ՄԵՐ ՈՒԶԵԼՆ ՈՒ ՉՈՒԶԵԼԸ

Բոլորս ալ բան մը կ՚ուզենք... սակայն շատ անգամ այդ «բան»ին ինչ ըլլալը ինքներս ալ չեն գիտնար եւ մարդկութեան մը ամբողջ կեանքը կ՚անցնի ուզելով եւ անվերջ ուզելով՝ մինչեւ մահուան օրը, ուր դարձեալ ուզելու բան մը կ՚ունենանք: Աշխարհի մէջ զարմանալին սակայն ա՛յն է, որ մարդ հակառակ ի ուզածներուն, ամէ՛ն ջանք ի գործ կը դնէ չկորսնցնելու համար իր չուզածները: Տարօրինակ, սակայն մարդ արարածը իր չուզածներուն հանդէպ ունի յատուկ սէր մը, որ կը շարունակէ մնալ անլուծելի:

Այդ չուզուածին ուզելը բացատրելու համար տամ հետեւեալ բացատրութիւնը. իջէ՛ք փողոց եւ տեսէք, թէ ինչպէս մարդկութեան մեծամասնութիւնը դժգոհ է իրենց ապրած կեանքէն. անոնցմէ շատեր այս կեանքը պիտի որակեն որպէս դժոխք, չարչարանք ու գեհեն, սակայն հակառակ ամէն տեսակի դժգոհութիւններուն, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի կապուած մնան ա՛յն աշխարհին ու կեանքին՝ որ իրենց որպէս տանջանք կը թուի: Կը դժգոհին աշխարհէն, սակայն անկէ հեռանալու գաղափարը ցաւ կը պատճառէ, որովհետեւ չուզելով հանդերձ այդ կեանքը՝ ձեւով մը այդ կեանքին կապուած մնալ կ՚ուզեն: Նոյնն է պարագան իր ամբողջ կեանքը սիրոյ ցաւով ապրող երիտասարդին. այդ չարչարանքը իրենց համար անտանելի բեռ մը կը թուի ըլլալ. շատ անգամ կ՚ուզէ մոռնալ ու իր կեանքին մէջ նոր էջ մը սկսիլ, սակայն ամէ՛ն ջանք ի գործ կը դնէ պահելու համար բոլոր այն բաները՝ որոնք իրեն իր նախկին սէրը կը յիշեցնեն: Մնացած մէկ մազն անգամ մասունքի մը նման պահել կը փորձէ, սակայն իրականութեան մէջ միաժամանակ կ՚ուզէ առյաւէտ մոռնալ:

Մարդկային կեանք մը ամբողջ այս ուզելու եւ չուզելու պայքարին մէջ է որ կ՚անցնի, որովհետեւ կեանքի մէջ գոյատեւելու համար ամէ՛ն չուզուածի դիմաց պէտք է ուզուած բան մը դնել՝ անոր իմաստ ու շարունակութիւն տալու համար, սակայն չուզուածին դիմաց նոյնինքն ուզուածը դնելն է, որ մարդկային կեանքը տարօրինակ ու առեղծուածային կը դարձնէ: Իսկ աւելի տարօրինակը այն է՝ որ ամէն չուզուած բան ունի իր ուզուղը. այլ խօսքով իւրաքանչիւր դժոխք ուրիշի մը համար դրախտ կը նշանակէ:

Երկրորդ տեսակի այս առեղծուածը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. ինքնաշարժ մը առնելու անկարող անձ մը իր ունեցած համեստ հեծանիւին վրայ նստած նախանձով կը նայի իր դէմէն անցնող երիտասարդին՝ որ իր երազած ինքնաշարժը կը վարէ եւ նախանձով կը դիտէ այդ բոլորը. այդ նախանձին կը յաջորդէ ինքզինք քննադատելու եւ ինքզինքը ատելու ընթացք մը եւ համեստ հեծանիւը կը սկսի աւելի անպէտք թուիլ իրեն համար: Նոյն միջոցին անդամալոյծ երիտասարդ մը նախանձով կը նայի հեծանիւին վրայ նստող այդ տղուն եւ երանի՜ մը կու տայ, որպէսզի կարենայ անոր տեղ ի՛նք նստիլ հեծանիւին վրայ եւ մէկուն ատածը միւսին համար երազ մը կը դառնայ պարզապէս: Ու այդ անլուծելի ընթացքը վերջ չ՚ունենար, որովհետեւ ինքնաշարժով անցնող երիտասարդ տղուն համար եւս կան երազներ՝ որոնք անպէտք կը դարձնեն իր ինքնաշարժը եւ այս երկարող շղթան անվերջ ու անվերջ կ՚երկարի՝ մինչեւ հասնի հոն՝ ուրկէ սկիզբ առած էր:

