ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔ

Մարդ, փոխելով իր մտածելակերպը, կրնա՞յ փոխել նաեւ իր հաւատքը։ Ուրիշ խօսքով՝ մտածելակերպը ո՞րքան կ՚ազդէ հաւատքին։ Նախ սա պէտք է ըսել, թէ «փոխուիլ» եւ կամ «փոխել» այնքան ալ հեշտ բան մը չէ. եթէ ոչ անկարելի, բայց դժուար է «փոխուիլ» եւ «փոխել»։ Եւ այս իմաստով մարդ «գերի՛»ն է իր սովորութիւններուն՝ չըսելու համար «իր կանխակալութիւն»ներուն եւ կամ իր «նախապաշարում»ներուն։ Այս իմաստով, խրթին է չափահաս անհատին մտածելակերպը փոխել։

Արդարեւ, Ա. Այնշթայնին կը վերագրուի այն խօսքը՝ թէ կարելի է փոքր լծակով մը տեղափոխել ամբողջ աշխարհը, բայց անկարելի՛ է փոխել նախապաշարումը որեւէ կերպով կամ միջոցով։

Այո՛, հոգեբանական տեսանկիւնէն դիտելով կարելի է ժամանակի ընթացքին անցեալի փորձառութեան մասին տհաճ, անբաղձալի զգացումները փոխել եւ կամ անոնց նկատմամբ դիրք փոխել։

Սակայն, սա փորձուած իրականութիւն մըն է՝ թէ «նկարին շրջանակը փոխելով նկարը չի՛ փոխուիր»։

Արտաքին փոփոխութիւնները չեն փոխեր էականը՝ ներքինը։ Ուստի պէտք չէ շփոթել երեւոյթը իսկականին հետ։ Արդարեւ, մարդուս համար կարեւորը՝ պէտք եղածը «մտային շրջանակ»ը, արտաքին կեանքը, տեսանելին փոխել չէ միայն, այլ պահանջքը՝ ներքին, հիմնական եւ արմատական փոփոխութիւն մըն է։ Ուստի կարեւորը եւ էականը՝ հոգեւոր փոփոխութիւնն է, որ է ներքնապէս փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Քրիստոսի Հոգի՛ն է, որ ներգործելով պիտի փոխէ մարդս։

Արդարեւ, Քրիստոսի Հոգին մարդուս մէջ ներգործելով իր սիրտը եւ հոգին կատարելապէս գրաւած կ՚ըլլայ, եւ ո՛չ մէկ կերպով այլեւս թոյլ կու տայ «Չար»ին՝ Սատանային մուտքը իր կեանքէն ներս։ Այն որ գրաւուած է Քրիստոսի Հոգիով, այլեւս անվտանգ է եւ զերծ՝ ամէն սատանայական հարուածներէ եւ միջամտութիւններէ։

Բայց հարցը սա է. մարդ իրապէս եւ անկեղծութեամբ գրաւուա՞ծ է Քրիստոսի Հոգիով, թէ երեւութապէս այդպէս կ՚երեւի…։

Քրիստոսի Հոգիով գրաւուիլ կը նշանակէ Քրիստոսի մուտքը՝ որ է «նոր կեանք», «նոր տեսութիւն», «նոր մտածելակերպ», «նոր ապրելակերպ» եւ «նոր ստեղծուած արարած» մը, նոր մտերիմ եւ անկեղծ հաղորդակցութիւն առ Աստուած տեւական եւ յարատեւ աղերսով։

Ահաւասիկ, ա՛յս է Աւետարանին խոստումը։

Քրիստոս մարդուս կու տայ «նոր միտք», «նոր մտածելակերպ», «նոր սիրտ» եւ «նոր հոգի»։ Եւ մարդ կրնայ Աստուծոյ հետ մտերմիկ եւ անկեղծ յարաբերութիւն ունենալ յարատեւ աղերսով։

Կը պատմուի, թէ վերջին ծայր փափկանկատ եւ հոգածու ամուսին մը իր տիկնոջ անակնկալօրէն երկու դեղին վարդի կոկոններ կը հրամցնէ զինք ուրախացնելու համար։

Տիկինը շնորհակալութեամբ եւ զգուշութեամբ, ուրախ տրամադրութեամբ օրօրուելով զանոնք կը տեղաւորէ ծաղկամանին մէջ, հիւրանոցի սեղանին վրայ եւ յաճախ կը դիտէ զանոնք, յիշելով իր ամուսինին փափկանկատութիւնը, բարեացակամութիւնը եւ սէ՛րը իրեն հանդէպ։

