ՆԿԱՐԱԽՏ

Եթէ պահ մը ականատես ըլլաք, թէ երիտասարդ աղջնակ մը շէնքի մը տանիքը բարձրացած ինքզինք ցած նետել կ՚ուզէ, ի՞նչ կ՚ընէք. զինք համոզել կը փորձէ՞ք, որ նման քայլի չդիմէ, կը խրատէք եւ կը փորձէք մխիթարիչ մը դառնալ՝ զինք հեռու պահելու անդառնալի այդ քայլէն: Իսկ եթէ տեսնէք փողոցին մէջ երկու կին կամ տղամարդ իրար կը հարուածեն ու կը ծեծեն, ի՞նչ կ՚ընէք. կը փորձէ՞ք խաղաղեցնել կողմերը եւ հասկցնել՝ որ միայն համաձայնութեամբ մարդ կրնայ լուծել հարցերը: Իսկ եթէ տեսնէք երկու ինքնաշարժներու բախումը ձեր հարազատ աչքերով, ի՞նչ կ՚ընէք. կը փորձէ՞ք վնասուածներուն օգնութեան հասնիլ, շտապ օգնութիւնը տեղեկացնել եւ անմիջական բոլոր քայլերուն դիմել:

Եթէ այդ բոլորը կ՚ընէք թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտե՛մ, որ 21-րդ դարու մարդը այդ բոլորը ընելու փոխարէն կը նախընտրէ հեռուէն հեռաձայնը բռնած նկարել, որովհետեւ այս դարը մեր մէջ նման ախտ մը տարածեց: Մարդիկ սկսան նկարել ինքնասպանին ինքզինք ցած նետելը, սկսան նկարել ճամբուն մէջտեղ կռուողները, ինքնաշարժներու բախումները եւ գրեթէ ամէ՛ն բան՝ որ հեռու է մարդկային տրամաբանութենէն:

Այդ ախտը կը կոչեմ նկարախտ. առանց տարիքի խտրութեան, մեծ թէ պզտիկ հաճոյք կը զգայ նկարելու ոչ-տրամաբանական եւ անմարդկային պատկերներ եւ չես գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ կը տարածէ զայն՝ լաւ բանի մը ականատես եղած ըլլալու ինքնավստահութեամբ: Ցաւ ի սիրտ, ականատես կ՚ըլլանք մարդկային արժէքներու մերկացումին. մարդոց մէջէն կամաց կամաց դուրս գալով մարդկային զգացումները կը սկսին բնազդներու վերածուիլ:

Յաճախ կը յիշեմ մանկութիւնս. եթէ յանկարծ հանգուցեալի մը դիակը դէպի գերեզման երթալու ճամբուն մեր փողոցէն անցնելու ըլլար, ծանօթ անծանօթ իրենց խանութներուն դիմաց կենալով կը փակէին խանութին դռները՝ առ ի յարգանք հանգուցեալին, մինչ այսօր տան մը մէջ սուգ եղած ժամանակ քովի դրացին կրնայ խնջոյք կազմակերպել, խմել ու պարել:

Մարդկութիւնը արդէն իսկ հոգի կու տայ մեր մէջ եւ կը սկսինք վերածուիլ անծանօթ էակներու:

Վերջերս ներկայ գտնուեցայ թաղման արարողութեան մը. մեծահասակ մարդ մըն էր մահացողը: Հարազատ աղջիկը թաղման ամբողջ տեւողութեան իր հօրը կորուստը սգալու, իր ցաւը ամբողջ ուժգնութեամբ ապրելու փոխարէն զբաղուած էր թաղման արարողութիւնը նկարահանելով. եկեղեցին հաւաքուածներս կը սգայինք հանգուցեալին կորուստը, մինչ դուստրը զբաղուած էր «լաւ» նկարներ ունենալու փափաքով: Տարօրինակ չկարծէք. այսօր համացանցը լեցուն է դիակի հետ նկարուիլ ուզող մարդոց նկարներով, որոնք ժպիտ մը իրենց դէմքին կ՚ուզեն անմահացնել տարօրինակ այդ պահը:

Նկարախտը այսօր մարդուն ԵՍը բարձրացնելու եւս կը ծառայէ։ Բազմահարիւր «ողորմած» մարդիկ իրենց ողորմութիւնը կու տան աղքատներու՝ պարզապէս այդ աղքատին վիճակը նկարահանելու եւ իրենց «առատաձեռն» ըլլալը ցոյց տալու համար: Աջին ըրածը ձախը չգիտնայ-ի ուսուցումով հասակ առած մարդկութիւն մը այսօր ո՛չ թէ ձախին, այլ ամբողջ աշխարհին գիտցնելու մարմաջովը կ՚ապրին. իրենց անձը ցուցադրելու կողքին գաղտնի հաճոյք մը եւս կը զգան նկարելով աղքատին արտառոց վիճակը, անոր դժուարութիւններն ու տառապանքը:

