ԴԱՒԻԹ ԵՒ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

Աստուծոյ ժողովուրդին աղօթքը աւելի՛ պիտի փթթի Աստուծոյ բնակարանին հովանիին ներքեւ, այսինքն՝ ուխտի տապանակին եւ աւելի ուշ՝ Տաճարին մէջ։ Նախ ժողովուրդին առաջնորդները՝ հովիւները եւ մարգարէները, անոր աղօթել պիտի սորվեցնեն։ Մանուկ Սամուէլ իր մօրմէն սորվեցաւ ինչպէս «կանգնիլ յանդիման Տիրոջ». (Ա ՍԱՄ. Ա 9-18), իսկ Հեղի քահանայէն՝ ինչպէս ունկնդրել Անոր խօսքը. «Խօսէ՛ Տէր, եւ Քու ծառադ պիտի լսէ». (Ա ԹԱԳ. Գ 9-10)։ Աւելի ուշ՝ ինք եւս պիտի ճանչնայ բարեխօսութեան արժէքը եւ ծանրակշռութիւնը. «Քա՛ւ լիցի որ մեղանչեմ Տիրոջ դէմ, դադրիմ աղօթելէ ձեզի համար, դադրիմ ուսուցանելէ ձեզի բարի եւ անշեղ ճանապարհը». (Ա ԹԱԳ. ԺԲ 23)։

Դաւիթ իսկական թագաւորն է «ըստ Աստուծոյ սրտին», հովիւը, որ կ՚աղօթէ իր ժողովուրդին համար եւ անոր անունով։ Անոր համակերպութիւնը Աստուծոյ կամքին, անոր գովասացութիւնը եւ զղջումը պիտի հանդիսանան ժողովուրդին աղօթքին տիպարը։

Աստուծմէ օծուած, իր աղօթքը հաւատարիմ փարո՛ւմ մըն է աստուածային խոստումին. (Բ ՍԱՄ. Է 18-29), սիրազեղ եւ ուրախալի վստահութիւն մըն է հանդէպ Անոր, որ միակ թագաւորը եւ Տէրն է։ Սաղմոսներուն մէջ, Դաւիթ ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն, հրէական եւ քրիստոնեայ աղօթքին առաջին մարգարէն կը հանդիսանայ։ Քրիստոսի, ճշմարիտ Մեսիայի եւ Դաւիթի Որդիին աղօթքն է, որ այս աղօթքին իմաստը պիտի բացայայտէ եւ իր կատարումին պիտի հասցնէ։

Երուսաղէմի Տաճարը, աղօթատունը զոր Դաւիթ կ՚ուզէր կառուցանել, իր որդիին՝ Սողոմոնի ձեռակերտը պիտի ըլլար։ Տաճարին Նաւակատիքին աղօթքը. (Ա ԹԱԳ. Ը 10-61) կը յենու Աստուծոյ խոստումին եւ Անոր ուխտին վրայ, եւ Իր ժողովուրդին մէջ Իր անունին կենդանի ներկայութեան վրայ եւ Ելքին մեծագործութիւններուն յիշատակութեան վրայ։

Արքան իր ձեռքերը դէպի երկինք կը բարձրացնէ եւ կ՚աղերսէ Տիրոջ թէ՛ իր, թէ՛ բոլոր ժողովուրդին եւ թէ գալիք բոլոր սերունդներուն համար, անոնց մեղքերուն թողութեան եւ անոնց ամէնօրեայ կարիքներուն համար, որպէսզի բոլոր ազգերը գիտնան, թէ Ան միայն Աստուած է եւ որպէսզի Իր ժողովուրդին սիրտը ամբողջովին Իրեն ըլլայ։

Տաճարը Աստուծոյ ժողովուրդին համար պիտի ըլլար աղօթքին մէջ իր դաստիարակութեան վայրը, ուխտագնացութիւնները, տօները, զոհերը, երեկոյի ընծաները, խունկը, առաջաւորութեան հացերը, բարձրեալ եւ մերձաւոր Աստուծոյ Սրբութեան եւ փառքին այս բոլոր նշանները՝ դէպի աղօթք տանող կոչեր եւ ուղիներ էին։ Բայց այս ծիսապաշտութիւնը ժողովուրդը յաճախ կը տանէր դէպի չափազանց արտաքին պաշտամունք մը։ Հա՛րկ էր կրթել անոր հաւատքը, անոր դարձը սրտին։ Ասիկա մարգարէներուն առաքելութիւնը հանդիսացաւ Պանդխտութենէն առաջ եւ ետքը։

Եղիա հա՛յրն է մարգարէներուն, «անոնց ցեղէն, որոնք Աստուած կ՚որոնեն, որոնք կը փնտռեն տեսնել Աստուծոյ երեսը». (ՍԱՂՄ. ԻԴ 6)։ «Տէրը իմ Աստուածս է» անունը՝ աղաղակն է ժողովուրդին իբր պատասխան Եղիայի աղօթքին՝ Կարմեղոս լերան վրայ. (Ա ԹԱԳ. ԺԸ 39)։

Յակոբ մեզի կը վերյիշեցնէ Եղիայի օրինակը՝ մեզ աղօթքի խրախուսելու համար. «Արդարեւ արդարին աղօթքը մեծ զօրութիւն ունի». (ՅԱԿ. Ե 16-18)։

Աղօթքը զօրութի՛ւն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 7, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 8, 2026