ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Ինքնաճանաչումը մարդուս կատարելութեան համար կարեւոր ազդակ մըն է. այն որ չունի ինքնաճանաչման գիտակցութիւնը՝ անոր համար շատ դժուա՛ր է լիակար ըլլալ։

Արդարեւ, մարդիկ, ընդհանրապէս չեն ուզեր անդրադառնալ, տեսնել ու հասկնալ իրենց տկարութիւնները, թերութիւնները, բայց ասիկա բարոյական ամենէն սոսկալի ոճիրներու պատճառ կրնայ ըլլալ։ Մարդիկ երբ չեն անդրադառնար իրենց տկարութիւններուն՝ կարծես ոտքով կը հարուածեն՝ կ՚աքացեն խթանի դէմ, գիտնալով հանդերձ թէ վտանգաւոր է այդպէս աքացել։ Կամ հոսանքի դէմ կը թիավարեն գիտնալով թէ մղոն մը պիտի չկարենան յառաջանալ։

Այս մասին անտարբերութիւնը, աշխարհի կեանքին մէջ եւ աշխարհային զբաղումներու մէջ խորասուզումը, երկար, եւ մանաւանդ չափազա՜նց երկար ժամերով աշխատութիւն մը՝ նոյնիսկ հաց ուտելու ատեն չգտնելու աստիճան բազմազբաղ ու բազմակնճիռ աշխատութիւն մը, երբեք ապացոյց մը չէ մարդուն կատարելութեան։ Մարդ կրնայ շատ աշխատիլ, բայց աշխատութիւնը ապարդիւն եւ անօգուտ ըլլալ։

Այսպիսի պարապ աշխատութիւններ յոգնութիւններ են պարզապէս եւ ժամանակի վատնում՝ զոր մարդ կը ստեղծէ ինքն իրեն համար, որոնցմէ երբեմն գոհ, երբեմն դժգոհ կ՚անցընէ իր օրերը ան, եւ կը կարծէ, թէ կ՚ապրի՛։ Ահա, կատարեալ միամտութիւն, ինքնախաբէութիւն, որ մարդուս մանաւանդ բարոյական կեանքին մեծ վնաս կը պատճառէ։

Այսպիսի վիճակի մը մէջ յոգնածներ եւ յոգնողներ պէտք չունի՞ն արդեօք ուղեցոյցի մը կամ ազդարարողի մը՝ որ ցոյց տայ իրենց շիտակը եւ ճշմարիտը։

Եւ այն ամէն անտարբեր, ինքն իրեն անտարբեր եւ ինքնաճանաչման գիտակցութենէ զուրկ մարդիկ, պահանջքը չե՞ն զգար հրաւէրի մը՝ ողջախոհութեան։ Այս հրաւէրի մէջ կայ խանդաղատանք մը, որ երկինքի նման անսահման է եւ ջինջ, լոյսի պէս մեղմ ու կազդուրիչ՝ որ կը ծաւալի, կը տարածուի մարդուս հոգիին խորը, կը գրաւէ ամբողջ էութիւնը, եւ կ՚արթննայ ան իր անտարբերութեան մէջ, յոգնած այն ճամբորդին պէս՝ որ օրե՜րով քալած է կիզիչ արեւու տակ եւ գիշերուան խաւարին մէջ անզգայացած, իբր թէ քնացած, եւ առտուն կը սթափի ցաւերու եւ ծանրութիւններու մէջ…։

Ո՜վ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, միթէ այս չէ՞ առհասարակ մարդկութեան վարած կեանքը։

Միշտ քո՞ւնը, ընդարմացած անգիտակից վիճա՞կը ուրեմն, պէտք է հասնի օգնութեան՝ չափելու համար աստիճանը մարդոց յոգնութեան, մինչեւ որ հասնի «մեծ քուն»ը՝ անոր ամբողջական յոգնութիւններուն վերջակէտը դնելու համար։

Մարդ պիտի չկարենա՞յ իր արթնութեան ատեն երբ գիտակցութիւնը՝ խելքը գլուխն է, զգալ իր յոգնութիւնները, լա՛ւ եւս, իր յոգնութիւններուն պատճառները, որպէսզի չզգայ վհատեցուցիչ թմբիրը իր սրունքներուն վրայ՝ երբ քիչ յետոյ մթին ու խաւար գիշերուան յաջորդէ պայծառ առաւօտը։

Ուրեմն ուղեցոյցը ո՜րքան կարեւոր է եւ անհրաժեշտ՝ անոնց համար որ կը քնանան արթնութեան մէջ, անոնց մանաւանդ՝ որոնք կը կարծեն եւ կը յայտարարեն թէ կ՚աշխատին, կը գործեն, կը շարժին եւ համայն աշխարհ ալ կը կարծէ, թէ անոնք իրապէս կ՚աշխատին, կը վարեն, կը հնձեն, կը սերմանեն եւ կը քաղեն, որոնք կեանքի եռուզեռին նշաւակ են եղած՝ բուռն հեղեղներէ քշուած խոշոր կոճղերու պէս, եւ կը կարծեն թէ ա՛յս է եւ ա՛յսչափ է կեանքը՝ կեա՛նք ըսուածը իր ամբողջութեանը մէջ։ Եւ անոնք կը նմանին այն խեղճ գորտին՝ որ հորին յատակը կեցած՝ հորին բացուածքէն երկինքը կը դիտէ եւ ամբողջ աշխարհը միայն տեսած եկինքը կը կարծէ։ Եւ կամ այն տղուն, որ պատուհանէն փողոցը կը դիտէ եւ ամբողջ աշխարհը այդ փողոցն է կը կարծէ։ Մինչդեռ անհո՛ւն ու անսահմա՛ն է աշխարհ՝ մարդուս ո՛չ միայն տեսած չափէն աւելի՛, այլ եւ երեւակայածէն ալ աւելի՛։

Բայց անտարբեր, անհոգ մարդը այդքանը իսկ չի տեսնար, չ՚անդրադառնար իր շրջապատին, քանի որ ան մութին ու խաւարին մէջ կ՚ապրի, անոր համար ժամանակը մի՛շտ գիշեր է, քնանալու այն միջոցը՝ որ երբեք պիտի չլուսաւորուի։ Անտարբեր ու անհոգ մարդուն «ապրիլ»ն ալ կասկածելի է, պատահական եւ անորոշ, ինչպէս ամէն ինչ որ խաւարի մէջ է։

Անտարբեր ու անհոգ՝ միշտ քունի մէջ անցընող իր ժամանակը, այդ մարդը համ չ՚առներ կեանքէն, քանի որ բուն վայելքը չունի, կեանքը ապրելու ախորժակը, տրամադրութիւնը չի զգար՝ մարմինը բնախօսապէս կը մաշի, կը սպառի, եւ ներքին խաղաղութիւնը, քաղցր ընդարձակութիւնը կը պակսի իրեն։

Նեղ կը գտնէ ամբողջ աշխարհը, քանի որ անտարբեր ու անհոգ մարդուն աշխարհը նեղ է, սահմանափակ է, եւ աւելի տեսնելու ո՛չ փափաք եւ ոչ ալ նպատակ ունի։ Մութին ու խաւարին մէջ ապրողը ի՞նչ կրնայ տեսնել, եթէ լոյսի յոյսը չունի եւ փափաք չունի աւելին տեսնելու։ Արտաքին մութը կը պատէ նաեւ ներքինը։

Պահ մը լաւատես կողմէ տեսնել փորձենք անտարբեր եւ անհոգ մարդոց վիճակը, արդեօք անոնք նշանաւոր այն խօսքին հետեւելո՞վ է որ անտարբեր են կեանքի հանդէպ, թէ՝ «անգիտութիւնը երջանկութիւն է»։ Շէյքսփիրի այս խօսքը սխա՛լ մեկնաբանելով՝ կեանքի նկատմամբ անտարբեր, անհոգ ու անգիտակ ըլլալ՝ ընկերութեան հանդէպ յանցա՛նք մըն է, քանի որ ընկերութեան մէջ ամէն անհատ, քիչ կամ շատ պարտականութիւն մը եւ այդ պարտականութեան հետեւանք՝ պատասխանատուութիւն մը ունի։

Անտարբեր, անգիտակ մարդիկ, ըսինք նեղ կը գտնեն աշխարհը, քանի որ չեն անդրադառնար անոր անյեղլի օրէնքներուն, կանոններուն վրայ։

Անոնք դժգոհանք մը կը զգան երբեմն՝ զոր չեն կրնար բացատրել եւ արտայայտել պէտք եղածին պէս, քանի որ իրենց ներսը թմրած հոգեկան ուժեր կ՚ըմբոստանան մերթ ընդ մերթ։

Բարենշան երեւոյթ մըն է այս՝ աշխարհի մարդոց կեանքին մէջ, որ դիտող եւ զննող աչքերու համար նշանակութիւն ունին։ Այս կեանքը կրնայ ազնուանալ, կրնայ զարգանալ, կրնայ բարգաւաճիլ իր ամբողջութեանը մէջ։

Միմիայն աշխարհով արբշիռ՝ յափշտակուած այս դէմքերուն քով կան զրկանքի զաւակներ ալ. զուրկ ո՛չ միայն աշխարհի նիւթական ճոխութիւններէն, հարստութիւններէն, այլ նաեւ զո՛ւրկ՝ հասարակ կեանքի մը սովորական պայմաններէն իսկ։ Ասոնք զրկուած են բախտի բերմունքով կամ իրենց զեղծումներով, թաւալգլոր կեանք մը՝ որուն արշալոյսը եւ վերջալոյսը «ծիրանի ճաճանչ» մը չունին, պարզ խարխափում մը մթութեան մէջ՝ անորոշութեան մէջ, ինքնամոռացութեան մէջ։ Ասոնց ներսն ալ սակայն մարած չէ արժանապատուութեան վերջին կայծը՝ եւ լաւագոյն կեանքի մը մէջ նետուելու նուաղկոտ յոյսը։

Վստահութիւն ներշնչող ձայն մը, առաջարկ մը, հրաւէր մը միայն կրնայ իր անկեղծութեամբը, իր ազդուութեամբը, իր տպաւորիչ նկարագրովը, իր ոգեւորիչ յատկութեամբը զգաստացնել մարդկային այս դէմքերը։ Ի՞նչ ուժ, ի՞նչ արժէք ունի այս ձայնը, հրաւէրը, թերեւս այսպէս պիտի մտածեն ոմանք։ Ի՛նչ. հզօ՞ր է արդեօք այդ ձայնը, այդ հրաւէրը քան աշխարհայինը՝ որ ոսկիի եւ արծաթի թելերով կը թրթռայ, եւ մարդիկ՝ սիրահար երաժշտութեան՝ չեն ուզեր քթթել իրենց աչքերը, որպէսզի ամենէն տկար եւ ամենէն նուաղկոտ շեշտերն ալ չկորսնցնեն ոսկիի եւ արծաթի ներդաշնակութեան մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 2, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017