ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը շնորհեց Արթուր Կրանցին, որու բարերարութեամբ երկինք խոյացած է Մինսքի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Ծանօթ է, որ այս եկեղեցւոյ օծումը նախորդ շաբաթավերջին կատարուած էր Նորին Սրբութեան ձեռամբ։
Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Հայրապետական սրբատառ կոնդակը եւ Նորին Սրբութիւնը բարերարի կուրծքը զարդարեց բարձրագոյն շքանշանով։ Արթուր Կրանցն ալ արտասանեց սրտի խօսքը։
Յայտագրի ընթացքին «Նոր անուններ» պատանի երաժիշտներու խումբը հանդէս եկաւ կատարումներով։