ՅՈՅՍՈՎ ԱՊՐԵԼՈՒ ՍՈՒՐԲ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Բարին ակնկալելով, վերանորոգ հոգիով, ապագայատեսիլ մտասեւեռումներով, Աստուծոյ խոստումներուն կառչելով եւ յոյսի աչքերով կը դիմաւորենք Նոր տարին։

Լաւատեսութեամբ եւ աղօթական բարեմաղթութեամբ բոլորիս համար կ՚ըսենք. «Շնորհաւոր Ամանոր»։ Գոհունակ հոգեվիճակով, սրտաբուխ ոճով եւ անսպառ եռանդով կը շարունակենք ապրիլ՝ ուրախակից ըլլալով եւ տօնական մթնոլորտին ջերմութիւնը վայելելով։ Արդեօք ինչո՞ւ այսքան բարձր տրամադրութիւն, հոգիի ցնծութիւն, երազներ փայփայելու մտադրութիւն եւ հրաշքներու սպասելու վճռակամութիւն… Կարծեմ՝ այդ բոլոր զգացումներուն եւ ապրումներուն ներշնչման աղբիւրը յոյսն է։ 

Կեանքին պատկերը գեղեցկացնող, մարդուն ներաշխարհը վայելչացնող եւ բարոյական զօրակցութեան նպաստող առաքինութիւն մըն է յոյսը։ Ուրախութիւն տարածելու, խրախուսելու, գոյապայքար մղելու եւ ձգտում ունենալու համար անմիջական կարիքը ունինք յոյսի։

Յոյսի բարերար ազդեցութեան շնորհիւ մարդը պայծառատես կը մնայ, նոյնիսկ եթէ մշուշապատ եւ խաւարապատ է ներկան։ Քրիստոնէական առումով յոյսը սահմանափակում չունի, որովհետեւ յոյսով ապրողը Աստուծոյ հայրական խնամքին, բարերար կամքին եւ պահապան հովանիին կը վստահի։ Ուրեմն, յոյսը Աստուծոյ նկատմամբ վստահութեան հարազատ դրսեւորումներէն է, որով մարդը անդրդուելի հաւատքով կը շարունակէ իր կեանքի երթը՝ մեղքի մահաստուեր ձորէն պայծառակերպութեան լեռ հասնելու սրբազան նպատակով։

Քրիստոսի հետեւելու վաւերական արտայայտիչն է յոյսի աչքերով ապրիլը։ Շփոթեցուցիչ, մտահոգիչ, խանգարիչ եւ յոգնեցուցիչ այս աշխարհին մէջ յոյսով ապրողը՝ անվտանգ նաւարկութեամբ կ՚ընթանայ դէպի խաղաղութեան նաւահանգիստ։ Մեղքով ալեկոծեալ այս աշխարհին մէջ գոնէ ներաշխարհով մնանք խաղաղ, հանդարտ եւ հանգիստ, որպէսզի մեր կեանքի նաւակը չխորտակուի։

Անյոյսը շուտով կը հրաժարի երազանքներէն, նպատակներէն եւ ծրագիրներէն։ Իսկ յուսացող մարդը ունի պայծառ հորիզոններ եւ լուսաւոր հեռանկարներ։ Այսինքն, կը ցանէ սերմանելու սպասումով, կը պայքարի յաղթելու տեսիլքով, նեղութիւն կը կրէ համբերանքով եւ խաչի ճանապարհին կը քալէ յարութեան խորհուրդով։ Յուսացող մարդուն մաղթանքը աղօթական է, յորդորը՝ շահեկան, ներկայութիւնը՝ քաջալերական եւ երթը՝ պատուական։ Յոյսը դէպի ապագայ առաջնորդող կամուրջն է, յաջողութեան հասցնող ազդու միջոցներէն է, ուրախութեան ոսկի բանալին է, հաւատքին սերտ գործակիցն է եւ առաքինութեան մշտարթուն վերակացուն է։

Անխախտ յոյս ունենանք, որովհետեւ՝ ծովէն վերջ կայ ծովեզերք, խաչէն վերջ կայ Յարութեան արեւելք եւ տագնապի ժամանակ կայ աստուածային ելք։

