ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Գնալը կղզիի յունաց վանքէն Տ. Քիրիաքոս քահանան, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն ուխտաւորներ։

Ս. Պատարագի աւարտին սարքուեցաւ նախաճաշի սեղան մը՝ գլխաւորութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Ջերմ զրոյցի մթնոլորտի մէջ անցաւ այս սիրոյ սեղանը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստացաւ փոքրիկն Սարվէն Ալէն Ներկիզ, որ կը նշէր իր տասնամեակը։ Տարեդարձի առթիւ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ ցուցաբերեց ջերմ վերաբերմունք։ (Լուսանկարը՝ կղզիէն)

Երկուշաբթի, Օգոստոս 4, 2025