ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԱՐՄԻՆ ԱՌՆԵԼՈՎ՝ ՄԱՐԻԱՄ ՄԻՇՏ ԿՈՅՍ ՄՆԱՑ
1. Քրիստոս ինչ ընթացքով ընտրեց Իր մարմին առնելիք ցեղը. Աստուածաբանօրէն երկիր ըսելը ի՞նչ կը նշանակէ: 2. Գլխաւորաբար ո՞վ «բանաւոր երկիր» կոչուեցաւ: 3. Քրիստոսի մարդեղութեան մասին ի՞նչ վէճեր եղած են: 4. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ միշտ կոյս կը դաւանին Մարիամը: 5. Քրիստոս եղբայր ունէ՞ր, թէ՞ ոչ: Մարիամին միշտ կոյս մնալիք ըլլալը Հին Օրէնքին մէջ ինչպէ՞ս խորհրդանշուած է: 6. Եթէ միշտ կոյս է, ինչո՞ւ կ՚ըսենք, թէ կատարելապէս ծնաւ: 7. Աստուածածի՞ն պէտք է դաւանինք, թէ՞ մարդածին: 8. Քրիստոսի կատարելութեան մասին ի՞նչ ապացոյց կայ. մարմինը փոխե՞ց, թէ՞ ոչ: 9. Քրիստոս Իր մայրը յանդիմանե՞ց:
1. Աստուած մարդկութեան փրկութիւնը սկիզբէն մինչեւ վերջ՝ ձեւով, ժամանակով եւ տնօրինութեամբ կարգադրած է, ատոր համար Իր Որդիին մարմին առնելն ալ ձեւով մը միջով եղաւ, քանի որ մարմինը մարդկութիւնը փրկելու համար պիտի առնէր, եւ որովհետեւ Աստուած մը մարդէն մարմին պիտի առնէր, անշուշտ տնօրինութեան տակ պէտք էր առնել մարմին առնելիք տեղն ու ցեղն ալ:
Աստուած մարդը Իր համար ստեղծելուն պատճառով, անշուշտ, Աստուածաշունչին գլուխն ալ մարդոց փրկութեան վերաբերեալ բառը պիտի գրուէր:
Աստուածաշունչին առաջին գլուխը «երկիրը անձեւ ու անպատրաստ էր… եւ Աստուծոյ Հոգին կը շրջէր ջուրերուն վրայ», գրած է:
Այս խօսքերը իր պարզ իմաստով առնելով, իրապէս երկիրը անպատրաստ էր եւ Աստուած պատրաստեց. իսկ «Աստուծոյ Հոգին կը շրջէր ջուրերուն վրայ» ըսուած խօսքն ալ աստուածաբանօրէն առնելով՝ ըսելու կարիք չկար, եթէ Հոգին Իրեն համար բնակարան պատրաստելու իմաստ մը չըլլար:
Հոգին՝ երկրին անպատրաստութեան նայելով ջուրերուն վրայ պտտած կ՚ըլլայ, իսկ պատրաստուելէն ետք եթէ «երկիրը Իրեն բնակարան եղաւ» ըսենք, ցամաքը Աստուծոյ համար որպէս բնակարան ստեղծած կ՚ըլլայ, եւ այլեւս մարդուն պէտքութիւն չէր ըլլար. սակայն, երկիրը մարդուն համար, մարդն ալ Իրեն համար բնակարան ստեղծեց:
Գալով մարդուն, հոգի եւ մարմին, հարստութիւն եւ աղքատութիւն, առողջութիւն եւ հիւանդութիւն, եւ ուրիշ երկուական բան կրող երկիր մըն է. իսկ Աստուած այս վերջինը ընտրեց ու պատրաստեց բնակելու. ինչպէս որ նախապէս երկիրը եւ իր վրայինները «եղիցի» բառով ստեղծեց, բայց երկրորդ երկիրն ալ, առաջինին նման հողէն կը բաղկանար, հոգի փչեց, որ ըսել է նախապէս Ադամի մէջ հանգչեցաւ. ասոր համեմատ Եզեկիէլ ըսած է. «Իմ Հոգիս անոնց վրայ պիտի թափեմ» (Եզ 36.27). այս համարին նման ուրիշ շատ համարներ կան, թէ Աստուծոյ բնակարանը մարդոց սիրտն է (Բ. Կր 6.16):
