ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԸ - Բ -

Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Վարդան Քահանայ Տիւլկէրեանի «Հայ Մամուլի գոյատեւումի պայքարը» խորագրեալ շահեկան յօդուածը։

Հայ դպրոցի մը կամ եկեղեցիի մը ընթացիկ կարիքները հասկնալու պայծառ գիտակցութիւնը ունին, բայց հայ թերթի մը անյաղթելի դժուարութիւններով, ո՛չ կը հետաքրքրուին եւ ոչ ալ կը հասկնան։

***

Հայ Մամուլը կրնանք նմանցնել պարտքերով ծանրաբեռնուած քառանիւ կառքի մը, որուն լծուած ձին՝ անկարող է ցեխամոյն անիւները դարձնելու եւ պէտք է, որ կառավարը եւ ուրիշներ օգնեն, որ կառքը շարժի ու յառաջանայ։

Այս մռայլ պատկերին մէջ, կրնանք գուշակել, որ «կառավար»ը խմբագիրն է, «ուրիշներ»ը՝ խոնարհ հայրենասէր եւ զոհաբերող բաժանորդներու զանգուածն է։

Ճշմարտապէս հերքիւլեան աշխատանք մը կը կատարուի անհատուցանելի զոհողութիւններով։

Մի զարմանաք, եթէ ստիպուիմ խոստովանիլ, թէ հայապահպանութեան այս ոգեկան ապերախտ գետնին վրայ տակաւին չգտնուեցաւ ունեւոր մը, որ աչքառու նուիրատուութեամբ մը հերոսանար, ինչպէս այնքան դիւրին կը հերոսանան բարեկեցիկ ու բարեսէր հայեր զոհողութեան այլազան ճակատներու վրայ։

Վերջերս հայ թերթ մը արձագանգ կու տար, թէ Միջին Արեւելքի մէջ հայ մը քառորդ միլիոն տոլար նուիրած է իր նախասիրած մէկ թերթին։ Մեծապէս գովելի երեւոյթ մըն է հարուստի մը այս ելոյթը, որ կը սիրէ հայ գիրը, եւ կը հասկնայ Հայ Մամուլին գոյատեւումին նպատակն ու արժէքը։ Մեզի համար տարբերութիւն չունի, թէ ո՞ր թերթին կատարած է պատկառելի նուէրը եւ ինչ է նուիրատուին համոզումին ուղղութիւնը։ Եղածը աննախընթաց ժեսթ մըն է եւ պէտք է ունենայ իր հայասիրտ հետեւորդները։

Դժբախտաբար, ամերիկահայութեան մէջ, դեռ նման հրաշք մը չգործուեցաւ, հակառակ որ փարթամ հայերու փաղանգը անհաշուելիօրէն խիտ է…։

Եթէ իրապէս կան հայ մարդիկ, որ Հայ Մամուլին օժանդակութեան մէջ նուազ նուիրականութիւն կը տեսնեն, պէտք է ուղղեն իրենց այդ ըմբռնումը, որովհետեւ չկայ տրամաբանութիւն մը որ չքմեղացնէ իրենց այդ տեսակէտը։

Եթէ եկեղեցիի մը կամ հանրային սրահի մը շինութեան բարերար ըլլալը՝ ազգային նուիրական պարտականութիւն է, մեր շիտակ հասկացողութեամբ, նոյնքան գովելի պարտականութիւն է, յանուն հայ ժողովուրդի հայեցի գիտակցութեան եւ իրաւունքներուն՝ պայքարող Հայ Մամուլին սատարելը։

Հայ թերթը եւ գիրքը քաջալերողներու շրջանակին մէջ չենք կրնար չգնահատել այն բարեհոգի բացառութիւնները, որոնք թէեւ քսակով հարուստ չեն, բայց մեծահարուստ են սրտով եւ կը կատարեն յօգուտ հայ թերթին մեծամեծ զոհողութիւններ։

***

Այս վերջին յիսնամեակին, ինչ ինչ հայ թերթեր ու պարբերականներ շքեղօրէն ճառագայթելէ ետք, ընթերցողներու զգալի կորուստին ու անտարբերութեան պատճառով խաւարեցան։

Որբ մը սնունդէ զրկելը, եթէ անգթութիւն է, հայ թերթ մը սովամահ ընելը առաւել մեծ մեղք մըն է։

