ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, ապա վեհարանի տարածք խուժելու եւ այնտեղ աննախադէպ իրավիճակ յառաջացնելու մասին։ Չէինք կարծեր, թէ հարցը ի վերջոյ այդտեղ կը հասնի, սակայն, իրականութիւնը կարծէք պայթեցաւ յանկարծ՝ ռումբի մը չափ ուժգին եւ ցնցիչ սաստկութեամբ:
Կացութիւնը անդառնալի վիճակի մը հասած է, սակայն, կոչ կ՚ընենք անյապաղ երկուստեք նահանջել, գէթ կանգ առնել այն կէտին վրայ, ուր մեզ հասցուցած են վերջին դէպքերը։ Եւ կանգ առնել հանդարտութեամբ եւ խաղաղութեամբ՝ առանց նոր լարուածութիւն ստեղծելու, սթափ եւ զուսպ հոգիով, այլապէս այս ճանապարհը, եթէ շարունակուի, մեզ անդունդ պիտի տանի։ Ուստի, պէտք է խնայել թէ՛ ազգը եւ թէ եկեղեցին՝ խուսափելու համար նոր եւ աւելի ծանր աղէտներէ, եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի մէջ նոր բաժանումներ եւ պառակտումներ ստեղծելու վտանգէն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը աղօթարան ու սրբարան է, «կերպարանք Աստուծոյ անքանակ էութեան», ինչպէս պիտի ըսէր Նարեկացին։ Ան դարերով հայուն պետականութիւնը եղած է՝ առանց պետական իրաւունքի, առանց զօրքի եւ ոստիկանի, բարոյապէս թագաւորելով մարմնապէս հալածուած եւ ընկճուած հոգիներու վրայ՝ իր ազդեցութեան շրջանակին մէջ պահելով բախտէն այրիացած սերունդները հայուն: Ան կրօնական նուիրապետութեան մը կեդրոնը չէ միայն, այլեւ հայուն հոգեւոր հայրենիքը:
Հետեւաբար, յանուն Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան խստագոյնս կը դատապարտենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, հայոց սրբութիւն սրբոցի դէմ վերջին օրերու ամօթալի եւ անպատուաբեր դրսեւորումներն ու գործողութիւնները: Լիայոյս ենք, թէ Մայր Աթոռը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ համաձայն վանական եւ եկեղեցական օրէնքներու, յարգելով Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնն ալ կը վերահաստատէ փոխադարձ յարգանքը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր գահակալին նկատմամբ:
Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ հայցելով Բարձրեալի օգնականութիւնը եւ մաղթելով Հայոց Հօրը երկար օրեր:
Աղօթարար՝
ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Հայ Պատրիարք Երուսաղէմի