ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԽՕՍՔԵՐ

Խորհող մեծ միտքեր յաճախ ըսած-գրած են խօսքեր, որոնք լուսաւորած են մեր մտքերը եւ անդրադառնալու առիթ եղած են ճշմարտութեան, որ շատ անգամ կ՚երկմտինք, կը տարակուսինք անոր մասին։ Արդարեւ, մարդուս միտքը միշտ արթուն մնալու պահանջքը ունի՞. ասոր համար ալ դրդող ազդակի մը, մղիչ ուժի մը կարիքը կը զգայ։

Ահաւասիկ, այս պատճառով, խորհող մեծ միտքերու խօսքերը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։

Եւ անոնցմէ մի քանին միայն։

«Կարելի չէ որեւէ տարակոյս ունենալ հոգիի անմահութեան մասին։ Ջանացի տարակուսիլ, բայց խորհրդածութիւնը ցոյց տուաւ սխա՛լս»։ ԼՈՐՏ ՊԱՅՐԸՆ

«Շատ անգամ տարակոյսի խաւարը պատեց սիրտս, եւ իմ զգացած անձկութեանս մէջ, Աստուա՜ծ իմ, դուն գիտես, թէ փնտռեցի հաւատքի լոյսը»։ ՇԻԼԼԷՐ։

«Բացէ՛ք պատուհանները, քիչ մը աւելի՛ լոյս»։ ԿԷՕԹԷ։

«Եթէ Աստուած գոյութիւն չունենար, մարդը կը յօրինէր իրեն աստուածը»։ ՎՈԼԹԷՐ։

«Բարեկամ ընտրէ առանց շտապելու, ա՛լ աւելի քիչ աճապարէ զայն փոխելու համար»։ Պ. ՖՐԱՆՔԼԻՆ։

«Մեծ մարդու բարեկամութիւնը աստուածային պարգեւ է»։ ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՄԱՐԻ ՎՈԼԹԷՐ։

«Ազգի ապագան մայրերու ձե՛ռքն է»։ Օ. ՊԱԼԶԱՔ։

«Ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ խաղաղիկ, երբ չենք գիտեր թէ ուրկէ՞ կու գանք կամ ո՞ւր կ՚երթանք, թէ ի՞նչ պէտք է ընենք այս աշխարհի վրայ, երբ ամէն բան առեղծուած է, խորհո՛ւրդ, եւ առարկայ տարակոյսի եւ տագնապի։ Այս անգիտութեան մէջ ապրիլն անհնար է եւ հակասական։ Հաւա՛տք պէտք է»։ ԺՈՒՖՐՈՒԱ։

«… Ո՜վ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները, միացէք Պղատոնի, Տէր Յիսուսի նախակարապետին, ինձ կրկնելու համար, յանուն Աւետարանի եւ փիլիսոփայութեան, թէ ժամանակն է հրաժարելու ամէն անցաւոր բանէ, եւ թէ միակ մտածումը՝ որ այսուհետեւ ներելի ըլլայ ինձ. քանի մը օգտակար աշխատութիւններու, պարտականութեան եւ Աստուծոյ մտածումն է»։ Վ. ՔՈՒԶԷՆ։

«Տանդէ, իր անմահ քերթուածին մէջ, Վիրքիլիոսի նման ելած է մինչեւ Երկնային Լոյսին սեմը, բայց առանց անկէ անդին երթալու, եւ երբ Աստուածաբանութիւնը, այսինքն Հաւատքի գիտութիւնը, սկսաւ երեւիլ -խաղաղութեան նշանակ՝ ձիթենիով պսակուած, իր կենդանի բոյսի մը գոյն ունեցող պայծառափայլ շրջազգեստով-։ Վիրքիլիոսի նման ալ անհետացաւ, պահուըտեցաւ. մտքի այս դրախտը կարծես անոր համար շինուած չէր…»։ ԳԵՐՊ. ՊՈՆԱՐՏ։ (Տիրայր Վարդապետի թարգմանութեամբ)։

