ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՅԱՐԳԸ ԳԻՏՆԱԼ

Ժամանակը ամենաթանկագին պարգե՛ւն է Աստուծոյ։ Եւ մարդ ո՜րքան ժամանակ կը կորսնցնէ իր կեանքի ընթացքին։ Ընդհանրապէս կ՚ըսուի թէ ժամանակը արտադրող եւ թէ առատ արտադրող միջոց մըն է, մանաւանդ իր տուած դասերով եւ փորձառութիւններով։ Բայց մարդ, դժբախտաբար շատ անգամ անտարբեր կը գտնուի ժամանակին՝ այս ամենաթանկագին արժէքին նկատմամբ։ Ժամանակը կը զօրացնէ, կը քաջալերէ մարդը՝ իր բարի առաջադրութիւններուն մէջ եւ կը բուժէ շատ մը վէրքեր… բայց եթէ խորհինք, ժամանակը ո՛չինչ կ՚ընէ այս բաներէն, քանի որ մարդ՝ ի՛նքն է որ պիտի օգտագործէ ժամանակը եւ պիտի նպաստուի առիթներէն։ Այս իմաստով, ժամանակը միջոց մըն է, առիթ մըն է, եւ ինչպէս յիշեցինք պարգե՛ւ մըն է մեզի տրուած Աստուծմէ, որուն յարգը գիտցողներ միայն կրնան օգտագործուիլ անոր անհամար բարիքներէն. ան առիթ կու տայ, իսկ այդ առիթէն օգտուիլ մարդուն կամքէն կախում ունի, անոր ազատ կամքէն՝ որ երբեմն կ՚ընտրէ օգտակարը՝ բարին եւ երբեմն ալ վնասակարը՝ չա՛րը։

Այս իմաստով ժամանակը առարկայական արժէք մըն է, իսկ ժամանակին բարիքներէն, անոր ընծայած օգուտներէն օգտուիլ՝ բոլորովին ենթակայակա՛ն։

Ժամանակը առատահոս եւ արագահոս գետի մը կը նմանի, անոր ջուրէն օգտուելու համար պէտք է մարդ քայլ յարմարցնէ, համակերպի անոր…։

Ժամանակին բոլոր պահերը Աստուծոյ համար ներկայ են իրենց այժմէութեան մէջ։ Ան «նախասահմանութեան» Իր յաւիտենական ծրագիրը կը գծէ՝ անոր մէջ ներառելով իւրաքանչիւր մարդու ազատ պատասխանը՝ Իր շնորհքին։ Աստուած միջոցէն եւ ժամանակէն անդին կարող է եւ Իր Ամենակարողութեանը իրագործումը կը կատարէ՝ ի գործ կը դնէ Իր Ամենակարողութիւնը Իր յաւիտենական ծրագրին կատարելագործման համար։

Ներկայ ժամանակը, ըստ Տիրոջ, Հոգիին եւ վկայութեան ժամանակն է (ԳՈՐԾ. Ա 8), ժամանակ մը, որ նաեւ յատկանշուած է «անձկութեամբ» (Ա ԿՈՐՆ. Է 26) եւ չարին գործերով (ԵՓՍ. Ե 16), որ չի խնայեր Եկեղեցւոյ (Ա ՊԵՏ. Դ 17) եւ սկիզբը կը հանդիսանայ վերջին օրերուն պայքարներուն (Ա ՅՈՎՀ. Բ 18, Դ 4), (Ա ՏԻՄ. Դ 1)։ Ժամանակը՝ սպասումի եւ հսկումի (ՄԱՏԹ. ԻԵ 1-13), (ՄԱՐԿ. ԺԳ 33-37)։

Արդարեւ Տիրոջ Օրուան հաստատումը կը նպաստէ մարդոց, որ կերպով մը կարենան հանգիստի եւ ժամանցի բաւարար ժամանակ վայելել, ինչ որ թոյլ կու տայ անոնց իրենց ընկերային, ընտանեկան, անհատական, մշակութային եւ նաեւ կրօնական կեանքը մշակել։ «Ճշմարտութեան սէրը կ՚որոնէ սուրբ ժամանցը, իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքը», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Եւ բոլոր այս իրողութիւնները եւ իրականութիւնները ցոյց կու տան ժամանակը տեղին օգտագործելու կարեւորութիւնը։

Ուստի ժամանակը պայման է բոլոր Բաներուն, զորս Աստուած կը կատարէ ժամանակի ընթացքին։

Ժամանակը լեցուն է յաւիտեանով. մենք վաղը այն պիտի ըլլանք, ի՛նչ որ ժամանակի գործածութիւնը ըրած է մեզի։ Ժամանակը ամէն օր պատեհութիւն մը կ՚ընծայէ մեզի, ամէն վայրկեան՝ իր շնորհքը, ժամանակի մէջ, մարդ ինչպէս որ ցանէ, այնպէս պիտի հնձէ թէ՛ որպէս քանակ, թէ՛ որպէս որակ։

Ամէն մարդու շնորհուած է յարմար վայրկեան մը՝ ցանելու, եւ վայրկեան մը՝ հնձելու յաւիտենականութեան համար։ Եթէ մարդ ցանքի ժամանակը անցընէ, հնձելու ժամանակը կորսուած է իրեն համար։ Գուցէ ուրիշ ժամանակ մըն ալ տրուի մարդուն ցանքի եւ հնձելու, բայց ատիկա տարբե՛ր է միւսէն. կորսուած ժամանակը, կորսուա՛ծ է ընդմիշտ։

