Կիրակի 11, Յունուար 2026
ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Էսաեան վարժարանի մէջ կազմակերպուած Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան հանդէսը պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։
Մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի սաները առանձին յայտագիրներ գործադրեցին՝ հաղորդ դառնալով տարեմուտի հրճուանքի մթնոլորտին։
Մինչ տղաքը յաջող ելոյթներով յաջողեցան բոլորի սիրտը գրաւել, Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէն ալ շնորհաւորութեան խօսքին մէջ բոլորին բարեմաղթանքներ յղեց Նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի առթիւ։
Հինգշաբթի, Յունուար 8, 2026