ԿԵՆԴԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Ս. Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարը։ Բերկրառատ տօնի առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ, որոնք համախմբեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի մէջ տաղաւարի առթիւ պատարագեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ «Վերափոխումը միայն անցեալի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութեան մը յիշատակումը չէ։ Սա կենդանի եւ իրական ներկայութիւն մըն է մեր հոգեւոր կեանքէն ներս, որովհետեւ մեզ կը հրաւիրէ կանգնելու յաւիտենական կեանքի եւ մահուան, անցողիկի եւ անանցի, երկրայինի եւ երկնայինի սահմանին ու այնտե՛ղ լռութեան մէջ տեսնելու այն մեծ խորհուրդը, որ մահու քունէն Աստուածածին Մարիամը անցաւ դէպի հայրական տուն, որդիի փառքի մէջ», ըսաւ ան օրուան պատգամին մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Մայր Տաճարէն հանդիսաւոր թափօր մը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Տրդատի բաց խորան, ուր տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։ Օրհնուած ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալներուն։