ԳՐՈՂԻՆ ՆԵՐՔԻՆ ԾԷՍԸ

Գրող ըլլալը ունի իր հոգեբանական բարդութիւնները, ինչ որ յաճախ ընթերցողին համար ծածուկ, սակայն, գրողին համար բացայայտ տագնապի մը կրնայ վերածուիլ։ Անշուշտ, այստեղ պէտք է նկատի առնել կարեւոր գործօն մը.- ինչո՞ւ համար կը գրէ գրողը. պատճառները կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն կը հաւատանք, որ ճշմարիտ գրողը՝ որ կը գրէ ո՛չ թէ գրող ու «յայտնի» դառնալու, շրջապատին կողմէ «գովասանք» լսելու ցանկութեամբ, ներքին անհրաժեշտութիւն մը զինք կ՚առաջնորդէ գրելու. միտքերը արտայայտելու խոր ցանկութիւն մը զինք կը բոցավառէ եւ ծնունդ կ՚առնէ ներքին խռովութիւն մը՝ որ վերջ կը գտնէ գրելով: 

Գրող ըսելով նկատի չունինք անոնք, որոնք մի քանի բառեր քով քովի բերելով «գրութիւն» ստեղծել կը փորձեն՝ հիմնական նպատակ ունենալով «ճանաչում» մը ձեռք բերել (ինչ որ մեր շուրջը քիչ չեն). կան մարդիկ, որոնք ուշադրութեան կարիք ունին եւ երբ գրելու հիմնական պատճառն ու նպատակը այս մէկը ըլլայ, այդ գրութեան մէջ հոգեկան ապրումներ, ստեղծագործական միտք կարելի չէ գտնել. պարզապէս շուկայական պահանջի կը վերածուի անոնց գրութիւնը՝ որուն խորքէն աւելի արտաքինն է կարեւորը: Նման գրողներ այսօր դուրս են մեր հիմնական յօդուածի նիւթէն: 

Ճշմարիտ գրողները ունին հիմնական մի քանի բարդութիւններ.

Ա.- Ստեղծագործելու տագնապ.- Յաճախ գրողին միտքին մէջ յստակ կ՚ըլլան գաղափարները՝ որոնց մասին կ՚ուզէ գրել, սակայն, երբ կը նստի թուղթի դիմաց պահ մը միտքը կը պղտորի՝ մինչեւ յաջողի յօդուածին կամ գրութեան առաջին մի քանի տողերը գրի առնել, որովհետեւ գաղափարը բառերու եւ տողերու վերածելը նոյնքան կարեւոր է՝ ինչքան գաղափարի հասնիլը: Այդ տագնապը կապուած է զգացումներուն հետ, որովհետեւ ստեղծագործելը կեդրոնացում եւ լրջութիւն կը պահանջէ: 

Բ.- Ինքնաքննադատութիւն եւ չափանիշներ.- Ճշմարիտ գրող մը կը հաւատայ, թէ իր գրութիւնը մի՛շտ ու մի՛շտ թերի է եւ ո՛չ թէ ընթերցողին, այլ ինքն իր չափանիշներուն դէմ կը պայքարի՝ որպէսզի յաջողի լաւագոյն ձեւով արտայայտել այն զգացումները, որոնք շրջան կ՚ընեն իր միտքին ու զգացումներուն մէջ։ Գրող մը ինքն իրեն համար երբեք «բաւարար» գրող մը չի կրնար ըլլալ. «բաւարար» ըլլալու զգացումը զինք կրնայ դէպի ճահճացում առաջնորդել եւ այդ է պատճառը, որ գրողներէն շատ շատեր իրենց նախկին գրութիւնները չեն սիրեր (չըսելու համար կ՚ատեն)։ Անոնք այսօր յօդուած մը կը գրեն եւ գուցէ այդ յօդուածը «յաջող» նկատեն, սակայն, նոյն յօդուածը տարի մը ետք կրնայ տհաճ թուիլ, որովհետեւ մարդ արարած միշտ կը զարգանայ, միշտ կը յառաջդիմէ եւ անոր հետ միասին փոփոխութիւն կը կրէ նաեւ անոր մտածելակերպը: Այս բոլորը նկատի ունենալով ըսենք, որ ամէն ճշմարիտ գրող անպայման ունի «ամօթի գրութիւն» մը. ամօթի գրութիւն կը կոչենք այն բոլորը, որ օրին գրուած, սակայն, ժամանակ մը ետք տհաճ թուացած են գրողին համար: 

