350-ԱՄԵԱԿ. ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Հարկ է նշել, որ այս պատմական եկեղեցին արդէն 350-ամեայ յոբելենական շրջանը թեւակոխած է։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ներկայ էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։ Օրուան պատգամին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ յոբելեանին՝ մեր պապերու յոյս հաւատքով կառուցուած փառքի խորաններուն շուրջ խորհրդածելով։ 

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի գլխաւորած թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը հիւրընկալեց Նորին Ամենապատուութիւնն ու բոլոր հաւատացեալները։ Ներկայ էին նաեւ համայնքային շրջանակներէն դէմքեր։ Բոլորը թաղային խորհուրդին զօրակցութիւն յայտնեցին՝ հայ բնակչութենէ նօսրացած այս պատմական թաղի եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերու ճանապարհին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025