ՆԵՐՀԱՅԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ

«Ներհայեցողութիւն», այսինքն՝ հոգեկան աշխարհի թափանցումը, մտքին ներքին անդրադարձ զննութիւնն է կեանքի այն երեւոյթներուն՝ որոնք արտաքին աշխարհի մարդուս զգայարաններու վրայ գործած ազդեցութեամբ եւ տպաւորութեամբ իր ներսը կը կատարուին։

Մարդուս վրայ գործուած ազդեցութիւններու եւ տպաւորութիւններու մէջ առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ վշտի եւ տառապանքի բնահոգեխօսական (=physiologique) երեւոյթը կամ, ըսենք հոգեվիճակը, որ յատկապէս ծնունդ տուած է Պուտտայականութեան։ Սակայն Պուտտայականութիւնը, որպէս «ներհայեցողական կրօնք», կորովազուրկ հանգամանքով մը կը ներկայանայ, թերեւս բնական հետեւանք այն թոյլ միջավայրին՝ որուն մէջ եւ որուն միջոցով ծնունդ առած է ան։

Ցաւեր եւ վիշտեր կրելու վիճակի մը մէջ յայտնուած է Պուտտայականութիւնը, քանի որ կեանքի կնճռոտ եւ նեղութիւն պատճառող առեղծուածներու, անլուծում խորհուրդներու, անել վիճակներու լուծումը ուզած է գտնել ճարահատ եւ յուսալքուած ծայրայեղ ինքնամփոփումի մը, կամ «ինքնամոռացութեան» (=sacrifice) մը մթին եւ անորոշ դաւանանքը եղող վերացական «Նիրվանա»յի մը մէջ։

Բնութիւնը աւելի՛ ներգործած է մարդուն վրայ, որքան մարդը չէ կրցած տիրանալ բնութեան, հետեւաբար եւ պարտուած է եւ յանգած «անէացումի» համակերպութեան» (=néant

Անէացումի այս համակերպութիւնը արհամարհոտ ներանձնացումով, «կրօնական համակրութիւն»ով մը տարածուելով նաեւ ամբողջ կենդանական եւ բանական աշխարհի վրայ, թէեւ հետեւանք իրերու եւ երեւոյթներու ներքին զննութեան, կարելի չէ նկատել անշուշտ կորովի եւ վերլուծող մտքի որոշողութիւն (=détermination)։ Ներհայեցողական-ներգործական է սակայն այն կրօնքը՝ որով ներշնչուած եւ ոգեւորուած էին Իսրայէլի մարգարէները։ Ներգործական է, որովհետեւ հոն հոգիին եւ Աստուծոյ միջեւ հաստատուած հաղորդակցութիւնը «դրական» բան մըն է, եւ նոյնքան մարդկային է եւ ո՛րքան աստուածային։

Բնութեան մէջ Օրէնքի միջոցով Աստուծոյ կամքն է, որ կը ներշնչէ այդ խորհրդաւոր տեսանողները, որոնք իրենց կարգին խանդավառ երեւակայութեամբ մը եւ պատկերաւոր լեզուով մը, բնութեան տիրացումով մը եւ Օրէնքի թափանցումով եւ գերագոյն Կամքին գիտութեամբ կը դարբնեն գեղեցիկ ապագան, որ յայտնութեան մէջ «Մեծ Կրօնք»ինը պիտի ըլլար։

Ուստի, մարդը, ինքզինք գաղտնիքներով լեցուն բնութեան մը մէջ, անոր դէմ գտնելով, բնական է որ նախապէս հետաքրքրուէր իր իսկ անձով, պաշտպանելով ինքզինք յատկապէս այն զօրութիւններուն դէմ՝ որոնք իր կեանքի ներդաշնակութիւնը եւ բնական ընթացքը խանգարելու բնոյթը ունէին։

Եւ երբ՝ առաջին եւ անմիջական տպաւորութիւններու եւ ազդեցութիւններու շնորհիւ՝ իր «ճակատագրին» հետ վերաբերութիւն ունեցող հարցերու մասին լուսաբանուէր մասամբ, ապա անդրադարձ ներհայեցողութեամբ իր հետաքրքրութիւնը ընդհանրացնելով՝ ուրիշներու «ճակատագրի՛ն» ալ, այսինքն անոնց վախճանին ալ պիտի միացնէր իր վախճա՛նը։

Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով Պուտտայականութիւնը՝ «Եսասիրութիւն» է, կրօնական զգացումի փոխանցում մըն է։

