Հինգշաբթի 5, Յունիս 2025
ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԲԱՐՍԵՂ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՎԱՆԼԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ Տ. Բարսեղ Աւ. Քհնյ. Վանլեան։ Նորոգ վախճանեալ տէր հայրը երկար տարիներ Իսթանպուլի մէջ ծառայութիւն մատուցած էր՝ տիպար հոգեւորականի համբաւով։ Ան բոլորի յարգանքին ու համակրանքին առարկայ դարձած էր՝ իր լրջութեամբ եւ նուիրումով։ 1940 թուականին ծնած էր Տ. Բարսեղ Աւ. Քհնյ. Վանլեան, որ Պոլիսէն Գանատա հաստատուած էր եւ այնտեղ եւս շարունակած էր իր հոգեւոր ծառայութիւնը։
Կը հաղորդուի, որ հոգելոյս տէր հօր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգերը նախատեսուած են յառաջիկայ յունիսի 7-ին՝ հանդիսապետութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի։
Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025