Արդարեւ ժամանակը եւ ջուրը երբեք ետ չեն հոսիր, եւ ժամանակի պահը, ինչպէս ջուրի կաթիլը երբեք չե՛ն վերադառնար։ Հոսող ջուրին կաթիլները եւ ժամանակին պահերը երբեք նոյն կաթիլները եւ նոյն պահերը չեն, քանի որ պահերը եւ կաթիլները կը հոսին, կը սահին եւ կ՚երթան անվերադարձ կերպով։ Այս իսկ պատճառով պահը կամ կաթիլը մարդ երբ չկարենայ օգտագործել, անոնք այլեւս կորսուած կ՚ըլլան յաւիտենապէս։

Եւ եթէ այսքան յարգի է ժամանակը իւրաքանչիւր անհատի համար, ո՜րքան աւելի՝ հանրային ծառայութիւն մատուցանողներու, հանրային գործիչներու, եւ ամբողջ ընկերութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնողներու համար։ Եւ երանի՜ այն առաջնորդին, որ կրնայ հաշիւ տալ իր ժամանակի գործածութեան մասին։

Շատեր անտարբեր՝ կարծես կ՚անգիտանան ժամանակին արժէքը, եւ ուրիշներ երբեք չեն մտածեր իսկ այդ մասին… եւ կը սխալի՛ն։

Տքթ. Վարդ Շիկահեր սապէս կ՚ըսէ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ. «Ո՛վ ալարի, ո՛չ դալարի, ա՛յն՝ որ յուլութեան եւ ձանձրոյթի հոգեվիճակներուն է ենթարկը-ւած, չի՛ կրնար տեղ մը հասնիլ, բերք ու բարիք ձեռք բերել։ Չի՛ք շահ, առա՛նց վաստակի, առանց յոգնութեան շահ չկայ…։ Սկովտացի իմաստասէր մը Պէաթթի, տան պարտէզը հողն է հերկեր եւ իր զաւկի անուան սկզբնատառերուն ձեւաւորումով, այնտեղ ցաներ է բոյսի մը սերմերը։ Ժամանակ է անցեր, տղան օր մը հօր մօտիկ եկեր է ապշահար եւ յայտներ, թէ իրենց պարտէզին մէջ -իր անունն է բուսեր-։ Հայրը պատասխաներ է, թէ պատճառ չկա՛յ այդպէս զարմանահար ըլլալու, որովհետեւ իր անունը բուսեր է պարտէզին մէջ պարզօրէն ա՛յնպէս, ինչպէս բուսեր են միւս տունկերը։ Չէ՛ համոզուեր տղան, այլ պնդեր է, թէ մէ՛կն աշխատած պէտք է ըլլայ, այս կանոնաւոր ու կարգաւորեալ արդիւնքը ձեռք բերելու համար»։

Արդարեւ, մարդ եթէ ժամանակին մէջ, ժամանակի միջոցով, ժամանակի հետ պատշաճ կերպով միացնէ իր աշխատանքը, իր վաստակը, այն ժամանակ միա՛յն կրնայ ստանալ շահաբեր արդիւնք։

Ահաւասիկ, ժամանակը եւ աշխատանքը միացնելու, ժամանակը լա՛ւ կերպով օգտագործելու հիանալի՜ օրինակ մը, ժամանակին յարգը գիտնա՛լու պատկերացում մը։

Ոմանք այնքան ծոյլ են եւ անտերբեր, որ մինչեւ ժամանակի մասին մտածեն, արդէն անցած կ՚ըլլայ անիկա, ուրիշներ կը վատնեն զայն անշահ  եւ անօգուտ կերպով։ Կան որոնք կարծես թշնամի են ամէն օրէնքի եւ ճշդապահութեան եւ ժամանակն է որ իրենց կը սպասէ։ Միշտ աճապարուած են եւ միշտ կը յապաղին. բնաւ պատրաստ չեն ժամանակին։ Անոնք երբեք չեն հասնիր ժամանակին։

Սուրբ Գիրքին մէջ կան երկու իմաստալից հարցումներ։ Մին՝ Աստուծոյ Եղիայի ուղղած հարցումը. «Հոս ի՞նչ կ՚ընես Եղիա»։ Երկրորդը՝ Յիսուսի ուղղուածը, որուն կը պատասխանէ փոխադարձ հարցումով. «Չէ՞ք գիտեր որ ես պէտք է զբաղիմ Հօրս գործերով»։ Եւ այս երկու հարցումները պէ՛տք է զօրաւոր հնչէ մեր ականջներուն, որպէսզի մեզ հեռու պահէ ժամանակի վատնումներէ, մեզ առաջնորդէ ժամանակը միացնելու մեր արդիւնաբեր աշխատանքներուն, նպատակայարմար եւ իմաստալից գործելու եւ ժամանակին յարգը գիտնալու՝ պատշաճ տեղը գտնուելու, որպէսզի ժամանակը մեզի օգնէ, մեզի ուղեցոյց ըլլայ մեր բարեբեր գործունէութիւններուն մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 30, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2019