ԵՐԵՒՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որ մեծ հրճուանքի առիթ դարձաւ՝ Վոսփորի Եւրոպական ափի պատմական թաղէն ներս։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց Երեւման Ս. Խաչի համար կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր պատարագիչ հայր սուրբը։ Ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի գլխաւորած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, որոնց շարքին էին համայնքային վարիչներ։

Յայտագրի ընթացքին Լեւոն Քուզիքօղլու ունեցաւ ելոյթ մը՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ։ Հուսկ բանքին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ գնահատեց Գուրուչէշմէի եկեղեցին կենսունակ պահելու ուղղեալ ջանքերը։ Միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքէն վերջ բոլորը արձակուեցաւ՝ զօրակցութիւն յայտնելով թաղային խորհուրդի ջանքերուն, որոնք հետամուտ են եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025