ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ ստեղծուեցաւ բացառիկ խանդավառ մթնոլորտ՝ մանաւանդ, որ Կէտիկփաշայի ընտանիքը միշտ հետամուտ է անցեալի աւանդութիւնները ապրեցնելու։

Օրուայ պատարագիչն էր Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցաւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւնը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։ Ատենապետ Մանուկ Քալայճըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Սիրոյ սեղաններու շուրջ համախմբուած ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ՝ փոխանակելով բարեմաղթանքներ մօտալուտ Ամանորի առթիւ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025