Վերջերս (ցաւ ի սիրտ) բարեկամ մը համացանցի վրայ ցոյց տուաւ էջ մը, ուր օրական դրութեամբ կը տեղադրուին բռնութեան, ծեծի, ինքնասպանութեան եւ անմարդկային բոլո՛ր արարքներու վերաբերեալ տեսերիզներ եւ փաստօրէն բազմաթի՜ւ մարդիկ հաճոյք կը զգան դիտելով այդ բոլորը. կ՚ուզեն տեսնել, թէ ինչպէս ինքնաշարժը մարդու մը վրայէն անցնելով յաւիտենականութեան կը ղրկէ: Վերջին տասնամեակի մէկ նորութիւնն ալ մարդ սպաննելու եւ կամ ինքնասպան ըլլալու ժամանակ նկարահանուիլն է. քիչ չեն այն երիտասարդներուն թիւը, որ համացանցի ճամբով ուղիղ եթեր մտնելով վերջ կու տան իրենց կեանքին:

Մեր օրերուն նկարախտէ կը տառապի գրեթէ ամէ՛ն մարդ. բացէ՛ք համացանցը եւ տեսէք, թէ ինչպէս ամէն մարդ ինքզինք հարուստ, ուրախ եւ երջանիկ ցոյց տալ կը փորձէ հանրութեան դիմաց եւ իրենց սեփական կեանքէն աւելի կարեւորութիւն կ՚ընծայեն համացանցի այդ էջերուն, որոնք մեր օրերուն «իսկական» հայելին է մարդուն:

Վիճակը տարբեր չէ նաեւ հայութեանս պարագային. կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւնները մինչե՛ւ իսկ եկեղեցին օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ իր հայորդիներուն, սակայն անոնց օգտակար դառնալէ աւելի այս օգնութեան նկարները տարածելու եւ այդ ճամբով իրենք իրենց «համբաւ»ը բարձրացնելու միտումով. մեծամեծ յայտարարութիւններ կը տեղադրուի համացանց, շատ անգամ մինչեւ իսկ վարկաբեկելու գնով այդ նպաստը ստացողներուն դէմքերը նկարներու ճամբով կը տարածուի՝ ի գին «բան մը ըրինք» ըսելու: Նոյնիսկ եկեղեցական ներկայացուցիչներ մարդասիրական գործեր կը ձեռնարկեն, կ՚այցելեն ծերերուն ու անօգնականներուն՝ նկարներու ճամբով իրենց եկեղեցւոյ «ինչ ըրած»ը ցոյց տալու միտումով:

Ցաւ ի սիրտ, այս նկարախտը ժամանակի ընթացքին շա՜տ աւելի մեծ ու վտանգաւոր հետքեր պիտի ձգէ մեր մէջ, որովհետեւ այդ նկարի արշաւի սիրոյն պիտի շարունակենք մեր մէջէն դուրս վանել բոլոր մարդկային զգացումները եւ անոնց տեղ դնել անմարդկայինը՝ որ իր ԵՍի մեծարանքին համար ատակ է ամէն բան ընելու:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -113-

Մօտաւոր մէկ տարի առաջ համացանցի մէջ տեսայ Լիբանանի մէջ կատարուած ոճիր-ինքնասպանութեան մը տեսերիզը՝ առնուած խանութի մը տեսախցիկէն։ Կողմնակի նայելով անցայ։

Նոյն օրը երեկոյեան լսեցինք մեր հարազատներէն մէկուն անակնկալ մահը. փաստօրէն մեր ազգականներէն մին իր նախկին նշանածը սպաննած եւ վերջ տուած էր կեանքին։

Դարձեալ նայեցայ առաւօտեան տեսերիզը, ինքն էր, ուղղակի առաջին նայելով չէի մտածած կամ ենթադրած որ մեր հարազատներէն մէկը կ՚ըլլայ։ Ո՞վ կրնայ պատկերացնել, որ անձ մը՝ որուն հետ լաւ ու վատ օրեր կիսած ես, նեղութեան պահուն քեզ փորձած է մխիթարել կրնայ նման արարքի դիմել...

Անակնկալներով լեցուն է կեանքը։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2022