ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Շաբաթավերջի Սուրբ Էջմիածնի տօնին ընդառաջ, Մայր Աթոռի մէջ այս օրերուն արտասովոր խանդավառութիւն կը տիրէ։ Այս առաւօտ սկսաւ Միաբանական համագումարը՝ օրհնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Համագումարին կը մասնակցին Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերէն եւ այլ զանազան եկեղեցական կառոյցներէ բազմաթիւ միաբաններ։
Այս համագումարի նախօրեակին, երէկ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին տօնախմբեց Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակը։ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ՝ տօնական Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Հռիփսիմէի վանքին մէջ։ Առաւօտուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն թափօր կազմուեցաւ դէպի պատմական վանքը։ Նորին Սրբութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կամարին առջեւ Սրբազան Աջով օրհնեց հոգեւոր դասն ու բարեպաշտ ժողովուրդը։ Ս. Հռիփսիմէի վանքին մէջ պատարագեց Պոլսոյ միաբաններէն Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանօրէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեանի հանդիսապետութեամբ, սրբուհիի մասունքակիր աջով կատարուեցաւ անդաստանի կարգ։
Այս օրուան համագումարի պաշտօնական սկիզբին ընդառաջ, երէկ, միաբանները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն եւ «Կոմիտաս» պանթէոնը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին մեծանուն վարդապետի շիրմին շուրջ։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց՝ քառասնօրեայ ապաշխարութեան եւ պատրաստութեան շրջանը աւարտած նորաօծ քահանաները, որոնց տուաւ օրհնութիւնը՝ նուիրելով ձեռաց խաչեր ու Ս. Հաղորդութեան մասնատուփեր։ Վեհարանի հանդիպման ներկայ էր նաեւ լուսարարապետ Տ. Անանիա Վրդ. Ծատուրեան։