ԱԿՆԱՐԿ - 143 - ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՍՊԻՆԵՐՈՎ ԸՆԹԱՑՈՂԸ

27 մարտ 2010-ի թերթիս երրորդ էջին վրայ «Դարադարձի հերոսը» վերանգիրին տակ կը կարդանք Նատիա Գօչունեանի մասին, ուր մանրամասնութեամբ ներկայացուած է անոր կենսագրութիւնն ու անցած ուղին: 

Այս յօդուածիս վերնագիրը ընտրեցի՝ «Ժամանակի սպիներով ընթացողը», նկատի ունենալով կրկնակի ժամանակները, այսինքն՝ թէ՛ ժամանակը՝ բառին անմիջական հասկացողութեամբ եւ թէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը: Վերնագիր մը, որ կրնամ ըսել տրամաբանական շարունակութիւնն է, աւելի ճիշդ մարմանաւորումն է «Դարադարձի հերոս»ին քսանեւհինգ տարիներ ետք: 

Ի՞նչ կը նշանակէ հերոս:

Բառարանները հետեւեալ բացատրութիւնները կու տան այդ բառին: Այսպէս.

Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի բառարանը. Դիւցազն, կտրիճ։

Յարութիւն Թ. Գայայեանի բառարանը. դիւցազն:

Գնէլ Արքեպիսկոպոս Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեաններու բառարանը. 1. անուն՝ որով Հին Յունաստանի մէջ կը կոչուէին երեւելի մարդիկ՝ որոնց կը վերագրուէր աստուածային ծագում: 2. դիւցազ[ու]ն, քաջ, խիզախ, արի, կտրիճ: 3. գլխաւոր դէմքը՝ անձնաւորութիւնը վէպի՝ պատմուածքի՝ ողբերգութեան՝ երկի մը: Օրուան հերոս՝ ա՛յն անձը՝ որ իր նշանաւոր գործերով (լաւ կամ վատ) կամ աչքի ինկող իր յատկութեամբ կը գրաւէ ընդհանուր ուշադրութիւն:

Էդուարդ Բագրատի Աղայեանի բառարանը. 1. Սխրանքներ՝ սխրագործութիւններ կատարող մարդ: 2. Որեւէ բանով աչքի ինկած՝ անուն հանած մարդ: 3. Փխբ. Ոեւէ մէկուն երկրպագութեան՝ հիացմունքին՝ ընդօրինակութեան առարկան դարձած մարդ: 4. Փխր. Իր դարաշրջանի՝ միջավայրի բնորոշող գիծերը մարմնացնող մարդ: Եւ այլն:

Պետրոս Վրդ. Ճիզմէճեանի բառարանը. դիւցազն, շատ քաջագործ մարդ:

Արդարեւ, Նատիա Գօչունեանը արդարացիօրէն կոչուած է դարադարձի հերոսը, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ ժամանակի սպիները կրելով յամառօրէն կը շարունակէ իր ընթացքը, հաւատալով իր առաքելութեան, կատարեալ գիտակցութիւն ունենալով իր իւրայատուկ դերակատարութեան, ազնուօրէն տանելով իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը:

Նատիա Գօչունեանը սովորական հերոս մը չէ, այլ՝ եզակի հերոս մը: Եզակի այն առումով, որ հակառակ մերօրեայ «հերոս»ներու կամ հերոսանալու ախտով տառապողներու թիւի շատութեան, Նատիա Գօչունեանը պարզութեան, ազնուութեան եւ գորովագթութեան տիպար մըն է: 

Ան ՀԵՐՈՍ մըն է, դիւցազն, քաջ, խիզախ, արի, կտրիճ, սխրագործող, որ ընկրկիլ չի՛ գիտեր: Հակառակ յառաջացած տարիքին, առաւօտ կանուխ խմբագրատան դռները բացողը եւ իր համակարգիչին ետին առաջին անցնողն է՝ լուռ ու մունջ իր գործը կատարելով: Յատկութիւն մը, որ վերապահուած է մի՛ միայն ճշմարիտ հերոսներուն: 

