ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յունիսի 27-ի առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններու ուժեր՝ մուտք գործելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ վեհարանի տարածք, փորձեցին ձերբակալել Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, որ Մայր Աթոռ ժամանած էր քահանայից տարեկան ժողովի առթիւ՝ իբրեւ հաւաքի համակարգող։

Հակառակ այն հանգամանքին, թէ Միքայէլ Սրբազան պատրաստակամութիւն յայտնած էր մեկնիլ Քննչական կոմիտէ եւ կը փորձէր իրաւապահ մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ նստիլ ինքնաշարժ, քաղաքացիներն ու ներկայ հոգեւորականները բողոքի ձայն բարձրացուցին՝ տեսնելով դիմակաւորուած ԱԱԾ-ի (Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն) եւ ոստիկանութեան ծառայողներու մեծ հոսքը։

Համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնէն ներս իրաւապահներու կողմէ դրսեւորուած պահուածքը, քաղաքացիներու հանդէս ուժի կիրառումը դատապարտելի է եւ անընդունելի։

Հակառակ, որ պատշաճ կարգով չէ ծանուցուած՝ Միքայէլ Սրբազան որոշած է մեկնիլ Երեւան՝ ներկայանալու Քննչական կոմիտէ, չխուսափելով ներկայացուած պահանջէն։ 

Մայր Աթոռը ժողովուրդին կը յորդորէ չտրուիլ սադրանքներու, պահպանել զգօնութիւնը եւ շարունակել իր սատարումը օրինական բոլոր միջոցներով:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Շաբաթ, Յունիս 28, 2025