ՀԵՇՏԱՄԱՀՈՒԹԻՒՆ

Հեշտամահութիւն. «euthanasie» կը նշանակէ մահը դիւրացնող կամ արագացնող բժշկական միջամտութիւն։

Ինչ ալ ըլլան անոր պատճառները կամ միջոցները՝ ուղղակի հեշտամահը կը կայանայ վերջ դնելու մէջ հաշմանդամ, հիւանդ կամ մահամերձ անձերուն կեանքին։

Հեշտամահը բարոյապէս անընդունելի՛ է։

Ուստի, արարք մը կամ զանցառութիւն մը՝ որ ըստ ինքեան կամ ըստ դիտաւորութեան մահուան կը դիմէ չարչարանքին կամ ցաւին վերջ տալու համար, կը գործէ սպանութիւն մը՝ որ ծանրօրէն հակառա՛կ է մարդկային անձին արժանապատուութեան եւ կենդանի Աստուծոյ՝ անոր Արարչին յարգանքին։

Դատումի սխալը՝ զոր մարդ կրնայ գործել բարի հաւատքով, չի փոխեր բնութիւնը այս մահագործ արարքին, որ միշտ ժխտելի եւ մերժելի՛ կը մնայ։

Սուղ, վտանգաւոր, արտակարգ կամ ակնկալուած արդիւնքներուն հետ անհամեմատ եղող բժշկական միջոցառումներուն դադրեցումը կրնայ ըլլալ օրինաւոր։ Ասիկա մերժումն է «բուժական յամառութեան»։

Այս ընելով ո՛չ թէ կ՚ուզեն մահուան դիմել, այլ կ՚ընդունին, թէ անկարող են զայն կասեցնել։ Որոշումը պէտք է առնուի հիւանդին կողմէ, եթէ ձեռնհաս եւ կարող է, եւ կամ անոնց կողմէ, որոնք սոյն օրինաւոր իրաւունքը կը վայելեն, յարգելով միշտ հիւանդին ողջամիտ կամքը եւ անոր օրինաւոր շահերը։

Հիւանդ անձի մը սովորաբար սահմանուած խնամքները օրինաւորապէս չեն կրնար ընդհատուիլ, նոյնիսկ եթէ մահը մօտալուտ համարուի։ Մահամերձին չարչարանքները թեթեւցնելու նպատակով մեղմացուցիչներու գործածութիւնը, նոյնիսկ եթէ վտանգ կայ կարճեցնելու անոր կեանքը, կրնայ բարոյապէս համապատասխան ըլլալ մարդկային արժանապատուութեան, եթէ մահը չէ ուզուած ո՛չ իբրեւ նպատակ, ո՛չ ալ իբրեւ միջոց, այլ միայն նախատեսուած եւ թոյլատրուած է իբրեւ անխուսափելի։

Սփոփեցուցիչ խնամքները նախընտրուած կերպ մըն են անշահախնդիր սիրոյ։ Այս տիտղոսով անոնք պարտին քաջալերուիլ։

Կամովին հեշտամահը, ի՛նչ ալ ըլլան անոր կերպերն ու պատճառները, կը հանդիսանայ սպանութիւն մը։ Ան ծանրօրէն հակառա՛կ է մարդկային անձին արժանապատուութեան եւ անոր Արարչին՝ կենդանի Աստուծոյ յարգանքին։

Անոնց որոնց կեանքը նուազած կամ տկարացած է, յատուկ յարգանք կը պահանջեն։ Հիւանդ կամ հաշմանդամ անձերուն պէ՛տք է նեցուկ կանգնիլ, որպէսզի որքան կարելի է բնականոն կեանք մը վարեն։

Ամէն մարդ Աստուծոյ առջեւ պատասխանատո՛ւ է իր կեանքին, զոր Ան տուած է իրեն։ Ան կը մնայ կեանքին գերակայ Տէրը։ Մենք պարտաւոր ենք զայն երախտագիտութեամբ ընդունիլ եւ պահպանել՝ Աստուծոյ պատիւին եւ մեր հոգիներուն փրկութեան համար։ Մենք տնտեսներն ենք եւ ո՛չ թէ տէրերը կեանքին, զոր Աստուած վստահած է մեզի։ Արդարեւ, կեանքը մենք չե՛նք տնօրիներ։

Ահաւասի՛կ, այս իմաստով անձնասպանութիւնը կը հակասէ մարդկային էակին բնական հակումին՝ պահպանելու եւ յաւերժացնելու իր կեանքը։ Ան ծանրօրէն հակառա՛կ է իր անձին արդար սիրոյն։ Ան կը վիրաւորէ նաեւ մերձաւորին սէրը, որովհետեւ անարդարօրէն կը փշրէ համընկերութեան կապերը ընտանեկան, ընկերային, ազգային եւ մարդկային ընկերութիւններուն հետ, որոնց հանդէպ մենք պարտական կը մնանք եւ պատասխանատո՛ւ ենք։ Անձնասպանութիւնը հակառա՛կ է կենդանի Աստուծոյ սիրոյն, ինչպէս նաեւ՝ հեշտամահութիւնը։

Եւ եթէ անձնասպանութիւնը գործուած է մանաւանդ երիտասարդներուն իբր օրինակ տալու նպատակով, ան նաեւ գայթակղութեան մը ծանր հանգամանքը կը ստանայ։

Անձնասպանութեան կամովին գործակցութիւնը եւ հեշտամահութիւնը դէ՛մ է բարոյական օրէնքին։

Հոգեխօսական ծանր վրդովումները, անձկութիւնը կամ փորձանքի, տառապանքի կամ ֆիզիքական տանջանքի ծանր վախը կրնան նուազեցնել անձնասպանին պատասխանատուութիւնը։

Պէտք չէ յուսահատիլ յաւիտենական փրկութեան մասին այն անձերուն, որոնք անձնասպան են եղած։

Աստուած կարող է ուղիներով, զորս միայն Ինք կը ճանչնայ, հայթայթել անոնց առիթը փրկարար զղջումի մը։ Եկեղեցին կ՚աղօթէ այն անձերուն համար, որոնք իրենց կեանքին դէմ մահափորձ ըրած են։

Հեշտամահը, անձնասպանութիւնը հակառա՛կ է Աստուծոյ ծրագրին եւ կամքին, ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատուութեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 8 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2023