Ս. ՊՕՂՈՍ-Ս. ՊԵՏՐՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՏԷՐՈՒՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Շաբաթավերջին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս առաքեալներու յիշատակման տէրունի տօնը, որու առթիւ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց նորաօծ Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան, որ նոր աւարտած էր քառասնօրեայ ապաշխարութեան ու պատրաստութեան շրջանը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ այլ սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ներկայ էր նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։ Երգեցողութիւնները առաջնորդեց Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ձեռաց խաչ մը նուիրեց նորաօծ Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեանին։ Այս վերջինն ալ արտասանեց իր սրտի խօսքը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՕԾՄԱՆ ՊՏՈՒՂԸ՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ
(Խօսք շնորհակալական՝ անդրանիկ Ս. Պատարագի առթիւ, 27 դեկտեմբեր 2025, շբ, ի տօնի սրբոց առաքելոցն Պետրոսի եւ Պօղոսի, ի Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոջ Էյուպի)
ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Օրհնաբեր այս օրը, Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներու աւագ տօնին, երբ առաջին անգամ Տիրոջ սուրբ սեղանին առջեւ կանգնեցայ իբրեւ պատարագիչ քահանայ, սրտիս խորքէն կը խոնարհիմ Ամենակալ Աստուծոյ առջեւ՝ շնորհակալութեամբ, ակնածանքով եւ խոր պատասխանատւութեան զգացումով։
Այս պահը իմ անձնական արժանիքներուս մէկ արդիւնքը չէ։ Ան նախեւառաջ Աստուծոյ անասելի ողորմութեան, Իր կանչին եւ Իր շնորհին պտուղն է։ Այսօր իմ սրտիս մէջ կենդանի կը հնչէ մարգարէական խօսքը, որ ուղղուած է եկեղեցւոյ եւ իր սպասաւորներուն․ «Բայց դուք քահանայք Աստուծոյ մերոյ անուանեսջիք…» (Եսայի ԿԱ. 6)։ Այս կոչումը մեծ պատիւ է, բայց նաեւ սրբազան բեռ, զոր մարդ կը կրէ ոչ իր ուժով, այլ Աստուծոյ շնորհքով։
Քահանայական ծառայութիւնը իշխանութիւն չէ, այլ զոհաբերական սպասաուորութիւն։ Ան կոչ է՝ Տիրոջ ժողովուրդի հետ միասին քալելու, անոր ուրախութիւններու ուրախակիցն ու ցաւերուն ցաւակիցը ըլլալու, անոր համար աղօթելու եւ երբեմն լռութեամբ խաչ կրելու։ Այս գիտակցութեամբ, մարգարէին նման, կը համարձակիմ ըսելու․ «Ահաւասիկ ես, առաքեա՛ զիս» (Եսայի Զ. 8)։ Ո՛չ թէ որովհետեւ ինքզինքս արժանի կը համարեմ, այլ որովհետեւ հաւատացած եմ, թէ Տէրը Իր կանչած սպասաւորը չի լքեր։
Այս ճանապարհը դիւրին չէ։ Ան կը պահանջէ անդադար պայքար՝ ինքն իր հետ, աշխարհի շեղումներուն դէմ եւ երբեմն՝ սեփական վախերուն ու թուլութիւններուն դէմ։ Սակայն այս պայքարը ունի իմաստ եւ յոյս։ Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղեալ խօսքը այսօր կը դառնայ աղօթքս ու յանձնառութիւնս․ մղել բարի պատերազմը, ընթացքը աւարտել հաւատարմութեամբ եւ հաւատքը պահել անարատ։ Թող Տէրը շնորհէ, որ ծառայութեանս ընթացքին երբեք չմոռնամ, թէ քահանան նախեւառաջ աղօթող մարդ մըն է։
Այս յիշարժան պահուն պարտք կը զգամ սրտանց երախտագիտութիւն յայտնելու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ իր հայրական օրհնութեամբ եւ վստահութեամբ ճանապարհ բացաւ իմ քահանայական ծառայութեանս առջեւ։ Նոյնպէս խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, որ սիրով, համբերութեամբ եւ նուիրումով սորվեցուց Ս. Պատարագի սրբազան կարգը եւ անոր ներքին հոգեւոր շունչը։
Երախտապարտ եմ նաեւ պատրիարքարանի նուիրեալ անձնակազմին՝ յատկապէս Արժ. Տ. Տ. Շիրվան, Թէոդիկ եւ Նաթան քահանաներու, ինչպէս նաեւ տիկին Սեդա Թուղթէքինի, որոնք քառասնօրեայ ապաշխարանքի շրջանին հանապազօրեայ հոգատարութեամբ ու եղբայրական սիրով հոգ տարին մեզի եւ մեր կարիքներուն։ Ի սրտէ շնորհակալ եմ բոլոր այն անձերուն, որոնք այս օրերուն այցելութեան փութացին, իրենց ներկայութեամբ եւ աղօթքով բաժնեկից դարձան ու փափ-կացուցին քառասունքի շրջանի քաղցր լուծը։
Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին՝ այսօրուան հիւրընկալութեան համար։
Իմ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ընտանիքիս, հոգեւոր հայրերուս եւ եղբայրներուս, այլեւ բոլոր անոնց, որոնք իմ կեանքիս տարբեր հանգրուաններուն եղան Տիրոջ գործիքները՝ խօսքով, օրինակով կամ լուռ աղօթքով։
Սիրելի հաւատացեալներ, շնորհակալ եմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որ այսօր ձեր ներկայութեամբ եւ աղօթքով մասնակցեցաք իմ անդրանիկ պատարագիս։ Ձեր ներկայութիւնը կենդանի վկայութիւն է, թէ քահանան երբեք մինակ չէ․ ան ուղարկուած է ժողովուրդի մէջ եւ ժողովուրդին համար։ Խնդրեմ, շարունակեցէ՛ք զիս յիշել ձեր աղօթքներուն մէջ։
Թող Ս. Պետրոսի ամուր հաւատքը եւ Ս. Պօղոսի առաքելական խիզախութիւնը առաջնորդեն զիս այս նոր ճանապարհի վրայ։ Թող Տէրը արժանի դարձնէ զիս, որ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնամ այն սրբազան ծառայութեան, որ վստահուեցաւ ինծի, եւ որ իմ ամբողջ կեանքս ըլլայ Իր փառքին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հաւատաւոր ժողովուրդին փրկութեան համար։
Այժմէն իսկ սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ ամանորի եւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան օրհնաբեր տօներուն առիթով։ Թող Ս. Ծննդեան աստուածային լոյսը լուսաւորէ մեր հոգիները, եւ գալիք տարին շնորհք, խաղաղութիւն ու հաստատութիւն բերէ մեր կեանքերուն. ամէն։
