ԱԿՆԱՐԿ - 149 - ԲԱՐԻ ԵԿԱՐ…

1 յունուար 2026:

Նոր տարուան առաջին օրն է:

Տարի մը եւս եկաւ աւելնալու մարդկութեան դարաւոր ընթացքին վրայ:

Ամէն կողմ տօնական մթնոլորտ է, ուրախութիւն, ցնծութիւն, նուէրներ, շնորհաւորանքներ, բարեմաղթանքներ:

Մինչ ոմանք ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իրենց ձեռքին, կամ հեռախօսի ու համակարգիչի ընդմէջէն կը թերթատեն զայն, անդին, շատեր երէկ գիշերուան զեխութեան ու սանձարձակութեան առ ի հետեւեանք, հեւոցով իրենց անկողիններուն մէջ «մուշ-մուշ» կը քնանան: Ուրիշներ, երէկուան ծանր աշխատանքային օրէն ետք՝ հազիւ տուն մտած, իրենց հարազատներուն հետ հաւաքուած կը շնորհաւորեն զանոնք ու բարեմաղթութիւններ կը յղեն՝ քիչ մը ուշացած…: Ուրիշներ ալ, կը շտապեն իրենց աշխատանքին՝ որպէսզի կարենան իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն գոյութիւնը պահպանեն:

Այս բոլորը կու գան փաստելու, թէ կեանքը կը շարունակուի, կեանքը չէ կանգնած, այլ պարզապէս, օրացոյցին մէջ թիւերու փոփոխութիւն մը եղած, 5-ը դառնալով 6, եւ մարդը իր բնական առօրեան կը շարունակէ:

Մօտիկ անցեալին Նոր տարուան այս ժամանակամիջոցը տարբեր համ ու տարբեր քաղցրութիւն մը ունէր, բայց հիմա, երբ ամէն օր ականատես կը դառնանք խժդժութիւններու, ականատես կը դառնանք պատերազմներու եւ աւերներու, կ՚ապրինք տնտեսական, բարոյական, մտային ու հոգեւոր ծանր պայմաններու մէջ, առաջուան նման չե՛նք կրնար ըմբոշխնել Նոր տարուան այս մի քանի օրերուն տուած քաղցրութիւնն ու դրական լիցքերը:

Այսօրուան կեանքը կը ստիպէ մարդուն աւելի իրապաշտ եւ աւելի խոհեմ կեցուածք ու մօտեցում ունենայ իր կեանքին նկատմամբ: Այսօրուան մարդը, կը կարծեմ, շատո՜նց դադրած է մարդկային իսկական արժէնքներ ունենալէ եւ վերածուած է սովորական մահկանացուի մը, որ իր օրը կը փորձէ ապրիլ, առանց մտածելու գալիքի մասին, առանց մտածելու իր կոչումի մասին, առանց մտածելու որպէս մարդ իր առաքելութեան մասին: 

Մինչ մեր սեղանները լեցուն են համադամ եւ բազմազան ուտելիքներով, անդին՝ մեր տուներէն մի քանի տուն այն կողմ, կան մարդիկ, որոնք մէկ կտոր հացի կարօտ են: Մինչ մենք մեր երեխաներուն ճոխ նուէրներով օժտած են, անդին՝ մեր մօտակայքին մէջ, կան երեխաներ, որոնք ձմրան այս ցուրտ եղանակին իրենց ոտքերուն կօշիկ իսկ չունին: Մինչ մենք տօնական օրերը մեր ապրած երկիրներուն կամ այլ երկիրներու հանգստեան գօտիներուն եւ հիւրանոցներուն մէջ կ՚անցընենք, անդին՝ մեր դրացիներէն ոմանք հիւանդանոց երթալու դրամ չունին՝ իրենց առողջութիւնը վերագտնելու եւ մարդկային տարրական պայմաններով կարենալ ապրելու համար:

Այս ինչ որ կը թուարկեմ ըսել չէ, որ այդ բոլորէն մարդ ինքզինք պէտք է զրկէ, ձեռքերը ծալէ ու տունը նստի, ո՛չ, ըսել ուզածս այդ չէ, այլ՝ մեր ուրախութիւններուն ու տօնական մթնոլորտին մէջ պէտք չէ մոռնանք ու անտեսենք մեր դրացին, կամ ընդհանրապէս ոեւէ կարօտեալ, որ կարիք ունի ուշադրութեան, կարօտ է խնամքի ու մխիթարանքի: Մենք պէտք է սորվինք եւ սորվեցնենք մեր զաւակներուն, որ կեանքը ապրելու համար պէտք է ապրինք իրարու համար եւ ո՛չ միայն մենք մեզի համար: Պէտք է ուրախակից եւ ցաւակից ըլլանք մեր նմաններուն հետ: Մէկ խօսքով, մեզմէ իւրաքանչիւրը այս տօնական օրերուն պարտաւոր ենք նաեւ մտածելու այն մարդոց մասին, որոնք կեանքի ինչ-ինչ պայմաններու հետեւանքով զրկուած են տօնական մթնոլորտէն, ուրախանալէն, իրենց զաւակները ուրախացնելէն:

