ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒՀԻ ԹԱԼԻՆ ԿԱԼԻՊՕՂԼՈՒԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԼՈՒՐՋ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՌԱՐԿԱՅ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի կողմէ արտադրուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի արձագանգները կը շարունակուին։ Անցեալ տարեվերջին Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած էին այս ֆիլմի արեւմտահայերէն եւ թրքերէն տարբերակներու կալաները, որոնց ներգրաւուած էին թէ՛ համայնքային եւ թէ լայն հասարկութեան զանազան շրջանակներէն հեղինակաւոր ներկայացուցիչներ։
Գումգաբուի երկու կալաներու կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ տարուած էին՝ համայնքէն կամաւորներէ բաղկացեալ կարգադիր յանձնախումբի մը կողմէ, որու կազմին մէջ Պատրիարքական Աթոռի ներկայացուցիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Այդ յանձնախումբի գործունէութեան անփոխարինելի նպաստ մը բերած էր Մայր եկեղեցւոյ քարտուղարուհի Թալին Կալիպօղլու, որ ամենայն լրջութեամբ գետնի վրայ վերահսկած էր ամէն ինչ։
Ս. Ծնունդի համայնքային ընդունելութենէն վերջ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան Թալին Կալիպօղլուին յանձնեց յիշատակ մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան եւ վարչութեան կողմէ պատրաստուած շնորհակալագիր մըն էր այս մէկը, զոր Թալին Կալիպօղլուին ներկայացուեցաւ՝ Արա Գօչունեանի եւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։
Թէ՛ տէր հայրը եւ թէ թերթիս խմբագիրը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցան Թալին Կալիպօղլուի կողմէ ամենայն եռանդով իրականացուած աշխատանքներուն մասին՝ տարեմուտի առթիւ յղելով բարեմաղթանքներ։