ԳՐԻԳՈՐ ՃԱՊՈՏԵԱՆ ԿԸ ՀԱԳՑՆԷ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԿԻՆԵՐ

Արաբական բեմի աստղերը եւ նշանաւոր կիներ մէկը միւսի ետեւէն կը հագուին հայ արուեստագէտ, ձեւագէտ Գրիգոր Ճապոտեանի յօրինած զգեստները։ 

Անցնող օրերուն համաարբական երգի աստղ, սուրիացի երգչուհի Ասալա Նասրի Պէյրութը դարձուց կենսարար ու շողշողուն քաղաք եւ քսանեօթ տարի ընդմիջումէ ետք համերգ մը տուաւ այնտեղ՝ քաղաքը արթուն պահելով մինչեւ լուսաբաց։ 

Կեանքի, երաժշտութեան եւ երգեցողութեան հանդէպ իր վարակիչ կիրքով, Գահիրէ բնակող սուրիական տիւան գործի դրաւ իր ձայնի ողջ հարստութիւնը, բեմական վարպետութիւնը եւ մանրամասնութեան հանդէպ զգայուն վերաբերմունքը՝ սկսելով երգացանկի խնամքով ընտրութենէն մինչեւ նրբագեղ հագուկապ։

Մօտաւորապէս հինգ հազար հանդիսատեսի առջեւ, «Ֆորում տէ Պէյրութ»ի բեմէն ան բացէ ի բաց խոստովանեցաւ իր սէրը քաղաքի հանդէպ, զոր կը կոչէ իր «ինքնութիւնը, կիրքը, ցանկութիւնը եւ սրտակից ուղեկիցը»։

Հակառակ լիբանանեան բեմերէն բացակայութեան, անոր երգերը երբեք չէին լքած լիբանանցիներու սիրտերը՝ շարունակ հնչելով հարսանեկան հանդիսութիւններու, զանազան տօնակատարութիւններու ժամանակ եւ փողոցներու մէջ։ 

Երգչուհիի բեմական ներկայութիւնը հարուստ էր հին ու նոր երգերով, սրտառուչ խօսքերով եւ ատոր կողքին՝ նաեւ ոճի, զգեստաւորումի փայլով, որ կը կրէր հայ նորաձեւագէտ Գրիգոր Ճապոտեանի ձեռագիրը, իսկ սանտրուածքի հեղինակը նոյնպէս հայազգի էր՝ Վաչէ Նազարէթը, որ երգչուհիի մազափունջը հաւաքած էր հիւսք-պսակով եւ զարդարած բիւրեղներով։ 

Արաբական բոլոր թերթերը գրեցին սուրիացի աստղի՝ շուրջ քառորդ դար ետք Լիբանան վերադարձին մասին, թէ ինչպէս ան բեմը դարձուց վերապրումի ու յիշողութեան թատերաբեմ։ Ասալա համերգի այդ գիշերը բնորոշեց իբրեւ «պատմական պահ» մը իր կեանքին մէջ։

Երգչուհիի հանդերձանքի հեղինակը՝ Գրիգոր Ճապոտեանն ալ այս համերգին առիթով գրեց․ «Պէյրութը ապրեցաւ պահ մը, ինչ որ կարելի չէ նկարագրել բառերով. գիշեր մը, որուն իմ քաղաքս կը սպասէր եւ կը կարօտնար աւելի քան քսանեօթ տարի։ Անոր վերադարձը նման էր հարազատ քաղաք վերադարձի. քաղաք մը, ուր ծովու անհանգիստ կապոյտը եւ ժողովուրդի անկոտրում ուժը կայ։ Արուեստի վերադարձը տուն… Իսկ ես կերտեցի ստեղծագործութիւն մը, որ համահունչ էր այդ լուսաբացին։ Շնորհակալութիւն, որ այդ գիշերը վերածեցիր Պէյրութի հոգիին մէջ փորագրուած յիշողութեան։ Շնորհակալութիւն, որ յոյսը բերիր քու հետդ, նաեւ շնորհակալութիւն, որ արտօնեցիր իմ ստորագրութիւնս քեզի հետ ըլլայ այս լուսաւոր վերադարձի ժամանակ»։

