ՎԱՍՏԱԿԻ ԱՐԴԱՐ ՎԱՐՁՔԸ

Աշխարհահռչակ գծագրիչ Pablo Picasso (1881-1973), որուն իսկական անունն է՝ Pablo Diego José Francisco de Paula Juan Nepomuceno Maria de los Remedios Cipriano de la Santisima Trinidad Ruiz y Picasso, օր մը ճաշարան մը կ՚երթայ, կ՚ապսպրէ իր ճաշը, եւ ճիշդ այդ պահուն սպասեակը կը ճանչնայ զինք եւ կը յայտնէ իր հիացումը եւ համակրանքը նշանաւոր գծագրիչին։ Եւ յետոյ իրմէ կը խնդրէ, որ իր տղուն համար փոքր գծագրութիւն մը գծագրէ եւ որպէս յիշատակ տայ։ Picasso սիրով կ՚ընդունի սպասեակին խնդրանքը եւ թուղթ եւ գրիչ կ՚ուզէ։ Սպասեակը անմիջապէս թուղթ եւ գրիչ կը բերէ եւ Picasso հինգ վայրկեանի մէջ կ՚իրականացնէ սպասեակին խնդրանքը։ Երբ կը վերջանայ գծագրութիւնը, գծագրուած թուղթը կ՚երկարէ սպասեակին եւ կ՚ըսէ. «Ձեր պարտքը 50 տոլար է…»։ Սպասեակը զարմացած եւ շուարած կը պատասխանէ. «Հինգ վայրկեանի համար յիսուն տոլա՞ր. միայն հինգ վայրկեանի համար, հինգ վայրկեանի աշխատանքի մը համար յիսուն տոլար կ՚արժէ՞»։ Picasso կ՚ըսէ. «Հինգ վայրկեանի համար չէ՛, այլ յիսուն տարի առաւել հինգ վայրկեանի համար»։

Մարդիկ, ընդհանրապէս նիւթական արժէքները գնահատելու հետամուտ են եւ մտային աշխատանքներ, եւ ընդհանրապէս աշխատանքը գնահատելու մէջ կը թերանան։ Զոր օրինակ, երբ բժիշկ մը հիւանդը քննէ եւ իր քննութեան հետեւանքով ախտաճանաչում ընէ եւ հիւանդը դարմանէ, անշուշտ թէ իր այդ «աշխատանք»ին փոխարէն այցեգին մը կը ստանայ եւ այդ այցեգինը իր արդար իրաւունքն է։ Բայց պատահած է, որ ոմանք ըսեն. «Ի՞նչ ըրաւ որ, վերջապէս հինգ-տասը վայրկեան քննեց, այնքան…»։ Մի զարմանաք, սիրելի՜ներ, եղած է որ այդպէս մտածեն ոմանք եւ ստորագնահատեն բժիշկին վաստակը։ Բայց այդպիսիներ, զոր օրինակ, քարի կտորի մը սիրով եւ ամենայն յօժարութեամբ հազարնե՜ր կը վճարեն անվարան, առանց տատամսելու։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ նման երեւոյթներու եւ իրադարձութիւններու իրականութիւնը։

Եւ դարձեալ, իրաւաբան-փաստաբան մը երբ կարճ բայց տեղին աղերսագիր մը գրելով կը լուծէ եւ կը կարգադրէ բարդ եւ խրթին, կնճռոտ հարց մը, անշուշտ որ իրաւունք կը ստանայ իր արդար վարձքին՝ իր մտային աշխատութեան եւ հմտութեան փոխարէն։

Այս պարագային ալ եղած են շատեր՝ որ ըսած են. «Ի՞նչ ըրաւ որ, երկու տող գիր գրեց, այդքան… երկու տողի համար դրամ կ՚ուզուի՞…»։

Նոյնը կը պատահի բոլոր անոնց՝ որ մտային պաշարի արդիւնք աշխատութիւն մը ցոյց կու տան եւ «արժէք» մը կը ներկայացնեն անոնց՝ որոնք պահանջքը ունին այդ բարոյական օժանդակութեան, ըսենք, ծառայութեա՛ն։

