ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի ընտանիքը խանդավառ հանդէսով մը նշեց Համաշխարհային մայրենիի օրը, որ ՄԱԿ-ի ժամանակացոյցին վրայ տեղ կը գրաւէ։ Ներառական մօտեցումով պատրաստուած էր հանդէսի ծրագիրը։ Բոլոր դասարաններէն աշակերտներ ներգրաւուած էին այս նախագծին, որ կեանքի կոչուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Դպրոցի յարակից սանուց միութեան սրահի երդիքի տակ տղաքը յաջողեցան իսկապէս տօնական մթնոլորտ մը ստեղծել։ Հանդէսին հետեւեցան կրթական մշակներ, դպրոցի աշակերտներու ծնողներ եւ այլ հիւրեր։
Հուսկ, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրեց հայերէնը օգտագործելու կենսական նշանակութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան շնորհաւորեց յայտագրին մասնակից աշակերտները եւ այն ուսուցիչները, որոնց վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր հանդէսը։