Գիտէ՞ք ինչքան մարդիկ տեսայ, որոնք իրենց սեփական աչքերով այս կեանքը սեւ կը տեսնեն, իսկ անդին տեսայ անձեր՝ որոնք կոյր ըլլալով հանդերձ շա՜տ աւելի գունաւոր կը տեսնեն կեանքը՝ քան առաջինները: Տեսայ անձեր՝ որոնք իրենց ունեցած մէկ ձեռքով կ՚ընեն այն բոլորը՝ որուն անկարող կը մնայ ան՝ որ ունի երկու ձեռքեր:

Մեր ուզածներուն չափ մեր չուզածներուն շնորհումն է, որ կեանքը կը դարձնէ կեանք. թէեւ բոլորս ալ երանի՜ կու տանք ու մաղթանքներ կը կարդանք, որպէսզի իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ իրականանայ այն՝ ինչ կը ցանկանք, սակայն ոչ ցանկալիին ներկայութիւնն է, որ կ՚իմաստաւորէ այդ ցանկալին, որովհետեւ այնպէս ինչպէս առանց մութի լոյսին՝ նոյնպէս ալ առանց չուզուածներուն ուզուածներուն արժէքը չենք կրնար ըմբռնել:

Տակաւին փոքր տարիքէն մեր մէջ կը սերմանեն ուզելը, որովհետեւ այդ ուզուածն է, որ ապագային կը դառնայ երազ ու նպատակ եւ կ՚իմաստաւորէ կեանքը, այլապէս այդ մէկը կը դառնայ առանց նպատակի յոգնեցուցիչ ճամբորդութիւն մը պարզապէս: Սակայն նպատակներն ու ուզուածները եւս ժամանակաւոր եւ մահացու են. եթէ ծնողք էք, փորձեցէ՛ք ձեր մանուկները համոզել, որպէսզի ամէն տարի «կաղանդ պապա»ին նամակ մը գրեն։ Եւ տասն տարիներ ետք ամբողջ տարիներուն ուզուածները միացուցէ՛ք եւ տեսէք, թէ ինչքա՜ն տարբեր են. մենք այսօր նամակ չենք գրեր, սակայն նոյնն է նաեւ մեր պարագան, որովհետեւ մեր այսօրուան ուզածը կրնանք վաղը չուզել եւ այսօր չուզուածը չես գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ՝ ուզել:

Այս բոլոր վերիվայրումներէն ետք է, որ կու գայ ամենէն առեղծուածային ժամանակաշրջանը՝ ծերութիւնը, ուր այլեւս մարդ կը սկսի ո՛չ թէ իր ուզածներուն չիրականանալուն ափսոսալ, այլ չուզածներուն կորուստն է որ կը սկսի սգալ, որովհետեւ չուզուածն է որ նոր ուզելիքներու ծնունդ կու տայ եւ մէկը միւսին շաղախուած կ՚առաջնորդուին:

***

Երիտասարդ տղայ մը կը սիրահարի աղջկան մը, սակայն աղջիկը կը մերժէ այդ սէրը: Տղան առանց յուսահատելու կը շարունակէ իր սիրոյն համար պայքարիլ, սակայն բոլոր ջանքերը անզօր կը մնան: Օր մըն ալ յուսահատած տղան կը հեռանայ եւ աղջիկը ժամանակ մը ետք կը զգայ այդ պայքարի պակասութիւնը եւ ժամանակ մը ետք փնտռելու կը սկսի այդ պայքարը. ա՛յս է կեանքը. ամէ՛ն չուզուած իր մէջ ունի ուզուած, իսկ ամէն ուզուած՝ չուզուած իրողութիւն մը:

Բոլորս ալ կեանք մը ամբողջ մեր ուզածին ու չուզածին հաշուեյարդարը ընելով պիտի անցընենք...:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -115-

Լիբանանի մէջ ծանօթ կին մը յաճախ կը բողոքէր, թէ «տունը կը ձանձրանայ». յաճախ իր ամուսինէն կը խնդրէր, որ յարմար գործի մը սկսի, որպէսզի սկսի դուրս գալ տունէն եւ այդպիսով իր հոգեկան աշխարհը փոխէ, որովհետեւ տունը կը սկսի բանտի պէս թուիլ իրեն:

Ամիսներ ետք ամուսինը յարմար գործ մը կը գնէ եւ կինը իր նպատակին հասնելով կը սկսի դուրս գալ տունէն. ամիսներ ետք նոյն կինէն հետեւեալը կը լսեմ. «ուրիշներուն կիները տունը թագուհիի պէս նստած են... իսկ ես կ՚աշխատիմ...»:

Մեկնաբանութիւնը ընթերցողին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2022