ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀՔ

«Ո՜վ իմ Տէրս եւ Աստուածս, պիտի փառաւորեմ Քեզ, պիտի օրհներգեմ քու անունդ, որովհետեւ սքանչելի՜ են գործերը որոնք կը կատարես սկիզբէն իսկ պատրաստած քու ճշմարիտ ծրագրիդ համաձայն», կ՚ըսէ Եսայի մարգարէ։ (ԵՍ. ԻԵ 1)։ Իսկ Պետրոս առաքեալ իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին» (Ա ՊԵՏՐ. Ե 7)։

«Փրկութիւն» բառը երբեմն կը նշանակէ՝ արտաքին չարիքէ ազատութիւն. «Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին.- Մի՛ վախնա՛ք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի. վասնզի այսօրուան ձեր տեսած Եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք» (ԵԼՔ. ԺԴ 13)։

«Փրկութիւն» կը նշանակէ նաեւ բժշկութիւն. «Ձեզմէ մէկը նեղութեան մէ՞ջ է՝ թող աղօթէ։ Ուրախ տրամադրութեա՞ն մէջ է՝ թող գոհաբանական երգ երգէ Աստուծոյ։ Մէկը հիւանդացա՞ւ՝ թող կանչէ եկեղեցւոյ երէցները, որպէսզի իր վրայ աղօթեն եւ իւղով օծեն զինք, Տիրոջ անունով։ Եւ հաւատքով կատարուած աղօթքը պիտի բժշկէ հիւանդը։ Տէրը զայն ոտքի պիտի հանէ, եւ եթէ որեւէ մեղք գործած է՝ պիտի ներէ անոր» (ՅԱԿ. Ե 13-15)։

Ուստի, հաւատքով կատարուած աղօթքը կը փրկէ, այսինքն՝ կը բժշկէ՛ «հիւանդ»ը։ Սակայն «փրկութիւն» բառը սովորաբար կը վերաբերի այն օրհնութիւններուն, որոնք հաւատացեալներ կը վայելեն հոգեւորապէս, եւ երբեմն այն օրհնութիւնները՝ զորս կը վայելեն երկրի վրայ. «Այո՛, Աստուծոյ շնորհքովը փրկուեցաք, քանի հաւատացիք։ Փրկութիւնը ձեր արժանիքը չէ, այլ՝ Աստուծոյ պարգե՛ւն է» (ԵՓԵՍ. Բ 8), ինչպէս նաեւ. «Որպէսզի գիտցնես իր ժողովուրդին, թէ պիտի փրկուին՝ իրենց մեղքերուն ներում գտնելով. որովհետեւ Աստուած իր գթառատ ողորմութեամբ իբրեւ Արեգակ՝ երկինքէն պիտի ծագի մեր վրայ, եւ յայտնուի մեզի» (ՂՈՒԿ. Ա 77-78)։

Բայց աւելի յաճախ՝ Քրիստոսի կողմանէ հաւատացեալներու խոստացուած ամբողջ երանելի վիճակին, որու սկիզբն է մեղքերու թողութիւն եւ վախճանը՝ յաւիտենական փառք. «Սիրոյ այս սկզբունքով ընթացէք, գիտնալով թէ ի՛նչ ժամանակի մէջ կ՚ապրինք։ Ժամանա՛կն է որ քունը թօթափենք եւ արթննանք, որովհետեւ հիմա փրկութիւնը աւելի մօտ է մեզի, քան այն ատեն՝ երբ հաւատացիք» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 11)։

«Շնորհք» բառին ընդհանուր նշանակութիւնն է՝ բարերարութիւն, պարգեւ։ Երբ Աստուծոյ վրայ է խօսքը, կը նշանակէ՝ բարերարութիւնը զոր մարդոց ըրաւ Աստուած, եւ որուն արժանի չեն մարդիկ. այս իմաստով կը գտնուի հետեւեալ խօսքին մէջ. «Ան՝ որ մեզ փրկեց եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու հրաւիրեց մեզ, ո՛չ թէ մեր արժանիքներուն համար, այլ՝ իր ծրագրին համաձայն եւ այն շնորհքին՝ որ մեզի տրուած էր Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ, յաւիտենական ժամանակներէն իսկ առաջ» (Բ ՏԻՄՈԹ. Ա 9), այսինքն՝ «Իր նախասահմանութեանը եւ շնորհներուն նայելով»։