Գրիգոր Ճապոտեան եւ հազարաւոր լիբանանցիներ յոյսեր կը փայփայեն, որ նման համախմբող ձեռնարկներով Լիբանանը կը վերադառնայ իր անցեալի փառքին։ Ասալա Նասրիի երգն ու ներկայութիւնը դարձան հիւանդացած քաղաքի մը համար շունչ ու յուսաբեր դեղ։ Համերգը ներշնչեց լիբանանցիները՝ յիշեցնելով, որ մշակոյթը կրնայ յաղթել տխրութեան ու վերադարձնել արժանապատուութեան եւ ուրախութեան զգացումները, որոնցմէ այնքան զրկուած են լիբանանցիք։ Երգչուհին, իր ձայնով ու բեմական շուքով մէկ գիշերով վերակերտեց այն Պէյրութը, որուն ժողովուրդը միշտ երազած է…

ԱՆՑԵԱԼԻ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՓԱՌՔԸ

Պէյրութը բազմիցս համեմատուած է Փարիզի հետ եւ արժանացած «Մերձաւոր Արեւելքի Փարիզ» անունին՝ իր մշակութային բազմազանութեան, ճարտարապետական նրբագեղութեան, արուեստի բազմաբնոյթ շերտերու, բայց մանաւանդ՝ նորաձեւութեան կեդրոն ըլլալու համար։

Այսօր իր ծանր օրերը ապրող քաղաքը ժամանակին արաբական աշխարհի կրթութեան, արուեստի եւ երաժշտութեան կեդրոններէն էր, ուր թատրոնը, պատկերասրահները, քաղաքային մշակութային վայրերը գրաւիչ տեսք կու տային ծովու ափին հպարտօրէն փռուած քաղաքին։ 

Պէյրութը միաժամանակ կը համատեղէր արեւելեան աւանդական շքեղութիւնը՝ արեւմտեան ու եւրոպական ժամանակակից ոճերուն հետ։ Ճարտարապետութիւնը, մերձարեւադարձային կերակուրները, շքեղ խանութները, մշակութային միջոցառումները կը խառնուէին միջազգային շունչին հետ՝ ստեղծելով եզակի բազմազանութիւն ու վառ երանգներով քաղաքային միջավայր։ 

Արաբական երաժշտութեան, շարժապատկերի, նորաձեւութեան անուններու մշտական այցերը հաստատած էին Պէյրութի համաշխարհային համբաւը եւ ձեւաւորած անոր «Մերձաւորարեւելան Փարիզ» տիտղոսը: 

Քաղաքը այսքանով չէր սահմանափակուեր․ միեւնոյն ժամանակ դարձած էր մտաւորական շրջանակներու, փիլիսոփայական շարժումներու, երիտասարդական գաղափարներու կեդրոն․ համալսարանները, գրախանութները եւ կեդրոնական սրճարանները հանդիպումի վայրեր էին միտքի, ստեղծագործական բանավէճերու եւ մտաւորական քննարկումներու համար։ 

Ահա այսպիսի միջավայրի մէջ ծնած եւ մեծցած է Գրիգոր Ճապոտեան՝ լիբանանահայ նշանաւոր ձեւագէտը, որ բարձր նորաձեւութեան (haute couture) աշխարհին մէջ մտցուցած է նոր շունչ՝ միախառնելով հայկական մշակոյթի ոգին՝ ժամանակակից նորաձեւութեան խիստ պահանջներուն հետ: 

