ԶՐՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով, որուն մասնակցեցան Հայաստանէն կամ սփիւռքէն եպիսկոպոսներ եւ թեմակալ առաջնորդներ։
ԳՀԽ-ի այս ժողովը գումարուեցաւ՝ վերջին օրերուն արդէն սաստկացած եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Արդարեւ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան օրերէ ի վեր ընկերային ցանցերու վրայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հասցէին բաւական ծանր ոճով գրառումներ կը կատարէին։ Եպիսկոպոսաց դասէն որոշ անդամներն ալ անոնց կը փոխադարձէին։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ արտառոց քայլ մը առաւ՝ ընկերային ցանցերուն վրայ պնդելով, թէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը դրժած է կուսակրօնութեան ուխտը եւ այս պարագան եթէ փաստուի, ապա անոր հանգամանքը կրնայ հարցականի տակ մնալ։ Այս բոլորէն վերջ գումարուեցաւ ԳՀԽ-ի ժողովը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով՝ ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ հասարակութիւնը յուզող շարք մը հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ հարցեր։ Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ վարչապետի կողմէ վերջին օրերուն հրահրուած հակաեկեղեցական ամօթալի արշաւին։
Հարկ է նշել, որ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ուղղեալ վերջին յայտարարութիւնները եւ Նիկոլ Փաշինեանի գրառումները գրեթէ կը համընկնին իրենց ժամկէտին առումով։ Ըստ որոշ մեկնաբաններու՝ յառաջիկայ տարի Հայաստանի մէջ նախատեսուած է ընտրութիւն, որու ընդառաջ այժմ իշխանութիւնները արդէն կը փորձեն թիրախաւորել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին՝ հաշուի առնելով, որ վերջին շրջանին անոր հեղինակութիւնը ա՛լ աւելի բարձրացած է, իսկ իշխանութիւններու պարագային կացութիւնը ճիշդ հակառակն է։
Ստորեւ արեւմտարէնի վերածելով նոյնութեամբ կը ներկայացնենք ԳՀԽ-ի յայտարարութիւնը։
*
Հայաստանի վարչապետը պետական այրին անյարիր բառապաշարով, վիրաւորանքներով եւ մեղադրանքներով հերթական արշաւը սկսած է ընդդէմ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ՝ օրէնքէ վեր դասելով իր անձը։
Հայհոյախառն, անվայել խօսոյթներով յախուռն հրապարակումները զուրկ են բարեկրթութեան տարրական չափանիշներէն, կ՚ոտնահարեն մարդու հիմնարար իրաւունքները, կոպտօրէն կը վիրաւորեն հաւատացեալներու կրօնական զգացումները եւ կը սքօղուին կեղծ սրտացաւութեան հիմնաւորումներով։
Եկեղեցամարտ այս կեցուածքը ակնյայտօրէն թելադրուած է քաղաքական նպատակներով եւ փորձ է նսեմացնելու ազգային կեանքէն ներս եւ միջազգային շրջանակներու մէջ յարգանք վայելող Հայոց Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականաց հեղինակութիւնը, լռեցնելու Եկեղեցւոյ ձայնը եւ նուազեցնելու անոր հանրային ազդեցութիւնը։ Կառավարութեան ղեկավարի հակաեկեղեցական պահուածքը, ազգային արժէքներու եւ Եկեղեցւոյ դէմ նախաձեռնած գործընթացները յղի են կործանարար հետեւանքներու եւ սպառնալիք՝ հայոց պետականութեան, մեր ժողովուրդի միաբանութեան դէմ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Այսպիսի գործողութիւնները կը պառակտեն հասարակութիւնը, կը տկարացնեն ազգի ոգին եւ հայրենանուիրումի բարձր գիտակցութիւնը՝ յատկապէս առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ։ Նման դատապարտելի ձեռնարկումները կը սպասարկեն արտաքին հայատեաց ուժերու նկրտումներուն՝ որոշակիօրէն կապակցուելով Ատրպէյճանի քարոզչամեքենային կողմէ հայ ժողովուրդին եւ Հայոց Եկեղեցւոյ ուղղեալ զրպարտութիւններու եւ կեղծ մեղադրանքներու հետ։
Հայոց Եկեղեցին, գիտակից իր յանձնառութիւններուն, անշեղօրէն պիտի շարունակէ հոգեփրկչական եւ ազգապահպան առաքելութիւնը՝ ընդդիմանալով ազգավնաս ու կործանարար ընթացքներուն եւ մշտապէս հետամուտ ըլլալով պետութեան ու ազգի գերակայ շահերուն, մեր սրբազան արժէքներու պաշտպանութեան։
Եկեղեցւոյ հարցերը կը լուծուին եկեղեցական կարգերու եւ կանոններու համաձայն ու դուրս են պետական եւ քաղաքական գործիչներու իրաւասութենէն։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մէկ ամբողջութիւն է իր հաւատացեալ զաւակներով եւ զինուորեալ հոգեւորականներով՝ ի գլուխ ունենալով ազգընտիր Ամենայն Հայոց Հայրապետը։ Կոչ կ՚ուղղենք իրաւասու պետական մարմիններուն՝ կասեցնել վարչապետի այս ապօրինի եւ անհեռատես քաղաքականութիւնը։ Հարկ չկայ Եկեղեցին ներքաշելու արհեստական օրակարգերու մէջ եւ մղելու հակադարձման գործողութիւններու։
Այս նոր փորձութեան յանդիման կը յորդորենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներուն՝ ըլլալ միաբան ու միասնական, առ հայրենին եւ Սուրբ Եկեղեցին հաւատարմութեամբ ու զօրեղ հաւատքով յաղթահարել մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները եւ երբեք թոյլ չտալ մեր ազգային հիմնասիւներու սասանման: Թող այս մերժելի մեքենայականութիւնները պատճառ չդառնան հիասթափութեան եւ գայթակղութեան։
Կ՚աղօթենք առ Փրկիչ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, որպէսզի վնասաբեր երեւոյթներով չխաթարուի հայրենական կեանքը եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը ապրի խաղաղութեան, բարօրութեան եւ յառաջընթացի մէջ։ Թող Տէրը անսասան պահէ հայոց պետականութիւնը եւ պայծառ՝ Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հաւատացեալ իր բոլոր զաւակներով։