ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ ՔԱՅԼԵՐ
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքի վիճարկման տհաճ խնդիրը կը շարունակէ զբաղեցնել համայնքի օրակարգը։ Ընտրութեան ժամանակէն ի վեր դատական գործընթաց մը կը շարունակուի եւ դատավարութեան կարգ մը փուլերուն արձակուած վճիռները ընկերային ցանցերու միջոցաւ կը մատուցուին համայնքին։ Այս գործը յառաջ կը տարուի իսկապէս տխուր շրջանակներու կողմէ, որոնց գործունէութիւնը տարիներ շարունակ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս գայթակղութեան համազօր դասուած է՝ վիրաւորելով հանրային կարծիքի խիղճը։ Զարմանալին այն է, որ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ երկար տարիներ կուտակուած խնդիրներէն վերջ կարելի եղած էր յարաբերաբեր արդար պայմաններ ապահովել։ Բնականաբար ամէն ինչ պատկան իշխանութիւններուն կողմէ սահմանուած կանոններու շրջանակին մէջ էր եւ համայնքի խղճին մօտ ալ արդարացած էր ընտրութեան թէ՛ կազմակերպումը եւ թէ արդիւնքը։
Ժողովուրդի կամքով ձեւաւորուած Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը ընտրութենէն ի վեր հաւատարիմ է իր առաքելութեան, ուստի, բոլորովին վերացական են այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կը միտին այս մարմնի գործունէութիւնը խոչընդոտելու։ Ընտրուած եւ վաւերացուած վարչական մարմին մըն է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, որու պաշտօնի կոչման հիմքերու կամ օրինականութեան վիճարկումը համայնքի այժմու պայմաններով չի կրնար ուղիղ համեմատութեան մէջ ըլլալ բարեացակամութեան կամ դրական տրամադրութիւններու հետ։
Միւս կողմէ, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը այս նիւթին վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք յարակից սիւնակին մէջ։
*
DUYURU
Vakfımızın 12.03.2023 tarihinde gerçekleşen yönetim kurulu seçimlerinin iptal edilmesi talebiyle Vakıflar İstanbul 1. Bölge Müdürlüğü aleyhine açılan davada istinaf mahkemesinin kararı kamuoyuna yansımıştır.
Mahkeme kararının icra edilebilmesi için dosyanın kesinleşmesi gerekmekte olup, dosya henüz kesinleşmemiştir. Tarafların temyiz kanun yoluna başvurma hakkıbulunmaktadır. Ayrıca yönetim kurulu üyelerimiz yetki belgesini (mazbata) söz konusu dava açıldıktan sonra almış ve göreve başlamış olduğundan, işbu davada/kararda yönetim kurulumuzun görevini ilgilendiren ve etkileyen bir husus bulunmamaktadır. Süreci yakından takip etmekteyiz.
Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı Yönetim Kurulu