ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆՏՐՈՎԻ ՉԷ

Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւը՝ ի տարբերութիւն միւս ստեղծուածներուն՝ բանականութիւնն է. սակայն, չես գիտեր ինչո՞ւ, մարդ արարած կը զլանայ այդ բանականութիւնը ի գործ դնել եւ յաճախ կը նմանի այն ստեղծուածներուն՝ որոնք բնազդով կը գործեն: Աշխարհի վրայ քիչ չէ թիւը այն մարդոց, որոնք կ՚ապրին ու կ՚առաջնորդուին այլոց կարծիքներով ու տեսակէտներով՝ առանց սեփական դատողութիւնն ու համոզումները նկատի ունենալու: Այս երեւոյթը ծնունդ կ՚առնէ հասարակութեան սպասելիքներու ազդեցութեամբ, որովհետեւ բոլորը քննադատելու, քննելու եւ ինքնուրոյն տեսակէտ որդեգրելու կարողութիւնը չունին: 

Այս նիւթին շուրջ աւելիով սկսայ մտածել, երբ տեսայ ծայրայեղութեան հասնող «Ազատեցէ՛ք Պաղեստինը» կոչերը։ Այսօր Եւրոպայի մէջ, Ամերիկայի մէջ, Գանատայի մէջ կամ այլուր յայտնուած են մեծաթիւ խումբեր, որոնք «Ազատեցէ՛ք Պաղեստինը» լոզունգը կարգախօս դարձուցած դուրս կու գան փողոց եւ տեղի ու անտեղի այդ կոչը կը փորձեն բարձրաձայնել: Հաւատացէ՛ք, որ անոնցմէ շատ շատեր նոյնիսկ Պաղեստինին ուր ըլլալը չեն գիտեր։ Այսօր քարտէս մը բացէք անոնց դիմաց եւ հարց տուէք, թէ ո՞ւր է Պաղեստինը. մեծամասնութիւնը պիտի չգիտնայ, որովհետեւ անոնք Պաղեստինէն եւ Պաղեստինի մէջ նահատակուող մանուկներէն ու մեծահասակներէն աւելի հասարակութեան «հակացեղասպան» ըմբռնումներու մունետիկները դառնալ կը փորձեն: Այսօր ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը Պաղեստինի վրայ է, այդ իսկ պատճառով «աշխարհի հետ քայլ պահած» ըլլալու «մակարդակ»ը պահած ըլլալու համար թութակի նման կը կրկնեն այն՝ ինչ կը լսեն: 

Եթէ մէկը կը փորձէ հակառակ ըլլալ այս տեսակէտին եւ պնդել, որ ո՛չ, անոնք իրապէս մարդկային արդարութեան համար կը պայքարին, ապա մեր հարցը շատ պարզ ու յստակ է. երբ Արցախը երկար ամիսներ շրջափակման մէջ մնաց, երբ ժողովուրդը մազ մնացած սովամահ պիտի ըլլար՝ ինչո՞ւ համար Արցախի համար ազատութիւն չպոռացին. երբ Սուրիոյ մէջ անմեղ մանուկներ, կիներ ու երիտասարդներ կը զոհուէին, ինչո՞ւ համար ազատութիւն Սուրիոյ չպոռացին եւ յանկարծ Պաղեստինի պարագային իրենց մարդկային զգայարանները գործել սկսան. աշխարհը նոյնը ըրաւ Ուքրայնայի պատերազմի ժամանակ. ամբողջ աշխարհը իր զօրակցութիւնն ու ցաւը յայտնեց Ուքրայնայի, սակայն նոյն այդ ցաւ յայտնողներուն բերնէն երբեք Լիբանան, Սուրիա եւ կամ Արցախ բառը չլսուեցաւ: 

Այս բոլորը նկատի ունենալով այդ «ազատութեան» կոչին մէջ չենք տեսներ զօրակցութիւն կամ օգնութեան կանչ. այդ բոլորը դուրս չեն գար արդարութեան պահանջէն: 

Այս մէկը շատ աւելի պարզ ու յստակ դարձնելու համար հետեւեալը ըսենք. Եւրոպայի մէջ կին մը ճաշարանի մը դիմացէն անցնելով կը տեսնէ դրօշակ մը եւ վար առնելով կը պատռէ զայն եւ կը սկսի մեղադրել ճաշարանը՝ նման դրօշակ մը անամօթաբար դրած ըլլալու համար. ճաշարանի աշխատակիցները կը փորձեն հասկնալ կնոջ ջղայնութեան պատճառը. կինը «Ազատութիւն Պաղեստինին» կը պոռայ. մեր «մարդասէր» կինը Յունաստանի կապոյտ-ճերմակ դրօշակը Իսրայէլի դրօշակ կարծելով «բորբոքած» է. մերօրեայ «Ազատութիւն Պաղեստինին» կոչողներուն մեծամասնութիւնը այս կնոջ օրինակին կը հետեւին:

Մեր օրերուն «Ազատութիւն Պաղեստինին» կարգախօսը համացանցային «trend» մըն է՝ նորաձեւութիւն մը եւ հետեւաբար Պաղեստինի ազատութեան մասին գրառումներ ընել՝ աշխարհի հետ քայլ պահել, աշխարհի հարցերով հետաքրքրուած ըլլալը ցոյց կու տայ: 

Մինչեւ այսօր Ափրիկէի մէջ սովի պատճառով մանուկներ կը մահանան եւ հաւատացէ՛ք, որ մահացող այդ մանուկներուն թիւը Պաղեստինի մէջ զոհուածներուն քառապատիկն է. ինչո՞ւ համար «Ազատութիւն Ափրիկէի պզտիկներուն» կարգախօսով փողոց դուրս չեն գար։ Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, տարեկան աւելի քան 11 հազար մանուկ Ափրիկէի մէջ սովի պատճառով կը մահանայ. Պաղեստինի ազատութիւնը ուզողները ինչո՞ւ համար չեն բարձրաձայնէր Եմենի մէջ զոհուած մանուկներուն ազատութեան կարեւորութիւնը։ Վիճակագրական տեղեկութիւններ կը յայտնէ, որ անոնց թիւը հարիւր հազարներով է: 

Մարթին Լուտեր Քինկ իր յայտնի ճառերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Անարդարութիւնը ամէ՛ն տեղ անհանդուրժելի է». սակայն, չես գիտեր ինչպէ՞ս նման մարդոց մօտ անհանդուրժելի է միայն Պաղեստինի մէջ տեղի ունեցած անարդարութիւնը: 

Համաշխարհային մամուլը աչքէ կ՚անցընեմ. 15 հազար մարդիկ Սպանիոյ մէջ տակաւին մի քանի օրեր առաջ՝ սեպտեմբերի 18-ին «Պաղեստինի ազատութիւն» ուզելու համար հաւաքուեցան. այս հաւաքէն ընդամէնը չորս օրեր առաջ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հաւաքուեցան Պարսելոնայի մէջ: Մայիսի 18-ին եւ յունիսի 15-ին մօտաւորապէս հարիւր հազար մարդ Հոլանտայի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Պաղեստինի համար ազատութիւն ուզելու հաւաքին: Լոնտոնի մէջ 18 սեպտեմբերին մօտաւոր 12 հազած մարդոց մասնակցութեամբ ցոյց տեղի ունեցաւ՝ որուն ընթացքին հանգանակեցին 1,5 միլիոն տոլար: Մամուլի տեղեկութիւններով՝ այսօր Իտալիոյ մէջ նման հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ: Հաւատացէ՛ք, որ այս ցոյցերը վերջ պիտի չգտնեն եւ բազմահազար մարդիկ մասնակցութիւն պիտի բերեն: 

Ինչքա՜ն կ՚ուզէի այդ հաւաքի մասնակիցներուն մէկ առ մէկ հարց տալ. Արցախի համար, Սուրիոյ համար, Ափրիկէի եւ կամ Լիբանանի համար ինչո՞ւ համար նոյն մարդասիրական զգացումներդ չարթնցան... եթէ համոզիչ «ինչո՞ւ» մը չկայ, ապա այս բոլորը անիմաստ դերասանութիւններ են. թող անոնցմէ ո՛չ ոք մարդասիրական զգացումներով առաջնորդուած ըլլալը չմտածէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Պաղեստինի զոհերը հանրութեան կողմէ կարեւորութեան կ՚արժանանայ, իսկ Արցախինը ոչ:

Պատասխան. Այս փաստը պայմանաւորուած է քաղաքական եւ լրատուական շահերով. Պաղեստինի խնդիրը աշխարհին կը ներկայացուի որպէս շատ կարեւոր միջազգային խնդիր. անոր մասին անդադար կը գրեն ու կը խօսին, իսկ Արցախի ողբերգութիւնը՝ ինչքան ալ ցաւալի եւ ծանր ըլլայ՝ լսելի չէ միջազգային հանրութեան: Բացի այդ, աշխարհը կարեւորութիւն կը դարձնէ այն նիւթերուն, որուն մէջ շատ աւելի են քաղաքական շահերը եւ այս մէկը արդարութեան տեսակէտէ խոր հիասթափութիւն է. մարդկային տառապանքը այսօր կը գնահատուի բխած շահերէն եւ տարածքներէն եւ ո՛չ մարդասիրութենէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2025