Գրիգոր Ճապոտեան միայն ձեւագէտ չէ․ ան արարող մշակոյթի կրողն է, որ իր ստեղծած զգեստներուն միջոցով կը պատմէ ինքնութեան, գեղեցկութեան եւ հայ մշակոյթի անտեսանելի, բայց շնչաւոր ժառանգութեան մասին: Լիբանանահայ նշանաւոր վարպետը աշխարհին կը ներկայանայ իր մանրակրկիտ, ձեռագործ ստեղծագործութիւններով: Իւրաքանչիւր ծալք, ամէն մէկ կար, մանրուք կամ զարդարանք կը վկայեն այն յարաբերութեան մասին, որ ձեւագէտը կը պահպանէ արեւելեան մշակութային արմատներուն եւ համաշխարհային նորաձեւութեան ճաշակին միջեւ:

Գրիգոր Ճապոտեան ծնած է Պէյրութ։ Վաղ տարիքէն զգացած է արուեստին նկատմամբ անսահման հետաքրքրութիւն։ Նկարչութիւնը, ասեղնագործութիւնը եւ հայկական մշակոյթէն ներշնչուած զարդարանքներ յօրինելը դարձած էին իր մանկութեան առաջին զբաղումները: Ուսանած է հայկական դպրոցի մէջ, հայ լեզուն, պատմութիւնը, եկեղեցին, հայկական արուեստը ոգեշնչած են զինք։ Աւարտելով Պէյրութի բարձրագոյն արուեստի եւ ձեւաւորումի ուսումնարանը (École Supérieure des Arts et Techniques de la Mode)՝ Գրիգոր Ճապոտեան ընդլայնած է իր հորիզոնները՝ աշխատելով լիբանանցի առասպելական նորաձեւարար Էլի Սաապի արհեստանոցին մէջ։ Սաապի մօտ ձեռք բերած փորձառութիւնը ան համեմած է իր տաղանդաւոր ձեռագրին հետ, որով ան այսօր կ՚օժտէ իր իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը:

2008 թուականին սկիզբ առած է իր անկախ գործունէութիւնը եւ այդ պահէն սկսած, Գրիգոր Ճապոտեան դարձած է անուն մը, որ կապուած է նրբագեղութեան, շքեղ ասեղնագործութիւններու եւ համարձակ լուծումներու հետ։ Քսաներեք տարեկանին ան բացած է առաջին դերձակատունը, ուր ընտանիքը դարձած է իր առաջին եւ մշտական աջակիցը։ 

Ճապոտեանի ստեղծագործութիւնը միջազգային ճանաչում ստացած է անմիջապէս. համաշխարհային աստղեր, արաբական երկիրներու բարձրախաւէն կիներ, թագաւորական ընտանիքի անդամներ կրած են իր յօրինած զգեստները եւ զարդերը, որոնք ան կը պատրաստէր անոնց անհատական ճաշակով՝ բայց միշտ ներդնելով իր երեւակայական թռիչքը։ Անոնց շարքին են Յորդանանի թագուհի Ռանիա, Հոլիվուտի աստղ Շերըն Սթոն, ամերիկացի երգչուհի Ռեճինա Քինկ, արաբ երգչուհի Ապըր Նահմէ եւ այլք, որոնց համար ան բազմաթիւ անգամներ հագուստ յօրինած է։

Իր ձեռագրին մէջ Գրիգոր Ճապոտեան մշտապէս պահելով հայ մշակոյթի տարրերը՝ նպատակ ունի նաեւ ներկայացնել իր արմատները ամբողջ աշխարհի բեմերուն վրայ: Ան մասնակցած է բազմաթիւ մրցոյթներու, արժանացած մրցանակներու, ճանաչման ու հաստատած իր տեղը համաշխարհային նորաձեւութեան աշխարհէն ներս։ 

Ճապոտեանի ստեղծած հաւաքածոներուն բոլորը ունին անուններ, նիւթեր, փիլիսոփայութիւններ, որոնց մէջ կան նաեւ հայկական ոգեշնչումներ. Ինչպէս՝ «Աղթամար» հաւաքածոն, ուր ան կը պատկերէ տասներկու թագուհիներ՝ իւրայատուկ հանդերձանքով։ Ներշնչումները պատմութենէն, երաժշտութենէն, շարժապատկերէն, գեղանկարչութենէն, բնութենէն կու գան։ Ամենամեծ ներշնչումը ան նկատած է իր նախնիներու պատմութիւնները՝ արմատներով Սիսէն հայկական ընտանիքի ճանապարհը, որ Լիբանան հաստատուելով պահած է աւանդութիւնները։ 

