ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի լարուածութիւնը հետզհետէ կը խորանայ մտահոգիչ թափով։ Շաբաթավերջին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական գրառումով, որով տեղեկացուց, թէ մեծ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Էջմիածնի մէջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յուլիսի 20-ին հրապարակայնօրէն յայտարարեց իր հետեւորդներու հետ Վաղարշապատ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ հաւաք կազմակերպելու եւ Մայր Աթոռի դէմ հերթական ոտնձգութիւնը նախաձեռնելու մասին։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դատապարտէ յարձակում ու բռնութիւն հրահրելու այս փորձը, որ բացայայտ միջամտութիւն է Հայոց Եկեղեցւոյ կեանքին եւ անոր ինքնակառավարման։ 

Կը յորդորենք իշխող քաղաքական ուժին դադրեցնել հակաեկեղեցական, ապօրինի արշաւը եւ լծուիլ երկրի առջեւ ծառացած լրջագոյն հիմնախնդիրներու յաղթահարման։ Միաժամանակ, կը դիմենք պետութեան իրաւասու մարմիններուն եւ պաշտօնեաներուն՝ ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ եւ օրինական միջոցները՝ կանխարգիլելու հակաօրինական այս միջոցառումը։ 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը բարձրօրէն կը գնահատէ բարեպաշտ մեր ժողովուրդի սէրն ու հաւատարմութիւնը Մայր Եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ նախանձախնդրութիւնը՝ պաշտպանելու համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնը ու մեր նուիրական սրբութիւնները։ Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ չտրուիլ իշխանութիւններու սադրանքներուն, պահպանել զգօնութիւնն ու ողջախոհութիւնը եւ հաւատով ու աղօթական ոգիով համախմբուիլ առկայ փորձութիւններու դիմագրաւման համար։ 

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 22, 2025