«Կիներ մարդկային ցեղի առաջին դաստիարակներն են»։ ՀԻՊԷԼ։

«Աշխարհի վրայ ամենաուժեղ ջուրը կիներու արցունքներն են»։ ՃՈՆ ՄՈՌԼԻ։

«Իւրաքանչիւր կնոջ սխալի մէջ տղամարդու մեղքը կայ»։ ՀԵՐԴԷՐ։

«Կիներու բնազդը կ՚արժէ մեծ մարդոց կանխատեսութիւնը»։ Օ. ՊԱԼԶԱՔ։

«Կիներ չափազանց կարեկից են. գթասիրտ եւ վշտակից, անոնք գեղեցիկը կը գերադասեն օգտակարէն»։ ՔԱՆԹ։

«Տղամարդիկ կը ստեղծեն օրէնքներ, կիներ՝ բարքեր»։ ՔԻՓԷՌ։

«Մենք՝ փիլիսոփաներս կը նաւորդենք ըստ բախտի, ենթակայ մոլորման եւ նաւաբեկութեան։ Իմաստասիրութիւնը հետախուզութեան ճամբայ մըն է, յանդուգն, վտանգաւոր, ի խնդիր անծանօթին, ի խնդիր անսահմանին, բայց որուն մէջ չենք գիտեր շատ անգամ, թէ ո՛ւր պէտք է նետել խարիսխը եւ ցամաք ելլել…։ Դուք, հաւատացեալներդ, ունիք երկրի ուղեցոյցը, քարտէսը, աստղերը, ղեկավարը, նաւահանգիստը»։ Վ. ՔՈՒԶԷՆ։

«Անխառն երջանկութիւնը սրտի կատարեալ գոհունակութիւնն է լաւագոյն գործի մը կատարումէն յետոյ։ Կեանքի վայելքները՝ պարկեշտութեամբ հանդերձ՝ կարեւոր ուժեր կրնան ըլլալ կեանքը բարգաւաճող ու ներդաշնակող։ Մտքի վայելքները աւելի գերակշռութեամբ կը ներգործեն մեր հոգիին վրայ՝ որ անսահման երանութեան մը ոլորտներուն մէջ կը սաւառնի զուարթ ու ցնծուն։ Ընտիր ու վսեմ գաղափարի մը ծնունդը մարդկային իմացականութեան մէջ՝ կեանքի յաւիտենականութեան վայրկենական մէկ ժպիտն է կարծես։ Իւրաքանչիւր գաղափար կեանքի նոր յայտնութիւն մըն է արդէն։ Բայց ինչպէս կան կեանքի վիժումներ՝ նոյնպէս ալ կան գաղափարի վիժումներ՝ նոյնպէս եւ սա տարբերութեամբ միայն, որ գաղափարի վիժումները վնասակար են ո՛չ միայն զանոնք ծնող միտքերուն՝ այլ նաեւ ամբողջ մարդկային ընկերութեան։ Աւելի լաւ է ունենալ գլուխ մը եւ անհատապէս տուժել միայն, քան վիժածածին միտք մը՝ եւ հանրութեան չարիք պատճառել։ Առողջ ու կենսալից գաղափարի մը ծնունդ տալ՝ ընկերութեան բարոյական դրամագլուխը՝ հետեւաբար եւ վարկը աւելցնել կը նշանակէ։ Այսպիսի ծնողութիւն մը ամենէն անփոխարինելի երջանկութիւնն է ճշմարիտ մարդուն համար»։ Գ. ՎԱՐԴ-ԽԱՉ։ (Գարեգին Արք. Խաչատուրեան)։

Միտքը զարգացնելու, հոգին ազնուացնելու համար կարդալ պէտք է մե՛ծ միտքերը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 5 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2023