Բժիշկ, իրաւաբան եւ նման մտային աշխատութեամբ ծառայութիւն մատուցանողներ, արդեօք այդ հինգ-տասը վայրկեանի հիւանդի մը քննութեանը համար եւ կամ ախտաճանաչում մը կատարելու համար քանի՜ տասնեակ տարիները զոհած, աշխատանքով անցուցած է բժիշկը։ Եւ կամ երկու տող աղերսագիր գրելու համար իրաւաբան մը իր քանի՜ տարիները տուած է։ Միթէ այդ հինգ-տասը վայրկեանը կամ երկու տողը այդ երկա՜ր տարիներուն հետեւանքը եւ արդիւնքը չե՞ն։ Բայց մարդ էակը միշտ իր տեսածին եւ կամ շօշափածին, նիւթականին կարեւորութիւն կու տայ, անոր համար էականը ներկա՛ն է եւ անցեալը երբեք չի հետաքրքրեր զինք։

Մինչդեռ ամէն աշխատանք նուիրական է, ամէն աշխատանք գնահատութեան արժանի է, քանի որ մարդկութեան ընծայուած ծառայութիւն մըն է, եւ պէտք է վարձատրուի՛։

Արդար աշխատավարձքը՝ ռոճիկը օրինաւոր պտուղն է աշխատանքին։ Բայց պէտք է մասնաւորապէս ուշադրութիւն ընել աշխատանքին կամ վաստակին եւ աշխատավարձքին համապատասխան ըլլալուն։

Ուստի վարձքը պէտք է նոյնպէս համապատասխան ըլլայ վաստակին, այսինքն աշխատանքին, եւ այն ատեն աշխատավարձքը արդա՛ր կարելի է անուանել։ Ռոճիկը մերժել եւ կամ վճարելէ խուսափիլ, վճարումի մէջ թերանալ եւ նոյնիսկ յապաղեցնել, ուշացնել կամ ձգձգել ծանր անարդարութեան պատճառ կրնայ ըլլալ։

Արդարօրէն վարձահատոյց ըլլալու համար, հարկ է միանգամայն նկատի առնել իւրաքանչիւրին կարիքները եւ բերած նը-պաստները։

Աշխատավարձքը արդար իրաւո՛ւնքն է աշխատողին. «Քանի աշխատողը արժանի է իր օրապահիկին» (ՄԱՏԹ. Ժ 10)։ Վարձքը, նկատի առնելէ ետք իւրաքանչիւրին պաշտօնները, կատարած ծառայութիւնները, օգտակարութիւնները եւ արտադրականութիւնը, ապա նաեւ ձեռնարկին նիւթական կացութիւնը եւ հասարակաց բարիքին ընդհանուր վիճակը, պարտի ապահովել մարդուն եւ իրեններուն արժանավայել կեանքի մը նիւթական, ընկերային, մշակութային, մտաւոր եւ հոգեւոր մարզին անհրաժեշտ հասոյթները։ Վաստակը եւ վարձքը համապատասխան, գոհացուցիչ ըլլալու է. ո՛չ նուազ եւ ո՛չ աւելի, ո՛չ չափազանց եւ ո՛չ գձուձ եւ չնչին հաշիւներով խնայողական։

Աշխատողին եւ վարձահատոյցին համաձայնութիւնը բաւարար չէ բարոյապէս արդարացնելու ռոճիկին՝ վարձքին գումարը։

Աշխատանքին, վաստակին մուտքը պէտք է մատչելի ըլլայ ամէնուն՝ առանց անարդար խտրականութեան՝ ըլլան այր-մարդ թէ կին-մարդ, ըլլան քաջառողջ կամ հաշմանդամ։

Պարագաներու համեմատ՝ ընկերութիւնն ալ պարտի իր կարգին օգնել աշխատանք կամ պաշտօն հայթայթելու համար անոնց՝ որոնք տրամադիր են աշխատելու։

Արդարեւ, աշխատանքը պա՛րտք մըն է մարդուն համար եւ նաեւ պարտք եւ պատասխանատուութիւն կը վերաբերի ամէն անոնց որ կը նպաստուին այդ աշխատանքէն, հաւատարիմ եւ ճշդապահ գտնուելու վարձքը վճարելու նկատմամբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 26, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2019