ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համակարգէն ներս կը շարունակուին նոր նշանակումները։ Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ, Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեան նշանակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն։ Այս նշանակման զուգահեռ՝ ան ազատուեցաւ Քրէակատարողական հիմնարկներու հոգեւոր տեսուչի պարտականութիւններէն։ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ՝ Տ. Իսահակ Վրդ. Պօղոսեանն ալ երէկուան դրութեամբ նշանակուեցաւ Քրէակատարողական հիմնարկներու հոգեւոր տեսուչ։ Ան այս նշանակման զուգահեռ ազատուեցաւ Խոր Վիրապի վանքի վանահօր պարտականութիւններէն։

Ուրբաթ, Մայիս 16, 2025