«Շնորհք» կը նշանակէ նաեւ այլ եւ այլ պարգեւները, զորս կու տայ այս շնորհքը. զոր օրինակ, արդարացումը. «Բայց նախ՝ յստակ տարբերութիւն մը կայ մեղքին եւ շնորհքին միջեւ. որովհետեւ եթէ ճշմարիտ է որ մէկուն յանցանքով բոլորը մեռան, շատ աւելի ճշմարիտ է՝ որ Աստուած միակ մարդու մը՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ իր շնորհքը եւ պարգեւը առատացուց բոլորին վրայ։ Ապա՝ դարձեալ տարբերութիւն կայ մէկուն մեղանչումով յառաջ եկած արդիւնքին եւ շնորհքին միջեւ. որովհետեւ մինչ մէկուն մեղանչումով աստուածային դատաստանը դատապարտութեան տակ կ՚առնէր բոլորը, շնորհքը՝ հակառակ բոլորին մեղանչումին՝ կ՚արդարացնէ զանոնք։ Որովհետեւ, եթէ ճշմարիտ է որ միակ մարդու մը պատճառով, մէկ հոգիին յանցանքով մահը թագաւորեց, ո՛րքան աւելի ճշմարիտ է՝ որ Աստուծոյ առատ շնորհքը եւ արդարութեան պարգեւը ստացողները պիտի թագաւորեն կեանքի մէջ, միակ անձի մը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (ՀՌՈՄ. Ե 15-17)։

«Շնորհք» կը նշանակէ նաեւ զօրութեան եւ սրբութեան պարգեւներ. «Բայց ինծի ըսաւ.- Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի, որովհետեւ իմ զօրութիւնս ամբողջապէս կը յայտնուի՝ մարդուս տկարութեանը մէջ» (Բ ԿՈՐՆ. ԺԲ 9)։ Կը նշանակէ նաեւ յաւիտենական փառք. «Հետեւաբար միտքով պատրա՛ստ եւ արթուն եղէք, ձեր ամբողջ յոյսը կապած փրկութեան պարգեւին, որ ձեզի պիտի տրուի՝ երբ Յիսուս Քրիստոս յայտնուի» (Ա ՊԵՏՐ. Ա 13), նաեւ. «Այսուհանդերձ առաքեալները բաւական ատեն մնացին այնտեղ։ Համարձակութեամբ կը քարոզէին՝ վստահելով Տիրոջ, որ իր շնորհքին քարոզութեան վկայութիւն կու տար՝ անոնց ձեռքով նշաններ եւ հրաշքներ կատարելով» (ԳՈՐԾ. ԺԴ 3)։

«Շնորհաց խօսք» ըսելով կը հասկցուի Աւետարանի վարդապետութիւնները։ «Շնորհաց խօսք» ըսելով կը հասկցուի նաեւ Աւետարանը։ Նոյնպէս. «Տեսակ-տեսակ օտարոտի ուսուցումներէ մի՛ տարուիք։ Լաւ է որ սիրտը Աստուծոյ շնորհքով ամրապնդուի, քան՝ ուտելիքներու եւ չուտելիքներու վերաբերող կանոններով, որոնց հետեւողները որեւէ բանով չօգտուեցան» (ԵԲՐ. ԺԳ 9)։

Արդարեւ, յիշեալ բառերուն այս ինչ կամ այն ինչ նշանակութիւնը կ՚որոշուի անոնց հետ գործածուած միւս բառերուն իմաստէն։ Այս ձեւը կ՚օգնէ որոշել, թէ խօսքի մը մէջ այս ինչ բառին բազմաթիւ նշանակութիւններէն ո՜րն է տեղւոյն յարմարագոյնը։ Կ՚օգնէ նաեւ հասկնալ, թէ այն բառը հոն նկարագրապէ՛ս, այսինքն՝ առաջին եւ հասարակ նշանակութեամբ, թէ այլաբանութեամբ առնուած է։ Երբ խօսք մը կարդալով կը տեսնենք, թէ իմաստին մէջ հակասութիւն կամ անհնարութիւն պիտի ծագի եթէ անոր բառերը առնուին իրենց հասարակ նշանակութեամբ, յայտնի է, թէ հոն «բառին առնուած կերպը այլաբանական է», այսինքն հոն բառերը առնուած են այլաբանական միտքով, այսինքն՝ վերաբանութեամբ կամ նմանութեամբ գործածուած են իմացական գործողութիւններու համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 3, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2020