«Տիեզերքը ամբողջ կամք մըն է», կ՚ըսէ Arthur Schopenhauer, յոռետեսութեան այս փիլիսոփայական հզօր տեսութիւնը՝ որ «համաստուածութեան» (=panthéisme) վարդապետութեան դրո՛շմ մը կը կրէ իր մէջ։

Ուստի, ըստ Schopenhauer-ի տիեզերական կամք մը կայ, որ կը գործէ ամէն բանի մէջ եւ ամէն բանով։ Այդ ստեղծագործ կամքն է՝ որ կը բացատրէ թէ՛ արտաքին աշխարհի բոլոր երեւոյթները եւ թէ՛ մեր ներքին աշխարհին հոգեկան բոլոր վիճակները։

Գիտութիւնը որքան հսկայական քայլերով յառաջդիմէ, շարունակ նոր հորիզոններու հասնի, որքան ալ մեր ծանօթութիւնները շատնան, մեր գիտելիքներու շրջանակը ընդլայնի, իրերու գոյացութեան եւ գործարանաւորութեան իրողութիւնները միայն պիտի ճանչցուին, իսկ անոնց էութիւնը, անոնց առաջին պատճառը եւ վերջին վախճանը պիտի մնան միշտ գաղտնիքներ՝ պիտի մնան միշտ անծանօթ, եթէ անոնց թափանցելու ատակ տարբեր հոգի մը չօժանդակէ գիտութեան։ Այդ «զօրութիւն»ը մեզի համար սկզբնապատճառ Կա՛մքն է։ Ան ամենաբովանդակ Զգացումի մը յղացում եւ գերազանց Իմացականութեան մը ծնունդ։

Զգացումի, Իմացականութեան եւ Կամքի միասնական այս գերագոյն Երրորդութիւնը Կեա՛նքն իսկ է՝ իր ներուժ (=énergique) տիեզերականութեամբ։ Ասիկա ճշմարտութիւն մըն է այնքան անուրանալի եւ անհերքելի՝ որքան ստոյգ է, թէ մարդը մանրանկարն է խոշոր Տիեզերքին։ Ուստի, տրուած ըլլալով միւս կողմէ իբրեւ գիտական առած (=axiome), թէ բնութիւնը կը գործէ մարդուն մէջ եւ թէ՝ մարդը կ՚ապրի բնութիւնը, մենք առանց վարանելու կ՚եզրակացնենք, թէ մարդկային հոգեբանութեան վերլուծական ուսումնասիրութիւնն է, որ պիտի կրնայ բացատրել Տիեզերքի բոլոր առեղծուածները, ուրիշ խօսքով՝ մարդկային հոգի՛ն է Տիեզերքի բանալին, ինչպէս կ՚ըսէ «Մեծ խորհրդագէտներ»ու հեղինակ, իմաստասէր Edouard Schure (1841-1929) իր «Արեւելքի սրբավայրներ» գործին մէջ (Sanctuaries d՚Orient), կամ Պիւթագորի մէկ խօսքին համաձայն. «Ճանչցի՛ր ինքզինքդ, եւ պիտի ճանչնաս աստուածներու տիեզերքը»։

Ինքնաճանաչութիւնը, ուրեմն, առաջին եւ էական պայման է արդարեւ ճանչնալու եւ ըմբռնելու Տիեզերքը իր ամբողջութեանը մէջ։ Արդ՝ «Ես»ը կամ հոգին՝ նկատուած իբրեւ ներդաշնակ ամբողջութիւն մը զգացական, իմացական եւ կամեցողական զօրութիւններու՝ անդրադարձումն է, կամ աւելի ճիշդ «պատկեր»ն եւ «նմանութիւն»ն է Տիեզերքի մէջ գործող ինքնագիտակից եւ նոյն զգացական, իմացողական եւ կամեցողական զօրութիւններու բացարձակ եւ գերազանց լրութեամբը կատարելացած Հոգիին, որ տարբեր լեզուներու մէջ՝ ազգերու հոգեբանութեան պէսպիսութեան հետեւանք՝ զանազան անուններով կ՚որակուի։

Այս տեսութեամբ եւ այս վերլուծումով բնութեան եւ մարդուն միջեւ հաղորդակցութեան կապը աւելի գիտակից եւ աւելի աննիւթական զօրութեամբ մը կ՚ամրապնդուի։ Հոգին արտաքին աշխարհի ներգործական տպաւորութիւններէն վերջ, կը տիրանայ այն ճշմարտութիւններուն՝ որոնք իրմէ դուրս եւ իր մէջ կը պարզուին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 4 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2023