Կայ նաեւ մեղքի բանտէն դուրս գալու հնարաւորութիւն, փրկութեան հասնելու կարելիութիւն եւ փորձութեան ընթացքին օրհնութիւն ստանալու պատեհութիւն։

Յոյսի բանալին ունենանք, որպէսզի՝

- բացուին յաջողութեան դռներ,

- բացուին նոր արշալոյսներ,

- լսուին յաղթանակի կանչեր,

- կատարուին աստուածային խոստումներ։

Յոյսի բանալին երբ կայ, ապա դուն կրկին կրնաս կանգնիլ, դարձեալ կրնաս պայքարիլ եւ բարի նպատակիդ հասնիլ։

Յոյսը աղօթական կեանքի սիրտն է, դարձի գալու մղիչ ուժն է, Քրիստոսին վստահելու ներքին ձայնն է։

Յոյս ունեցիր, բարեկամ, նոյնիսկ երբ մութ է ներկան եւ անորոշ է ապագան։ Յոյս ունեցիր, որպէսզի համբերութեամբ սպասես Տիրոջ փրկարար միջամտութեան։ Յոյս ունեցիր, որպէսզի ստանաս աղօթքիդ պատասխանը։

Եթէ յոյս չունենանք, ապա ո՛չ միայն տկար մնալու իրավիճակին պիտի յանձնըւինք, այլ հրաշք ակնկալելէ եւ ելքի ճանապարհ փնտռելէ պիտի դադրինք։

Յոյսով ապրողը խորապէս կը զգայ, թէ Աստուծոյ կամքը միշտ բարի է, նոյնիսկ եթէ մարդկային առումով անհասկնալի հանելուկ մը կը թուի Տիրոջ ծրագիրն ու կամքը։

Դաւիթ սաղմոսերգուն աղօթքին մէջ բազմաթիւ անգամներ անխախտ յոյսով Տիրոջ օգնութեան դիմած է, ահաւասիկ քանի մը մէջբերումներ.

«Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզի կը յուսամ, փրկէ զիս իմ բոլոր հալածիչներէս ու ազատէ զիս» (Սղ 7.1)։

«Ես քու ողորմութեանդ յուսացի, իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ» (Սղ 13.5)։

Ան Տիրոջ նկատմամբ իր վստահութիւնը ցուցաբերելով՝ հետեւեալը խօսքերը կ՚ըսէ. «Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի, յաւիտեան պիտի չամչնամ» (Սղ 31.1)։

Սաղմոս 61-ին մէջ կը կարդանք հետեւեալ հոգեշահ տողերը. «Հարստահարութեան մի՛ յուսաք, յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի՛ դնէք. Հարստութիւնը եթէ շատնայ, սրտերնիդ թող չվստահի անոր»։

Եսայի մարգարէութեան մէջ Տիրոջ ապաւինողներու վիճակին մասին կը տրուի հետեւեալ հաստատումը. «Տէրոջը ապաւինողներուն ուժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին» (Ես 40.31)։ Յոյսով ապրողը կրնայ այս փորձառութիւնը շահիլ եւ հոգեպէս նորոգուիլ։ 

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ» (Հռ 5.5)։ Այս խօսքերը ապացոյց են, թէ հաւատքով Քրիստոսին մօտեցողը եւ շնորհքի ներգործութեամբ ապրողը մշտապէս յոյսով կը զինուի։ Ահա թէ ինչո՛ւ բազմաչարչար Պօղոս առաքեալը եղաւ ճառագայթող ներկայութիւն, հոգեխօս վկայութիւն, հրաշալի օրհնութիւն, յոյս սփռող եւ Քրիստոսի լոյսը տարածող եզակի անձնաւորութիւն։

Հաւատքով հաստատուն, յոյսով զարդարուն, սիրով օծուն, շնորհքով փայլուն եւ բարութեամբ շողուն ըլլան մեր կեանքի օրերը։ 

Յոյսով դիմաւորենք Նոր տարին՝ քանզի յոյսը զօրեղապէս կ՚օգնէ մեզի, որպէսզի մարդավայել, հայավայել եւ աստուածահաճոյ ապրելակերպով ընթանանք։

Յոյսով մնանք եւ յոյսով ապրելու սուրբ արուեստը սորվելու հետամուտ ըլլանք։

ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025