ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵՂԾԱՒՈՐՆԵՐԸ

Հրապարակի վրայ այնպէս ինչպէս այսօր գոյութիւն ունին կեղծ բարեգործներ, հաւատացեալներ, մարդասէր ու բազումողորմ անհատներ, անոնց չափ եւ աւելի գոյութիւն ունին կեղծ հայրենասէրներ, որոնք փուճ ու սին խօսքերով Փարիսեցիի մը ինքնավստահութեամբ իրենց մէջ գոյութիւն չունեցող հայրենասիրութիւնը թմբկահարել կը փորձեն:

Հայոց լեզուին, բարքերուն, գրականութեան ու հոգեկան ապրումներուն անգիտակ մարդիկ յանկարծ կը յայտնուին բեմին վրայ՝ եւ հայրենասիրութեան պատարագ մը սկիզբ կ՚առնէ՝ ճոխ ու փարթամ բառերով համեմուած, որուն օրուան Աւետարանական ընթերցումը սկիզբ կ՚առնէ Առաքեալին մեր հայրենասիրութեան համար գրի առած հետեւեալ խօսքով. «Որդեակք՝ մի՛ բանիւք եւ լեզուօք սիրեսցուք, այլ արդեամբք եւ ճշմարտութեամբ» (Ա. Յովհաննու, Գ. 18)։

Մեր մէջ երբեք ալ «արդեամբք» եւ «ճշմարտութեամբ» գոյութիւն չէ՛ ունեցած հայրենասիրութիւնը եւ երկար ժամանակ անոր ինչ ըլլալը տեսած ալ չենք. լոկ լսած ենք անոր աներեւոյթ գոյութեանը մասին, որուն թմբկահարները մեծամասնութեամբ անոնք են՝ որոնք առաջին իսկ հերթին պատրաստ են ուրանալ այն՝ որուն համար այսօր «հոգի տալ» կը փորձեն ձեւանալ:

Մեր կեղծ հայրենասիրութեան մերկացման ամօթանքը մենք ամենէն մեծ ձեւով ապրեցանք Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան ծնունդով. «Երկիր մ՚ունինք մենք Հայաստան, ինչու ապրինք օտարութեան» երգը իրենց կոկորդը պատռելու աստիճան երգողները յանկարծ հապճեպով այդ երգը անհետացնելու խուճապին մատնուեցան, որովհետեւ մինչեւ այդ ժամանակ ինչքա՜ն հաճոյակատար կը հնչէր «ինչու ապրինք օտարութեան» երեւութապէս «տխուր», սակայն իրենց համար նոյնքա՛ն բախտաւոր տողերը. սակայն այդ մէկը հաճոյք էր միա՛յն խօսքի սահմաններուն մէջ: Մինչեւ այդ ժամանակ գիտէ՞ք քանի՜ քանի հոգիներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի «զարգացած» փողոցներուն մէջ եւ այլուր կեղծ հայրենասիրութիւն մը կապկելով «Հայրենիքը ազատ ու անկախ ըլլար... վայրկեան մը իսկ այստեղ չեմ մնար» ըսած եւ իրենց սեփական սուտին հաւատացած էին... սակայն պատահած էր անսպասելին եւ իրենց այնքա՜ն ժամանակ ծեծած թմբուկը դարձած էր իրականութիւն. սակայն ո՞վ էր այդ մէկը կեանքի կոչողը:

Այդ օրուընէ ետք շոգիացաւ այդ երգը, որովհետեւ օտարութեան մէջ ճոխութիւնը տեսած կեղծ հայրենասէրը հակառակ իր «հայրենասիրութեան», յանձն պիտի չառնէր ապրիլ իր այնքա՜ն ներբողած՝ սակայն նոյնքան գարշած հայրենիքին մէջ:

Մինչեւ այն ժամանակ իրենք զիրենք հայրենասիրութեան մարմնացում նկատող կուսակցականներ նոյնիսկ հայ ժողովուրդի փրկութիւնը հայրենադարձութեան մէջ կը տեսնէին. անոնց համոզումով «Առանց հայրենիքի չկար ազգային կեանք» եւ անհրաժեշտ էր հայրենի հողին վրայ վերակազմութիւնը, սակայն հեռուէն թմբուկ զարնելը այդ մէկը իրագործելէն շա՜տ շատ աւելի գրաւիչ կը թուէր:

