ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհակալութեան նամակ մը ստացաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապէն։ Այս վերջինը անցեալ տարի Թուրքիա այցելած էր եւ իր կեցութեան օրերուն հիւրընկալուած՝ Գումգաբուի մէջ։ Սուրբ Աթոռ վերադարձին Քահանայապետը արդէն շնորհակալութեան նամակներու շարք մը գրի առած էր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հասցէագրուած նամակին մէջ ան մատնանշած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բնագաւառին բերուած նշանակալի ներդրումը։

«Կը վստահեցնեմ, թէ ձեզ կը յիշեմ իմ աղօթքներուս մէջ եւ խոնարհաբար կը խնդրեմ, որ դուք ալ զիս յիշէք ձեր աղօթքներուն մէջ։ Աստուածամայրը թող բարեխօսէ մեզի համար՝ իր Որդւոյն գահուն առջեւ», նշուած է Սրբազան Պապի նամակին մէջ։

Խնդրոյ առարկայ նամակը 10 դեկտեմբեր 2025 թուականին ստորագրուած է Վատիկանի մէջ, սակայն, Պատրիարքարանի աղբիւրները զայն հրապարակած են այսօր, գրեթէ ամիս մը անց։

Ուրբաթ, Յունուար 9, 2026