Գ.- Զգացական բաժին.- Շատ մը գրողներ կը փորձեն վերացականէն հեռու մնալով գրել իրենց սեփական կեանքին, սեփական փորձին մասին եւ այդ մէկը բառերու կողքին կը պահանջէ նաեւ սեփական կեանքի վերատեսութիւն, վերաքննարկում, ինչ որ խոր զգացական բաժին կը ստեղծէ գրողին մօտ. սեփական զգացումները, սեփական վախերն ու անձնական փորձառութիւնը գրելը աւելի դժուար է, քան երեւակայական վերացական նիւթերու մասին գրելը: Այդ զգացական բաժինին մաս կը կազմէ նաեւ մինակութիւնը. գրողներու մեծամասնութիւնը կը գրեն առանձնութեան մէջ եւ այդ առանձնութիւնը թուղթին մտերմութեամբ անտեսանելի կապ մը կը ստեղծէ երկուքին միջեւ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեր խմբագիրը յաճախ կ՚ըսէ, որ յօդուածը գրողի մը զաւակն է. թէեւ այդ զաւակը մի քանի օրեր ետք արդէն իսկ «հին» պիտի նկատուի, սակայն «զաւակ» ըլլալէ չի դադրիր: 

Շատեր գրողներու տագնապներէն կը կարծեն «ընթերցողի պակաս»ը. իրականութեան մէջ (մանաւանդ հայ մամուլի պարագային) բոլորս ալ գիտենք, որ ընթերցողներու թիւը նուազած է եւ գրեթէ հազիւ մի քանի անհատներ կը կարդան հայ մամուլը, հակառակ անոր, որ ազգովի կը հաւատանք մամուլի առաքելութեան եւ անոր կարեւորութեան. սակայն, կան գրողներ, որոնք ընթերցողի պակասի տագնապէն հեռու կը մնան, որովհետեւ անոնք կը գրեն նախ եւ առաջ իրենք իրենց անձին համար՝ որպէս սփոփանք ու ներքին տագնապներու հանգստութիւն, իսկ յետոյ կը գրեն պատմութեան համար. այս թերթին մէջ լոյս տեսնող իւրաքանչիւր յօդուած եթէ ոչ այսօր, ապա ապագային՝ գուցէ հարիւր տարի ետք «խենթ»ի մը կողմէ կարդացուի՝ այնպէս ինչպէս մենք այսօր նստած կը կարդանք հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ գրուած գրութիւններ: Շատեր կը գրեն, որովհետեւ ի վերուստ իրենց տրուած է գրելու շնորհքն ու կարողութիւնը՝ առանց նկատի ունենալու, որ ընթերցողի թիւը շատ է թէ քիչ. այն գրողը, որ կը կարեւորէ ընթերցողի թիւը՝ ապա կը գրէ միայն ու միայն ընթերցողներ «որսալու» համար: 

Անշուշտ, գրողի մը համար ուրախութիւն է լսել ակնարկներ իր գրութեան մասին. գիտնալ՝ որ տակաւին կան կարդացողներ՝ նոյնիսկ եթէ անդրադարձը բացասական՝ քննադատութեան տեսքով գայ: Յաճախ լսուած է, որ արուեստագէտները տարօրինակ մարդիկ են. նոյն տարօրինակութիւնը ունին գրողները, որոնց վիճակուած է գրել՝ մինչեւ վերջին շունչ. աշխարհի պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցած են բազմամիլիոն գրողներ՝ որոնք այսօր չեն յիշուիր. սակայն, անոնք գրող ըլլալէ չեն դադրիր, որովհետեւ գրելը գրողին համար ծէս է՝ իր եւ իր միջեւ տեղի ունեցող, որուն հանդիսատեսը կրնայ ըլլալ ընթերցողը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Եկեղեցին հաւատացեալներու ընտանիքն է: Եկեղեցին շարունակաբար իրենց ապաշխարութիւնը վերանորոգող մարդոց հաւաքականութիւնն է: Եկեղեցին, շարունակաբար իրենց մկրտութեան ուխտը վերանորոգող մարդոց հաւաքականութիւնն է: Եկեղեցին շարունակ եկեղեցւոյ Հիմնադիրին՝ Քրիստոսի հետ ըլլալ փափաքողներու հաւաքականութիւնն է: Եկեղեցին պարզապէս աշխարհիկ միութիւն մը չէ, որ միայն մշակոյթով, երգով, պարով եւ միասնականութեամբ պիտի զբաղի: Եկեղեցին Քրիստոսակեդրոն հաւաքականութիւն է:

ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 8, 2026