ՈՂՈՐՄԵԼԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ

Մեղքացէ՛ք այս մարդուն, որուն աչքերը արցունքներէ պարպուած, փակ սենեակին առանձութեանը մէջ առյաւէտ փակեց իր աչքերը: Այդ կորուստին վկաները դարձան միայն գիրքերը, որոնց միակ մենախօսն էր ողորմելին: Գիրքեր՝ որոնց թօշնած ու դեղնաւուն էջերուն վրայ օր մը գաղտուկ կաթկթած էր այն անբիծ ու անարատ արցունքները՝ որոնց մէջ բանտուած էր եղկելի կեանքի մը ամբողջ պատմութիւնը:

Դիակին վրայ սակայն կար ժպիտ մը՝ որ հայելին էր հոգիին մէջ թաղուած այն ընդվզումին, որուն հաշուեյարդարը պիտի ընէր հոն՝ անդրշիրիմեան աշխարհին մէջ ի՛ր եւ Աստուծոյ միջեւ:

Անձի մը տարաբախտ ըլլալը կը գիտցուի ա՛յն ժամանակ, երբ մարդու կորուստը իր մահէն օրեր ետք կը նշմարուի միայն. չես գիտեր ինչ նախախնամութիւն մը ողորմելիին զառամած դրացիին ոտքերը առաջնորդած էր իր անբախտ խուցը: Դիակին քով գտան մրոտուած թերթիկներ. գուցէ կեանքին եւ մարդկութեան դէմ ողորմելիին վերջին ճիչերն ու վայնասիւնը:

Ճշմարտութիւնը մէկ էր. ինչպէս գօսացած բոլոր տերեւները, օր մը ինք ալ պիտի ահաբեկուէր քամիներէն, սակայն զինք խոշտանգողը երբեք մահուան սարսափը չէր եղած. մահուան ինչ ըլլալը ինք լեղի փորձառութեամբ սորված էր իր մահուընէն տարինե՜ր առաջ, որոնց դէմ կռուելէ յոգնած ինքզինք իր վերջին հանգրուանին մէջ գտաւ:

Յաճախ կը կարծուի, թէ բարձրաձայն աղաղակողը տառապանքի եւ տրտմութեան ինչ ըլլալը գիտէ, սակայն ճշմարտութիւն է, որ լռութեամբ աղաղակողները անոր ինչ ըլլալը շա՜տ շատ աւելի գիտեն եւ անոնցմէ մէ՛կն էր ան, որ հիմա տառապանքի նոյն լռութեամբ կ՚առաջնորդուի դէպի հոն՝ ուր խաղաղութիւնը կը տիրէ:

Իր տառապանքին ու մահուան չափ լուռ է նաեւ յուղարկաւորութիւնը. խիղճին եւ մարդկութեան նման այդտեղ բացակայ են նաեւ անոնք՝ որոնք մեղուի մը նման իր անուշաբոյր հիւթը ծծելէ ետք անվերադարձ մեկնեցան ու այնպէս ալ չյիշեցին ակունքը այդ քաղցրութեանց: Յաճախ մարդ ինչքանո՜վ կը նմանի այն լքուած եկեղեցւոյ, որուն մէջ ատենին Սուրբ Պատարագ երգեցողութիւն, իսկ այսօր ագռաւներու կռռոց կը լուսի միայն:

***

Դագաղը շրջապատող ամայութիւնը տեսնելով անտուն ու անպատսպար ալեւոր մը չկարծէք. իր գարնան ժամանակ շա՜տ շատեր օգտուած էին անոր երախտիքէն. իր պտղաբերութեան ժամանակ շատե՜ր ապաստան գտած էին անոր ստուերին տակ, սակայն տերեւաթափ ըլլալէ ետք կոտրած էին զինք՝ դժբախտ մղձաւանջը իրականութիւն վերածելու անխղճութեամբ:

Հարազատներու փոխարէն լալու եւ պոռթկալու անհուն պէտք մը կը զգայ բնութիւնը, որ կ՚ուզէր ողորմելիին փոխարէն հողին յանձնել ապերախտ չարութիւնը մարդկութեան. ո՞վ կրնար մտածել որ նման մեծութիւնը օր մը հող պիտի դրուէր լուռ ու անշշուկ, առանց դամբանականի ու շռայլուած խօսքերու. լսելի եղաւ միայն քահանայի խռպոտ ձայնը՝ որ կրնար հասկնալի ըլլալ միայն հրեշտակներու կողմէ:

Յաջորդ օր լոյս տեսնող թերթերը պիտի չյիշէին իր մահուան բօթը եւ այսպէս, իր մեծութեանը մէջ առանձին ապերախտութեան վիշտը սիրտին պիտի դրուէր հող:

***

Ինչքա՜ն պիտի ուզէի, որ վերոյիշեալ գրութիւնը երեւակայածին տեսարան մը ըլլար՝ նման այն հազարաւոր պատկերներուն, որոնք գրականութեան մէկ մասն են միայն: Ցաւ ի սիրտ, վերոյիշեալ գրութիւնը իրականութիւն մըն է եւ ողորմելին իր ամբողջ կեանքը հայ լեզուին ու գրականութեան, ուսուցչութեան եւ սերունդներու դաստիարակութեան նուիրած զոհ մըն է պարզապէս, որուն թաղումը կատարուեցաւ տարիներ առաջ՝ Լիբանանի մէջ:

Զանազան թերթերու խմբագրութեան մէջ տեղ գտած, հայկական դպրոցներու մէջ երկա՜ր տարիներ ուսուցչութիւն ըրած եւ իր կեանքը գաղութի բարձրացման նուիրած մտաւորական մը արժանացաւ նման թաղման. ո՛չ մէկ գաղութի ներկայացուցիչ, ո՛չ մէկ մտաւորական եւ ո՛չ մէկ հետաքրքրութիւն:

Ողորմելին պարզապէս մոմի մը նման իր շուրջը լոյս սփռելով հալեցաւ եւ իր շուրջը լուսաւորելու սիրոյն օր մըն ալ մատնուեցաւ այն լռութեան՝ որուն արժանի չէր երբեք:

Ըստ երեւոյթին ինքնազոհութիւնը բաւարար յատկանիշ մը չէր յարգելու համար յիշատակը մեծ մտաւորականին, որուն անունը արժանի էր յիշուիլ պատմութեան էջերուն մէջ նոյնիսկ:

Ազգի գործը ապերախտ գործ է եւ վստահ եղէք, թէ Լիբանանի մէջ թաղուած ողորմելի մտաւորականին ճակատագիրին արժանացան շա՜տ շատեր... եւ մինչե՛ւ օրս կ՚արժանան:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -162-

Օր մը մեծ սրբազաններէն մէկուն սենեակը թէյ խմելու գացած էի։ Զանազան նիւթերու շուրջ խօսելէ ետք խօսեցանք բանաստեղծութիւններու մասին։ Սրբազանը ոգեւորուած թուղթ մը փնտռեց սեղանին վրայ եւ ինծի երկարեց։

Խնդրեց, որ կարդամ եւ կարծիք տամ. իր խօսքերով՝ բարեկամներէն մէկուն կը պատկանէր։

Կարդացի. տողերուն վերջին վանկերը «ուն»ով վերջացող բանաստեղծութիւն մըն էր... «տուն» «քուն» «շուն» «աշուն»։

Նկատի ունենալով որ գրողը բարկամ մըն է, քիչ մը անկեղծացայ եւ մանկական ոճի մը առկայութիւնը յայտնեցի։

Շաբաթ մը ետք տեղեկացայ, որ գրողը ինքն էր եւ այդ մէկը իր գլուխ գործոցներէն մին կը նկատէր...

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2023