Ի՞նչ խրախուսանք, ի՞նչ պատիւ ու գնահատութիւն, որ արդարօրէն եւ մերթ… շռայլօրէն տուեր է Հայ Մամուլը զանազան ասպարէզներու մէջ փայլող հայերուն, տակաւին դոյզն փոխադարձութիւն մը ընդունած չէ անոնցմէ, երախտագիտութեան այն չափով, զոր թերթ մը կ՚ակնկալէ։

Շատ հեշտ է ներկայ օրերուն անցողական փառքերու մէջ հերոսանալը, բայց հերոսանալ ազգային պատուաբեր ճակատներու վրայ նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւններով, կը խորհիմ, թէ սակաւաթիւ հայերու առանձնաշնորհումն է։

Մենք կը հաւատանք եւ ժամանակը հասած կը նկատենք, որ այդ հերոսները հզօր ինքնագիտակցութեամբ պիտի երեւան ամէն երկնքի տակ, ուր հայաշատ գաղութ մը գոյութիւն ունի, եւ հայ դպրոցի ու եկեղեցիի բարգաւաճման հետ, նկատի պիտի ունենան «մեր բարեգործներ»ը նաեւ «Հայ Մամուլ»ը, որ անոնց հաւասար չափով արժանի է բացառիկ օժանդակութիւններու։

***

Ահաւասիկ, հոգեւորականի մը՝ Վարդան Քահանայ Տիւլկէրեանի մտահոգութիւնները Հայ թերթին գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարցին նկատմամբ։ Սա հետաքրքրական է, որ Վարդան Քահանայ Տիւլկէրեան արժանի յաջորդ մը կը հանդիսանայ Հայ թերթին հիմնադիր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանին։

Իրականութեան մէջ ասիկա շատ բնական է, քանի որ հայ գիրերու գիւտարարն ալ հոգեւորական մըն էր՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, եւ այդ ահաւասիկ ցոյց կու տայ, թէ հայ մշակոյթին վրայ ո՜րքան մեծ ազդեցութիւն գործած են հայ հոգեւորականները։ Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ հոգեւորականը ո՛չ միայն «հոգեւորական», այլ նաեւ «մտաւորակա՛ն» է։ Ուստի Ս. Մերսոպ Մաշտոցով սկը-սած հայ դպրութիւնը եւ գրականութիւնը շարունակուեցաւ հոգեւորական թարգմանիչներով՝ որոնց յաջորդները եղան ահաւասիկ Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի նման հոգեւորական-մտաւորականներ։

Հայ թերթի գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարցին՝ վստահ ենք որ մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ եւ մանաւանդ «երիտասարդ սերունդ»ի պատկանողներ պիտի առարկեն ըսելով, թէ այլեւս «թերթ»ը կորսնցուցած է իր կարեւորութիւնը, քանի որ համայն աշխարհ այլեւս համացանցի միջոցով կը կատարէ բոլոր հաղորդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «մամուլ»ն ալ փոխադրուած է համացանցի վրայ։ Մեծ մասամբ պէտք է իրաւունք տալ այդպէս մտածողներուն։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ մարդիկ համացանցի վրայ կը կարդան, կը սորվին շատ բան, բայց դեռ չեն դադրած նաեւ գիրք կարդալէ։ Տակաւին գիրքեր կը տպուին, գիրքեր կը կարդացուին եւ գիրքը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ մշակութային աշխարհի մէջ։

Արդարեւ նոյնն է պարագան գրելու. շատեր այսօր համակարգիչով կը գրեն, սակայն տակաւին չէ կորսուած բոլորովին «գրիչ»ը, եւ թէեւ փոքրամասնութիւն, բայց ոմանք կը նախընտրեն գրել գրիչով…։

Քաղաքակրթութեան, յառաջդիմութեան բարիքներէն անշուշտ որ պէտք է օգտուիլ, շատ բնական է ասիկա, բայց պէտք չէ՛ մոռնալ եւ բոլորովին անտեսել հինը, դասականը, քանի որ եթէ «հին»ը գոյութիւն չունենար՝ «նոր»ը պիտի չըլլար. նոր մը ըլլալու համար անպայման պէտք է որ հին մը գոյութիւն ունեցած ըլլայ։

Յառաջդիմութիւն, ապագայ, նորութիւն. բոլոր այս վիճակները բարեպատեհութիւններ են մարդկութեան համար, մարդ պէտք է նայի դէպի յառաջ, բայց ատեն ատեն ալ պէտք է դառնայ եւ նայի, թէ ո՛ւր էր, ո՛ւրկէ եկաւ իր գտնուած կէտին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 5, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 7, 2020