Նատիան ՀԵՐՈՍ մըն է, որովհետեւ իր դարաշրջանն ու միջավայրը մարմնացնող տիպար մըն է: Տիպար մը, որ հակառակ պարագաներուն, կրցած եւ յաջողած է պահել իր ինքնութիւնը, իր ինքնուրոյն հաւատամքը: Աւելին, յաջողած է հակառակ միջավայրին պատճառած դժուարութիւններուն եւ այդ դժուարութիւններէն յառաջացած վէրքերուն, սպիացնել վէրքը եւ շարունակել ընթացքը, հաւատալով վաղուայ արեւածագին եւ լուսաւոր օրուան:

Նատիան ճանչցողները վստահ եմ տակաւին շա՜տ ու շատ բաներ կրնան աւելցնել մինչեւ այստեղ արձանագրածներուս վրայ: Միւս կողմէ, չեմ ուզեր շատ արդէն իսկ զաւակի հանգամանքս չարաշահիլ եւ ՄԱՄԱյին՝ Տիկին Նատիային համեստութիւնը չվիրաւորելով (չնայած հիմա կ՚ենթադրեմ իր հոգեվիճակը, դէմքին արտայայտութիւնները, որովհետեւ մեր մի քանի հանդիպումները եւ երկարաշունչ զրոյցները խմբագրատունէն ներս թէ դուրս, որոշակի առումով առիթ ընծայած են ինծի ճանչնալու զինք, որոշ առումով նաեւ մտնել իր ներաշխարհ) ամփոփեմ այս գրութիւնը այսպէս:

Նատիա Գօչունեանը թէեւ արեւմտահայ գրական աշխարհին մէջ կարկառուն անուն մը չէ, բայց հայ թերթի խմբագրութեան ծանր եւ դժուարին գործին փորձառու եւ ազդու դպրոց մը։ 

Դպրոց մը, որ հետեւողականութիւն կ՚ուսուցանէ արագաշարժութեան փոխարէն: 

Դպրոց մը, ուր լռութիւնը կը խօսի աւելի բարձր, քան բազմաձայն աղմուկները։ 

Դպորց մը, որ իր անձով կը մարմնացնէ այն սերունդը, որուն համար խմբագրատունը ո՛չ թէ աշխատավայր մըն է, այլ՝ տաճար մը, ուր տառը մարմին կը զգենու, բառը հոգի կը դառնայ, փոխելով ու վերափոխելով միտքեր, կեանքեր եւ կարծրատիպեր։ 

Դպրոց մը, որ «թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ արտասահմանի մէջ հետեւեցաւ զանազան իրադարձութիւններու, ժողովներու, հաւաքոյթներու: Օր եղաւ վազեց եկեղեցի, դպրոց, օր եղաւ հասաւ հիւանդանոց, օր եղաւ գնաց օդակայան կամ համերգի մը, օր եղաւ ներկայացաւ դատարան… Ան դարձած էր «Ժամանակ»ի նոր դէմքը յաչս բոլորին. նոր ու փայլո՛ւն դէմքը: Կորովի, անկքելի եւ ժպտադէմ…

Թերթը արտադրելու ժամանակ միշտ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէր նոր սերունդին ուղղեալ հրատարակութիւններուն, յատուկ էջերուն նկատմամբ: Այս բացառիկ նախանձախնդրութիւնը նաեւ զինքը բնական անդամը կը դարձնէր երիտասարդներու մօտ հայախօսութիւնը խրախուսելու ուղղեալ ձեռնարկներուն…» («Ժամանակ», 27 մարտ 2010, էջ 3):

Դպրոց մը, որ «կատարելապաշտ մը ըլլալով հանդերձ, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, գործի գլուխ, ինքզինքին հանդէպ միշտ եղած է կասկածամիտ: Առարկայականութիւնը, ինքնաքննադատութիւնը ձեռքէ չէ թողած երբեք: Միշտ մնացած է աշակերտ: Եղած են շրջաններ, երբ իր գիտելիքները թարմացնելու, կատարելագործելու համար առած է դասեր: Երբեք բարդոյթ չէ ունեցած այս առումով…» («Ժամանակ», 27 մարտ 2010, էջ 3):

Ի վերջոյ, դպրոց մը, որ հակառակ թերթի մը խմբագրութեան ծանր եւ ժամանակատար տանջալից աշխատանքներուն, «ան շարունակեց հաւատարիմ մնալ նաեւ իր մարդկային առաքինութիւններուն: Եղաւ ընտանեկան տիպար մայր մը, եղաւ վստահելի գործակից, լաւ ընկեր, սիրուած բարեկամ, խորհրդապահ անձ, մարդասէր, բոլորին օգնող-հասնող: Մինչեւ այսօր կը պահէ կեանքի զանազան հանգրուաններուն մշակած կամ հաստատած յարաբերութիւնները: Կանոնաւոր կապ կը պահէ նոյնիսկ հեռաւոր բարեկամներու հետ: Ան եղաւ մեծ արհեստավարժ մը, երբեք չշփոթելով իր գործն ու ընկերային կեանքը: Եղաւ նուիրումի եւ կամքի կերպար մը: Կեանքին ու գործին այնքան փարած էր, որ անկում մը ունենալէ վերջ, դարմանման համար անհրաժեշտ երկարատեւ հանգստեան շրջանին՝ անկողինը փոխադրել տուաւ խմբագրատուն եւ չդադրեցաւ գործելէ» («Ժամանակ», 27 մարտ 2010, էջ 3):

Արդարեւ, Նատիա Գօչունեանին նման հերոսները երեւելու մարմաջով չե՛ն տառապիր, բեմերն ու անոնց շլացուցիչ լոյսերը չե՛ն փնտռեր, աստղ մը դառնալու հիւանդութեամբ չե՛ն տառապիր։ Անոնք իրենց ներկայութիւնը կը հաստատեն ամէնօրեայ հաւատարմութեամբ՝ առանց մեծ խօսքերու, առանց ինքնագովութեան, այլ՝ լուռ աշխատանքով եւ համեստ ծառայութեամբ։ Անոնք այն մարդիկն են, որոնք ուժ եւ եռանդ կը ներշնչեն իրենց միջավայրին, բայց երբեք չեն փափաքիր երախտիքի հրապարակային հանդիսութիւններ։

Նատիա Գօչունեանի պարագայաին, մասնաւորաբար, հերոսութիւնը դուրս կու գայ իր օրինաչափութիւններէն։ Անոր պայքարը ֆիզիքական թշնամիի մը դէմ չէ, ինչպէս սովորական հերոսներունը, այլ՝ անոր պայքարը աւելի խոր է, աւելի ներանձնական: Անոր պայքարը անտարբերութեան դէմ է, լեզուի հանդէպ սէրն ու գորովը մաշեցնող ժամանակին եւ անոր յառաջացուցած պայմաններուն դէմ է, հայ մամուլի, մշակոյթի, գրականութեան, հաւատքի, մէկ խօսքով հայկականութիւնը ողջ պահելու համար մղուած պայքար մըն է Նատիա Գօչունենաին պայքարը։

Եւ ահա՛, այս պատճառով է, որ Նատիա Գօչունեանը սովորական անձ մը, սովորական կամ պարագայական հերոս մը չէ՝ այլ ժամանակը յաղթահարող, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ ժամանակին սպիները բալասանող հերոս մը։ Ան կը շարունակէ ընթանալ հակառակ բազմաթիւ ու բազմագոյն դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն, կը շարունակէ ընթանալ իր հաւատարմութեամբ, իր նուիրումով, իր հաստատակամութեամբ եւ իր բարեկամական անմեղ ու քաղցր ժպիտով, որ յաճախ աւելի ուժ ունի, քան ամենախիստ հրահանգ մը։

Եզրակացնելու համար, ըսեմ, թէ՝ Նատիա Գօչունեանը հերոս է ո՛չ թէ բեմերու գոյնզգոյն լոյսերով, այլ ժամանակի սպիներով անցնող իր ամուր ու լուռ ընթացքով։ Ան իր նուիրումով, համեստութեամբ եւ անկոտրում հաւատարմութեամբ մարմնացուցած է այն սերունդը, որուն համար տառը պաշտամունք է, բառը՝ առաքելութիւն։ Իր պայքարը դարձուցած է ո՛չ թէ թշնամիի, այլ անտարբերութեան ու խաւարի դէմ մղուած կռիւի՝ պահելու համար հայ մամուլի եւ ինքնութեան լոյսը։ Այդ իսկ պատճառով ան սովորական հերոս մը չէ, այլ՝ ժամանակը յաղթահարող եւ ժամանակին դարման տրամադրող տիպար մը։

Քոյդ՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16-17 նոյեմբեր 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025