Նախքան անկախութիւն բազմաթի՜ւ հատորներ լեցնելու չափ կը խօսուէր հայրենադարձութեան, Հայաստանի եւ հողի սրբութեան մասին։ Օտարութեան մէջ ապրող կուսակցականներ կը ճառաբանէին Հայաստան վերադառնալու եւ հայրենի աշխարհը զարգացնելու անհրաժեշտ կարեւորութեան մասին, սակայն անկախութենէն ետք յանկարծ փուչիկի մը նման պայթած էր ամէն բան:

Նոյնն է նաեւ այսօր. նոյնիսկ մեր հայրենիքին անվտանգ օրերուն այդ կեղծ «հայրենասէր»ները նախընտրեցին իրենց հանգիստն ու հարստութիւնը վայելել ու նոր հարստութիւններ դիզել իրենց ունեցուածքին վրայ՝ շարունակելով ծեծել նոյն հայրենասիրութեան թմբուկը:

Այնքա՜ն պիտի ուզէի բռնութեամբ այսօր օտարութեան մէջ հայրենասիրութեան թմբուկը ծեծողները բռնի ուժով բերել Հայաստան եւ ստիպել կեանքի կոչել այն բոլորը՝ որ մինչեւ օրս միայն խօսքի սահմաններուն մէջ գոյութիւն ունեցած է: Ինչքա՜ն դիւրին ու հեգնական բան է Ամերիկայի կամ Եւրոպայի այս կամ այն հարուստ մէկ թաղամասին մէջ նստած «հայրենիք» փառաբանելը՝ առանց այդ մէկը կեանքի կոչելու: Գացէ՛ք եւ հարցուցէ՛ք այդ հայրենասէրներուն եւ հարցաքննեցէ՛ք պատճառը, թէ ինչո՞ւ կը շարունակեն մնալ իրենց «արքայական» հանգիստին մէջ եւ գործնապէս առանց հայրենիքին օգուտ մը ունենալու կը շարունակեն «հայրենասէր»ի ձախող դերը կատարել:

«Երկիրի վիճակը այնքան ալ ապահով չէ...». բայց չէ՞ որ հայրենասիրութիւնը ապահովէն աւելի անապահո՛վ վիճակին կարեւորութիւն ստացող յատկանիշ մըն է. չէ՞ որ հայրենասէրը ծնողքի զոհողութեամբ նոյնիսկ իր կեանքի գնով պէտք է պատրաստ ըլլայ պաշտպանելու հայրենասիրութիւնը:

Ինչքա՜ն պիտի ուզէի օտարութեան մէջ ապրողները իրենց ձեռքէն վար դնէին հայրենասիրութեան թմբուկը, որովհետեւ այնպէս ինչպէս Սուրբ Պատարագի տեղը Եկեղեցին է, նոյնպէս ալ հայրենասիրութեան ամենէն ճշմարիտ ու իրագործելի տեղը ուրիշ տեղ չէ՝ քան հայրենիքը:

Ամիս մը առաջ գրած էինք «Ամուրիին կնիկ ծեծելը դիւրին է» խորագրեալ յօդուած մը. օտարութեան մէջ ապրող մեր «հայրենասէր»ներուն մեծամասնութիւնը այդ ամուրիին կը նմանին. ինչքա՜ն նախընտրելի պիտի ըլլար նոր պատերազմի մը պարագային առաջնագիծ ղրկել այն հայրենասէրները, որոնք իրենց զաւակները բանակէն ազատելու, վտանգէ հեռու պահելու համար ամէ՛ն ջանք ի գործ կը դնեն, սակայն ուրիշներու նահատակութեան համար հայրենասիրական խօսքեր կը շարադրեն:

Նոյն հայրենասէրներուն հարցը կ՚ուղղենք երգի բառերով. «Երկիր ունիս դուն Հայաստան ինչո՞ւ կ՚ապրիս օտարութեան...»:

Պատասխանը կարծես յստակ է բոլորիս:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -164-

Տարի մը առաջ համացանցի վրայ մի քանի անձեր, ինքզինքնին պատռելով կը փորձէին մարդոց համոզել, որ Հայաստան ներկայ իշխանութեան օրօք իր փառքի օրերը կ՚ապրի:

Հետաքրքրական էր սակայն, որ այդ ներբողողները կը շարունակէին ապրիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ. օր մը երկա՜ր Նիկոլապաշտ քարոզախօսութիւն մը լսելէ ետք հետեւեալ պարզ հարցը տուի.- «Այդ պարագային ինչո՞ւ չես վերադառնար...»:

Արդէն այդտեղ վերջ կը գտնէ հայրենասիրութիւնը...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2023