ՍԻՐՈՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ

Յաճախ կը խօսինք սիրոյ մասին, եւ հաւանաբար դեռ շատ ժամանակ պահանջքը պիտի զգանք սիրոյ մասին խօսելու, քանի որ ան կը պակսի հետզհետէ մեր կեանքէն, հակառակ որ ան ամենէն էական եւ կենսական տարրն է կեանքին։

Եւ եթէ կ՚ուզենք, որ Աստուած մեզի հետ ըլլայ, հովանաւորէ մեզ, ապա ուրեմն պէտք է զօրացնենք, արմատացնենք սիրոյ զգացումը մեր մէջ, քանի որ Աստուած Ի՛նք սէր է…

Ինչո՞ւ, հասկնալ կարելի չէ, չեմ գիտեր, մարդիկ սէրէ աւելի ատելութիւնը կը նախընտրեն եւ սիրոյ քօղին տակ զիրար կ՚ատեն։ Միթէ ատելութիւնը աւելի քաղցր եւ հե՞շտ է քան սէրը։ Միթէ աւելի դիւրի՞ն է ատելը քան սիրելը։

Սիրոյ ծառայութեան ոգին պէտք է աւելցնենք մեր մէջ։

Աշխարհ տագնապալի օրերու մէջ է, ո՛չ միայն մեր օրերուն յատուկ, այլ ամբողջ պատմութեան մէջ, զանազան պատճառներով, որոնք մարդ ի՛նք կը պատրաստէ եւ հաւանական է, որ այդ տարածուի նաեւ ապագայի մէջ տարբեր երեւոյթներով։ Եւ ամէն հաւաքականութիւն, հաստատութիւն եւ կազմակերութիւն կը ջանայ ճար մը գտնել այդ քանդիչ երեւոյթին։ Ամէն յարանուանութիւն, իր կարողութեան եւ տարողութեան համեմատ կ՚ուզէ հոգալ նեղութեան մէջ եղող չքաւորները, խնամել կարօտեալները։ Կը յաջողի՞ն։ Ապագային թերեւս…

Եւ եթէ անբաւարար է ներկայ ջանքերը եւ աշխատանքը այս մասին, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ո՞վ պիտի շարժի, եւ ո՞վ պիտի մտահոգուի գրեթէ աշխարհէն զատուած, անջատուած կարօտեալներու, չքաւորներու պահանջներու մասին։ Երբ ոմանք թշուառութեան պատճառով կը ստիպուին իրենց խղճին դէմ գործել, հեռանալ իրենց հաւատալիքներէն, սկզբունքներէն եւ «կը կորսուին», ապա ուրեմն ո՞վ պիտի գտնէ եւ վերադարձնէ անոնք իրենց «հայրենի տուն»ը։

Թէպէտ Աստուած կը թելադրէ յօժար ըլլալ եւ յանձն առնել ամէն տեսակ նեղութիւն հաւատքի ճամբուն մէջ, բայց պէտք չէ մոռնալ եւ անտեսել սա իրականութիւնը, թէ մարդ արարածը, իր բնութեամբ տկար, թերութիւններ ունեցող անկատար էակ մըն է, եւ կարելի չէ աւելին սպասեն մէկէ մը այն, ինչ որ վեր է իր տարողութենէն։

Պօղոս առաքեալ այս ուղղութեամբ եբրայեցիներու գրուած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ.

«Արդ, յիշեցէ՛ք այն առաջին օրերը, երբ դեռ նոր լուսաւորուած՝ բազմաթիւ ծանր չարչարաքներու տոկացիք։ Մերթ նախատինքի եւ հալածանքներու առարկայ եղաք հրապարակաւ, մերթ այդ նախատինքն ու հալածանքները կրողներուն կողքին կեցաք։ Բանտարկեալներուն չարչարակից եղաք, եւ ձեր ստացուածքներուն յափշտակուիլը ուրախութեամբ ընդունեցիք, գիտնալով որ երկինքի մէջ աւելի լաւ ստացուածքներ ունիք, որոնք մնայուն են։ Հետեւաբար մի՛ կորսնցնէք ձեր վստահութիւնը, որովհետեւ անիկա մեծապէս պիտի վարձատրէ ձեզ։ Պէտք է համբերել գիտնաք, որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարելով՝ իր խոստումին տիրանաք։