Հանրայայտ են անոր հարսանեկան զգեստներու հաւաքածոները, որոնք իր ստեղծագործութեան ամենաուշագրաւ եւ նուրբ նմոյշներն են։ Լայն փռուած ժանեակէ ծալքերը, արծաթէ եւ ոսկիէ թելերով ասեղնագործ նրբութիւնները, մարգարտաշար զարդարանքները կը փոխանցեն սերունդէ սերունդ շարունակուող աւանդութիւններու շունչը՝ միահիւսուած ժամանակակից նորաձեւութեան համարձակ արտայայտչականութեան հետ։

Իր գծած հարսանեկան զգեստները կը բնորոշուին իրենց թափանցիկ շերտաւորուած գործուածքներով, թեթեւութեամբ ու լուսաշող երանգներով, որոնք կը ստեղծեն յաւերժական ճերմակութեան եւ մաքրութեան զգացում։ Ժողովրդական տարազներէ ներշնչուած զարդանախշերը, խաչաձեւ կոճկումները, ծաղկային ու աւազանանման նկարազարդումները յաճախ կը վերամշակուին եւ կը վերածուին գլուխ գործոցներու։ Ճապոտեանի հարսանեկան զգեստը հարսին համար երազի իրականացում չէ միայն, այլ նաեւ մշակութային կամուրջ մը՝ անցեալի եւ ապագայի միջեւ։ Եւ ընդհանրապէս զգեստը անոր համար միայն հագուստ չէ, այլ պատմութիւն, որու միջոցով կը կարդացուին մշակոյթն ու ժամանակը, հայկական արմատներուն նուրբ հոսանքները:

Հայ արուեստագէտին համար ստեղծագործութիւնը շարունակութիւն է՝ միանալու անցեալին, գնահատելու ներկան եւ հիանալու ապագայի ներուժով:

ԱՍԻՈՅ ԱՍՏՂԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՕՏԻՈՎ

Ասիոյ ամենաճանչցուած աստղերէն մէկը՝ չինացի դերասանուհի, երգչուհի, պարուհի, հաղորդավարուհի Վիքթորիա Սուն (Սուն Ցիան կամ պարզապէս՝ Վիքթորիա), վերջերս W ամսագրի կարմիր գորգին յայտնուած է Գրիգոր Ճապոտեանի ստեղծած հագուստով։ Անոր վառ կերպարի վրայ աչքի զարկած է հայկական տարրերով գօտին, իսկ հանդերձանքը ցոյց կու տար շղարշի նրբութիւնը։ Այս հաւաքածոն Ճապոտեան կոչած է «Chapter XI», ուր բազմաթիւ ակնարկներ կան, զայն կը յիշեցնէ դասական բարձրաքանդակներու հրաշքը՝ դեղին թեւքահագուստներու միջոցով եւ աւանդական հայկական տարազի ոգեշնչումը՝ դէպի բնորդուհիի գօտկատեղ։ Հանդերձը ան լրացուցած է վզնոցով։ Ճապոտեան այս հաւաքածոյի մասին ըսած է․ 

«Ասիկա էջ մըն է, որ կը ծնի տարածքի մը մէջ, ուր գաղափարները կը ձեւաւորուին լռութեան մէջ։ Այստեղ դեղինը կը ներկայացնէ յայտնութիւն, իսկ զարդերը կը կրեն ո՛չ թէ փայլ, այլ՝ յիշողութիւն»։ 

Այս ընտրութիւնը Ասիոյ աշխարհահռչակ երգչուհիի անհատականութիւնը կ՚ընգծէ եւ կը ստեղծէ միջսահմանային երկխօսութիւն՝ Ասիոյ ու Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւններու միջեւ՝ կարմիր գորգին վրայ, որ փառքի, արուեստի արտայայտման հարթակ մըն է։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025