Երբ մեր նմաններուն մասին մտածենք եւ անոնց ուրախութեան եւ տխրութեան բաժնեկից ըլլանք, փորձենք մեր կարելիութեան սահմաններուն չափ օգտակար դառնալ եւ օգնել անոնց, այս արարքը քրիստոնէական իր ընկալումով ծառայութիւն անունը ունի: Երբ այդպէս վարուինք, խորքին մէջ ծառայութիւն մըն է, որ կը մատուցենք մեր նմանին: Ծառայութիւնը մարդկային հասկացողութեամբ նուաստացում է, իսկ հոգեւոր ըմբռնումով մեծութիւն ու պատիւ, որովհետեւ ծառայութեան մէջ կը կայանայ իսկական մեծութիւնը:

Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանը այս մասին կը գրէ.

«Ծառայութեան զգացումէն կախում ունի մարդուն բարոյական արժանիքին ամբողջացումը:

Այդ զգացումը ծնունդ կու տայ կարգ մը գործերու, որոնք էապէս փոքրիկ զոհողութիւններ կամ երկրորդական պարտականութիւններ են թերեւս, եւ սակայն մեծ կարեւորութիւն ունին անոնք բարձրագոյն առաքինութիւնները իրենց բուն վախճանին ծառայեցնելու համար. կարելի է հոս մատնանիշ ընել անոնցմէ մի քանին. զոր օրինակ, բարեացակամութիւնը, բարքի քաղցրութիւնը, նկարագրի պարզութիւնը, բերկրթութիւնը, խոհեմութիւնը, լրջամտութիւնը, լայնախոհութիւնը, եւ այլն: Ի՞նչ կ՚արժէ ինքնին բաժակ մը ջուրը, որ իսկապէս բան մը չի պակսեցներ քու հարստութենէդ, եւ սակայն ի՞նչ բերկրանք կը ծնի անիկա ընդունողին սրտին մէջ, երբ կը մատուցուի աննկատ զգացմամբ. Աւետարանը երկնքի արքայութեան, այսինքն խղճի խաղաղութեան ամբողջ վարձքը կը կշռէ անոր համար: Ի՞նչ կ՚արժէ սիրալիր նայուածք մը ինքնին, որ ո՛չ խօսքի ճիգը եւ ո՛չ երկար ջանքերու տաժանքը կը պատճառէ քեզի. եւ սակայն ի՜նչ կազդուրող քաղցրութիւն մը կը հոսի անիկա տարակոյսի եւ տրտմութեան ներքեւ ընկճուած սրտին խորը, երբ կրնաս հոգիիդ ժպիտը դնել անոր մէջ: Յաճախ կարեւորութիւն չենք տար անվերապահ վարմունքի մը պարզութեան, բայց դիմացինիդ վստահութիւնը ամրապնդելու համար անիկա ստէպ աւելի նպատակայարմար կ՚ըլլայ քան ամբողջ պերճախօսութիւնը մը: Սիրտերուն տիրելու գաղտնիքը աւելի անարուեստ պարզութեան մէջ է քան հանրիմաց ձեւակերպութիւններու մէջ: Ֆիզիքական աշխարհին մէջ, ուժը շատ անգամ անհունապէս փոքրիկներուն քան թէ մեծերուն մէջ կը ծածկուի. մանրէի մը թոյնը աւելի վտանգաւոր է քան թէ կատղած գազանի մը ժահրը. երկամեայ մանկան ուղեղին մէջ աւելի իմացականութեան նիւթ կան քան թէ փիղի մը վիթխարի գլուխին մէջ: Այսպէս նաեւ բարոյական աշխարհին մէջ. պզտիկ սէրերը՝ աննշան համարուած համակրութիւնները պարագաներ կան, որ մեծ եւ հանդիսաւոր անձնուիրութիւններէն աւելի հրաշք կը գործեն, ու փոքրիկ ծառայութիւնները երբեմն աւելի փրկարար կ՚ըլլան քան ամենէն փառաբանուած առաքինութիւնները»:

Նոր տարուան այս առաջին օրը եկէք որոշում կայացնենք, որպէսզի մեր հայեացքն ու մօտեցումը փոխենք ծառայութեան նկատմամբ, քրիստոնէական ընկալումով մօտենանք եւ փորձենք այս նոր բացուող տարիին՝ բարի եկար ըսելու կողքին, նպատակ ունենանք այս տարին ծառայութեան տարիի վերածենք մեզի համար, վստահ ըլլալով, որ մեր մէջ շատ բան պիտի փոխուի եւ կեանքին պիտի սկսինք նայիլ ամբողջութեամբ նոր հայեացքով, նոր մօտեցումով պիտի մօտենանք կեանքին ու արժեւորենք զայն:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

30 Դեկտեմբեր 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026