի շահիլ»:

«Երազ չէ, ո՛վ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներ» խօսքը արդէն իսկ ինքնին փաստն է վիճակահանութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող հետաքրքրութեան. ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 20 նոյեմբերի թիւէն կը գիտնանք, թէ միայն շահողներու թիւը հասած է 100-ի, որ ցոյց կու տայ, թէ հետաքրքրութիւնը ժողովուրդին եւ աւելի կարեւորը թերթին բաժանորդագրուելու սովորութիւնը, որովհետեւ եթէ 100 շահողներ կան, ապա վստահաբար աւելի քան 500-600 բաժանորդներ կան՝ եթէ ոչ աւելի:

Վիճակագրութեանց համաձայն՝ այսօր աշխարհի վրայ տարեկան կը վաճառուի 160 միլիոնը անցնող վիճակահանութեան տոմսեր, որ շատերը կը դարձնէ միլիոնատէր, իսկ ուրիշները բանտուած կը պահէ յառաջիկայ վիճակահանութեան յոյսերուն. եւ այդ յոյսը հոգեբանական ինչպիսի՜ ապրումներ կու տայ մարդուն: Լիբանանցիք կ՚ըսեն. «Եթէ ո՛չ երկուշաբթի, ուրեմն հինգշաբթի» անպայման պիտի հարստանան:

Հետաքրքրական վիճակագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ օդանաւի արկած պատահելու հաւանականութիւնը 0.001 առ հարիւր տոկոս է, կայծակնահար ըլլալու հաւանականութիւնը 0.0008 առ հարիւր տոկոս, իսկ վիճակահանութիւն մը շահելու հնարաւորութիւնը շատ աւելի պակաս՝ 0.000007 առ հարիւրտոկոս է. այդ իսկ պատճառով շատե՜ր այն վստահութիւնը կ՚ունենան, որ իրենք պիտի չշահին մեծ գումարը, սակայն հակառակ այդ ճշմարտութեան կը շարունակեն վերցնել:

Կը յիշեմ, տարիներ առաջ կարդացած եմ բանաստեղծ, արձակագիր ու գրաքննադատ Մուշեղ Իշխանի 1976-ին Պէյրութի մէջ տպուած «Սպասում» պատմուածքներու ժողովածուն. գիրքը կը պարունակէ երեք տարբեր պատմութիւններ, ուր գրողը վարպետօրէն կը ներկայացնէ սպասումի հոգեկան վիճակն ու ապրումները: Անոնցմէ մին պսակուած զոյգի մը կողմէ վերցուած վիճակահանութեան կտրօնին համար հիւսուած երազներու սպասումն է: Ամոլը բազմաթի՜ւ երազներ կը հիւսէ վիճակահանութեան շուրջ, կը ծրագրէ, թէ ինչ ձեւով պիտի ծախսէ իրեն «շահած» հարստութիւնը եւ այդ երազներուն մէջ ինչքա՜ն գեղեցիկ կ՚երեւի կեանքը, սակայն սպասումը մի՛շտ ալ կը մնայ սպասում:

Գրիչ մը, որ հաւանաբար ի՛նք եւս չէ շահած գէթ վիճակահանութիւն մը, կ՚ըսէ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք իրենց կեանքին մէջ վիճակահանութիւն չեն շահած, որովհետեւ անոնց տրուած է կեանքի մէջ պայքարելու նուէրը»:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԷՏՄՈՆՏ ԱՒԵՏԵԱՆ
(1929-2002)

Մեր թուականէն 19 տարիներ առաջ՝ 6 դեկտեմբեր 2002-ին, Երեւանի մէջ մահացած է լեզուաբան եւ փիլիսոփայ Էտմոնտ Աւետեան:

Աւետեան ծնած է 10 նոյեմբեր 1929-ին, Էօզպեքիստանի Անտիժան քաղաքին մէջ: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1956 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք 1956-1961 թուականներուն Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ ստանձնած է ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչութեան պաշտօն: Աւետեան 1982 թուականին ձերբակալուած է որպէս այլախոհ եւ մեղադրուած՝ ռուս գրող Ալեքսանդր Սոլժենիցինի հետ ունեցած նամակագրութեան եւ արգիլուած գրականութիւն պահելու մեղադրանքով։ Ձերբակալութեան տարիները անցուցած է հոգեբուժարանի մէջ, ուրկէ ազատ արձակուած է 1984 թուականին: Ազատ արձակուելէ ետք շարունակած է ուսուցչութեան պաշտօնը Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս, իսկ 1994 թուականին եղած է նոյն համալսարանի ընդհանուր լեզուաբանութեան ամպիոնի վարիչ:

Աւետեանի ստեղծագործական աշխատութիւնները կը վերաբերին լեզուաբանութեան, իմաստի եւ արտայայտութեան, որոնց մասին կատարած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք հրատարակուած են «Լեզուական նշանի բնոյթը», «Իմաստ եւ նշանակութիւն» եւ «Նշանագիտութիւն եւ լեզուաբանութիւն» աշխատութիւններուն մէջ: Լեզուաբանը իր առաջին աշխատութիւնով իսկ յաջողած է հետաքրքրութիւն յառաջացնել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս. երկար տարիներ տուած է լեզուաբանութեան, լեզուի փիլիսոփայութեան պատմութեան, գեղարուեստական թարգմանութեան տեսութեան եւ այլ առարկաներու մասին դասախօսութիւններ: Ան իր գործերուն մեծամասնութիւնը գրած է ռուսերէն լեզուով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021