«Որովհետեւ.- Շատ, շատ քիչ ատենէն՝ ան որ գալիք է՝ պիտի գայ, առանց ուշանալու։ Այն ատեն,- կ՚ըսէ Տէրը.- Ինծի վստահած արդար մարդը իր հաւատքով պիտի փրկուի. բայց ինձմէ երես դարձնողը նկատի պիտի չառնեմ։

«Մենք, սակայն, Աստուծմէ երես դարձնողներէն չենք, որոնք կորուստի սահմանուած են, այլ հաւատքը կը պահենք՝ մեր հոգին փրկելու համար». (ԵԲՐ. Ժ 32-39)։ Եւ դարձեալ Պօղոս առաքեալ կը շարունակէ. «Քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձութեանց մատնուեցան, սուրով սպաննուեցան, ոչխարի կամ այծի մորթով ծածկուած շրջեցան՝ զրկանք, հալածանք եւ չարչարանք կրելով, թափառական ապրելով անապատներու մէջ կամ լեռներու վրայ, քարայրներու կամ խոռոչներու մէջ։ Արդարեւ աշխարհը արժանի չէր այդ մարդոց». (ԵԲՐ. ԺԱ 37-38)։

Ուստի առաքելական Եկեղեցին ի մտի ունենալով՝ անկեղծ սիրով, ծառայասիրական հոգիով ջանանք իրարու օգնել, իրարու աջակցիլ, ո՛չ անպայման նիւթականով, հապա մեր բարոյական եւ ծառայասիրական պարտականութիւնները կատարելով։ Չէ՞ որ մարդ իր ստեղծագործութեան առարկայ դառնալէ իսկ կոչուած է իրերօգնութեան։ Մարդուս առաջին պարտականութիւնն է սիրել իր Արարիչը՝ Աստուած եւ յետոյ սիրել իր նմանը՝ իր անձին պէս։ Մարդ պէտք է զգայ իր կոչումին պատասխանատուութիւնը, եւ գիտակցի իր էութեան պատճառին։ Մարդ իրարմով է որ կրնայ պահել իր գոյութիւնը եւ գոյատեւել այս աշխարհի վրայ։ Մարդ երբեք ինքնաբաւ չէ, եւ պիտի չըլլայ…

Եւ անշուշտ այդ ճշմարտութիւնը պէտք է գործի վերածել. ո՛չ միայն սիրոյ մասին խորհիլ, խորհրդածել, այլ եւ մա՛նաւանդ սիրե՛լ։ Եւ սէրը «մարմնացնե՛լ»։ «Երուսաղէմի մէջ ամէն մարդ վախով լեցուած էր, որովհետեւ առաքեալներուն ձեռքով բազմաթիւ հրաշքներ ու նշաններ կը կատարուէին։ Իսկ հաւատացեալները բոլորը միասին էին միշտ, եւ ինչ որ ունէին՝ իրենց միջեւ հասարակաց էր։ Կալուածներն ու ինչքերը կը ծախէին եւ եկամուտը կը բաշխէին բոլորին, նայած թէ ո՛վ ինչ բանի պէտք ունէր։ Կանոնաւոր կերպով ամէն օր միասնաբար տաճար կ՚երթային, իսկ իրենց տուներէն ներս կը կատարէին հացի բեկումը, որմէ ետք ուրախութեամբ ու մաքուր սրտով իրենց կերակուրը կ՚ուտէին եւ զԱստուած կ՚օրհնէին։ Իրենց այս կենցաղով անոնք ամբողջ ժողովուրդին համակրանքը շահած էին։ Իսկ Տէրը օրէ օր եկեղեցիին մէջ փրկուածներուն թիւը կ՚աւելցնէր». (ԳՈՐԾՔ. Բ 43-47)։

Իրերօգնութեան այս պատուէրը եւ գործը Սուրբ Հոգիէն մարդուս տրուած առանձնաշնորհում մը եւ պարտականութիւն մըն է։ Ուստի հաւատարիմ ըլլանք մեր կոչումին եւ օգնենք, աջակցինք անոնց՝ որոնք նեղութեան մէջ են եւ կը կարօտին օգնութեան, եւ ասիկա կատարենք ո՛չ թէ պարտադրաբար, այլ ամենայն յօժարութեամբ, ուրախութեամբ եւ խղճմտութեամբ։

Արդարեւ, ակամայ կատարուած օգնութիւն մը օգնութիւն չէ՛, այլ՝ նախատինք…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 29 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2022