2. Այս բանաւոր երկիրներուն մէջ ամենէն արգասաւորը Մարիամ կոյսը եղաւ, որովհետեւ Աստուծոյ Հոգին մարգարէներուն ազդեց, որ սերունդէ սերունդ ծնելիքը գուշակեն. առաքեալներուն մէջ եղաւ, որ անկէ ծնածը քարոզեն. ահա ասոր համար Աստուածաշունչին գլուխը գրուած բանաւոր երկիրը այս Մարիամը կը ճանչնայ Եկեղեցին, որուն ցեղը պահեց Աստուած մարդոց սկիզբէն մինչեւ Քրիստոսի ծնունդը. որմէ քարոզուեցաւ անդրանիկ պտուղը՝ Քրիստոս. եւ անմահութիւն՝ Եւայի կերած մահկանացու պտուղին տեղը: «Կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքի տակ մտաւ» (Գղ 4.1), ըստ այսմ Եկեղեցին կը դաւանի՝ «կատարելապէս ծնաւ»:
3. Քրիստոսի կատարեալ մարդկութեան մասին բազմաթիւ հերետիկոսներ մէջտեղ ելան2, դեռ մինչեւ այսօր ալ կան աշխարհիս վրայ, որովհետեւ չափազանց եւ անկարելի համարեցին մարդէն Աստուած ծնիլը, որ նախ Աստուածային հրաշալիքը չի կրնար ըմբռնել, եւ երկրորդ՝ Հաւատքի թերութիւն:
Եւտիքէս կ՚ըսէր, թէ «Աստուած անկարելի է որ մարմին առնէ, մեր աչքին այդպէս երեւցաւ»: Արիոսն ալ կ՚ըսէր, թէ՝ «մարմին էր առածը, բայց արարած ըլլալով կատարեալ Աստուած չէր»: Տակաւին այսպիսիներ շա՜տ կան, որոնք Եկեղեցիէն դատապարտուեցան, ոմանք ալ յայտնապէս պատժուեցան:
4. Մարիամին միշտ կոյս մնալուն մասին կասկածիլը Քրիստոսի կատարեալ Աստուածութեան դէմ մեղանչել է: Աստուածածին Մարիամ միշտ կոյս մնալ ուխտած էր, ինչպէս եբրայեցիներուն մէջ ուխտը մեծ տեղ գրաւած էր, եւ Աստուածային պատուէր էր կամ մէկը ուխտը զանց պէտք չէր ըներ: «Աղջիկ մը իր հօրը տունը ըրած ուխտը հաստատուն պէտք է պահէ» (Թւ 30.3). եթէ Մարիամ այս ուխտը ըրած չըլլար եւ եթէ ամուսնանալու միտումով նշանուած ըլլար, անշուշտ քիչ մը կը մտածէր, թէ՝ «ես նշանուած եմ, կարելի է որ հարս ըլլալէս ետք պիտի կատարուի հրեշտակին խօսքը», եւ քիչ մը կը մտածէր, ու անմիջապէս չէր պատասխաներ, թէ՝ «ինչպէ՞ս այդ բանը պիտի պատահի ինծի, որովհետեւ այր մարդ չեմ ճանչցած». այս անմիջական պատասխանէն յայտնի է, որ ուխտած էր կոյս մնալ: Հրեշտակին՝ «կինդ» ըսելը, ուրիշ մտածումով էր անշուշտ: Որովհետեւ «կին» ըսելով մարդոց իգական սեռը կը նշանակէ, մէկ տարեկան աղջիկն ալ կին է. կին իգական, այր՝ էրիկ մարդ. Պօղոս ընդհանուր եւ անորոշ առնելով, կ՚ըսէ. «Կնոջմէ մը ծնաւ», միթէ Քրիստոսը ծնելէն առա՞ջ ալ կին էր Մարիամ:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 7
Վաղարշապատ
2 Ներկայի հերետիկոսութիւնները անոնցմէ պակաս չեն, որովհետեւ հաւատք կը քարոզեն, բայց գործերով անկէ հեռու են.
Ա. Քրիստոս ադամանդի մը կը նմանցնեն, Մարիամն ալ սնտուկի մը. «Ադամանդը անկէ ելլելէն ետք սնտուկը հին է», կ՚ըսեն:
Բ. Մարիամի միշտ կուսութիւնը կ՚ուրանան՝ «Քրիստոս եղբայր ունեցաւ» ըսելով:
Գ. Աստուածածին չեն ըսեր. «Աստուածութիւնը չի ծնիր» ըսելով, քանի որ Աստուածածին եթէ ըսեն՝ բարեխօսութիւն ընդունած կ՚ըլլան: Եթէ քիչ մը աւելի նեղես՝ «ըսենք թէ կոյս է, կամ Աստուածածին ալ ըսենք, փրկութեան ի՞նչ օգուտ ունի» կ՚ըսեն: Մարդ մը պէտք է, որ նախ ինքզինքին արժէք տայ՝ որպէսզի եթէ առանց մեղքի մնայ, ի՞նչ է եւ ինչքա՞ն արժէք ունի Աստուծոյ քով, որ զինք բանական պատրաստած է [արարած է]: