Երկուշաբթի 7, Յուլիս 2025
ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ան այս ամառ առաջին անգամ կղզիի վրայ էր՝ նկատի ունենալով, որ եղանակի սկիզբին արտասահման կը գտնուէր։ Երէկուան Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։
Քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ, թէ հաւաքականութեան մը տեսակէտէ որքան կարեւոր է տեսիլք ունենալը, այլապէս, տուեալ հասարակութիւնը կրնայ կործանուիլ։
Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025