Յաջորդ օրն իսկ այս կոկոններէն մին կը սկսի ծաղկիլ, իսկ միւսը՝ տակաւին ո՛չ…։

Քանի մը օր ետք առաջին կոկոնը կը սկսի լման եւ փառաւորապէս իր ամբողջութեամբ ծաղկիլ եւ իր անոյշ բոյրը սփռել սենեակին մէջ. իսկ միւսը տակաւին ինք իր մէջ փաթթուած պինդ կը մնայ գոց։

Յաջորդ շաբաթը առաջին կոկոնին թերթերը կը սկսին թոռմիլ եւ մէկիկ մէկիկ թափիլ. իսկ միւս կոկոնն ալ կը սկսի թօշնիլ եւ կը մնայ պինդ, ծալլուած ինք իր մէջ գոց։

Գոց կոկոնը իր մէջ ծալլուած կը պահէ ամէն կարելիութիւն ծաղկելու եւ բոյր տալու ուրիշները հրապուրելու համար, սակայն «պրկուած գունդ» մը դառնալով կը չորնայ եւ կը մեռնի այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ապրի։

Ահաւասիկ, ա՛յսպէս են կարգ մը մարդիկ, ոմանք կը ծաղկին իրենց կարողութեան վերջին սահմանին, իսկ կան մարդիկ, որոնք իրենց տրուած շնորհները, տաղանդները՝ «ոսկի առիթ»ները կը թաղեն. ուստի կը թօշնին եւ կը մեռնին աղքատ ու չքաւո՛ր։

Կան մարդիկ ալ որ թիւրակնութեամբ, այսինքն՝ ծուռ աչքով, շլութեամբ, թիւրակն կը նային ճշմարտութեան եւ ճշմարտութիւնը ծուռ ու թիւր կը տեսնեն, բայց ճշմարտութիւնը միշտ նո՛յնն է՝ թիւրակն նայուածքներ չե՛ն փոխեր անոր իսկութիւնը եւ «ճշմարտութի՛ւն»ը։ Որովհետեւ ճշմարտութիւնը ո՛չ թէ ենթակայական, այլ առարկայական, անփոփոխ, անայլայլելի արժէ՛ք մըն է եւ միշտ այդպէս կը մնայ։

Արդարեւ, Աստուծոյ հետ մտերիմ եւ անկեղծ յարաբերութիւն եւ յարատեւ աղերս ունեցող քրիստոնեան կը ծաղկի, կ՚աճի, կը բողբոջի։ Անիկա ջուրի ճամբաներու վրայ տնկուած ծառի պէս է՝ ժամանակին իր պտուղը կու տայ եւ ինչ բան որ ընէ, կը յաջողի, կ՚արդիւնաւորուի։

Մինչդեռ այսպէս չեն՝ ինքնակեդրոն, ինք իր անձին վրայ փաթթուած Աստուծոյ հանդէպ գոց բռունցք վերցնողներ։

Եւ անոնք ճշմարտութիւնը թիւրակն տեսնողներ են, անոնք կը նմանին մժեղներու, որոնք հովի ամենափոքր հարուածով մը անմիջապէս կը ցրուին։

Բայց Տէրը կը ճանչնայ զԻնք ճանչցողները։

Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան։

Տէրը գիտէ թիւրակն նայողները եւ շիտակ նայողները որոնք են։ Ան գիտէ, որ զԻնք թիւրակն տեսնողները հեռո՜ւ են ճշմարտութեան բարիքէն։

Ուստի, պէտք չէ՛ Աստուծոյ մօտենալ զանազան հաշիւներով, ծուռ նպատակներով, այլ իրեն իբր շնորհ, իբր պարգեւ տրուած տաղանդներն ու շնորհները պէտք է գործածել միշտ հոգեւոր բարգաւաճման համար։

Եւ ժամանակը չէ՞ միթէ հին կարկտանը վրայէն հանելով «նոր»ը հագնելու եւ «հին մարդ»ը մէջէն հանելով «նոր մա՛րդ» ըլլալու…։

Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ստանալով, Անոր փնտռած «նոր արարած»ը ըլլալու ժամանա՛կն է։

Վերցնենք մեր կուրծքէն հին կարկտանը, որպէսզի «նոր»ին տեղ բացուի, քանի փրկութիւնը նոր կարկտանին մէջն է. ո՛չ թէ «հին»ին, քանի նոր կարկտանը իր հետ կը բերէ Աստուածային Սուրբ Հոգին, որ բոլորս կը բուժէ ամէն տեսակի հիւանդութենէն։

«Նոր մարդ» ըլլալու ժամանա՛կն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 6, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2020