ՏԱՌԱՊՈՂԸ ԲԱԽՏԱՒՈՐ Է

Հիմա արդէն կամաց կամաց սկսած եմ հասկնալ, թէ մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակ մեր թուականէն եօթանասուն տարիներ առաջ՝ 1965 թուականին իր որդիին նուիրած բանաստեղծութեան մէջ ինչո՛ւ կը մաղթէր, որ անոր կեանքը «դիւրութեամբ» չանցնի. չէ՞ որ հօր մը՝ ծնողքի մը համար իր զաւակին հանգստութիւնն ու անդորրութիւնը էական է. եթէ իրապէս այդպէս է, ինչո՞ւ բանաստեղծը կը գրէ. «չէի ուզի, որ քո կեանքը հարթ խճուղու նման լինէր» եւ կ՚աւելցնէ, որ կ՚ուզէ իր զաւակը քարերով լեցուն՝ դժուար ճամբէն անցնի: 

Ամբողջ աշխարհը բախտաւոր կը նկատէ այն անձերը, որոնց կեանքը անցած է եւ կը շարունակուի անցնիլ դիւրութեան մէջ եւ դժբախտ բոլոր անոնք՝ որոնց ձեռքբերումները նեղութեան, զրկանքի եւ տանջանքի արդիւնք են. սակայն, որոշ ժամանակ ետք կեանքը կու գայ հասկցնելու, որ ճշմարիտ բախտաւորները երկրորդներն են, որովհետեւ դժուարութիւնները յաճախ կու գան ո՛չ թէ մարդու կեանքը դժուարացնելու կամ տաղտուկ պատճառելու, այլ փորձելու համար ուժերը, որովհետեւ դժուարութիւնները մարդուն կը սորվեցնեն պայմաններուն յարմարիլ եւ այդ յարմարելու կարողութիւնը ինքնին ուժ կը պահանջէ: Աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր յաջողակ անձ իր յաջողութիւնը այսպէս կամ այնպէս կը պարտի իր դժուարութիւններուն: 

Դժուարութիւնները կը ստիպեն, որպէսզի մարդ աւելի կեդրոնացնէ իր մտածումները, պահ մը դանդաղի եւ առիթ ունենայ մտածելու եւ աւելին տեսնելու, որպէսզի իմաստութեամբ յաղթահարէ ամէն տեսակ դժուարութիւն։ Մարդկային ապրելակերպը դաստիարակութեան կողքին կը կազմուի դժուարութիւններու միջոցով. երբ մարդ դժուարութիւններու հանդիպի, բնազդաբար կը մշակէ նոր ձեւեր ու կը ստեղծէ նոր ելքեր. այդ փոքր ելքերը ժամանակի ընթացքին կը դառնան մարդու կեանքի յենարանները եւ մարդ կը սկսի իր դժուարութիւններուն համար պաշտպանողական համակարգ մը ստեղծել՝ որ արտաքինէն աւելի ներքին ընթացք մըն է: Դժուարութիւնը մարդուն կը սորվեցնէ իրատեսութիւն. դժուարութեան դիմաց գտնուող մարդը իրականութեան հետ շատ աւելի կը յարմարի եւ լաւապէս կը ճանչնայ իր սահմանափակումներն ու հնարաւորութիւնները. անոր մէջ կը զարգացնէ հեռանկարի հանդէպ հաստատամտութիւն՝ սորվեցնելով, որ կեանքի մէջ ամէն բան մէկ անգամէն, ակնթարթի մը մէջ ձեռք չի բերուիր, այլ ամէն յաջողութիւն, ամէն դժուարութենէ դուրս գալ կը պահանջէ ժամանակ ու համբերութիւն. դժուարութիւնը մարդուն մէջ կը ծնի պատասխանատուութեան գիտակցութիւն։ Այս բոլորի լոյսին տակ դժուարութիւնը մարդուն կը ստիպէ զարգանալ եւ նոր հմտութիւններ գտնել, որովհետեւ այն դժուարութիւնները, զորս մարդ կը դիմագրաւէ, կրնայ ամբողջութեամբ տարբեր ու այլազան ըլլալ. դժուարութիւնը մարդուն կու տայ ապրելու հմտութիւնը, խոհեմութեամբ որոշում կայացնելու ունակութիւնը եւ կը զարգացնէ մարդու զգացական համակարգը: Յաճախ կը տեսնենք, որ աղքատներու նկատմամբ շատ աւելի կարեկցական մօտեցում ունին անոնք, որոնք դժուարութիւններու հանդիպած են, քան միւսները՝ որոնք «հանգիստ» կեանք մը կ՚ապրին. պատճառը նիւթականէն վեր, զգացականն է. դժուարութիւններ դիմագրաւող անձը աւելիով կ՚ունենայ կարեկցելու զգացումը, որովհետեւ ինք լաւապէս գիտէ եւ կը հասկնայ, թէ ինչ ըսել է դժուարութիւն: 

Ամերիկացի գրող Հելէն Քելլեր իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Դժուարութիւններ ո՛չ թէ վերջ, այլ նոր սկիզբ են, որոնք հնարաւորութիւն կու տան աւելի զօրաւոր դառնալու»: Այսօր աշխարհը լեցուն է «բախտաւոր» դժբախտներով, որոնք ամբողջ կեանք մը անցուցած են պայքարելով եւ կը շարունակեն պայքարիլ. սակայն անոնք աւելի բախտաւոր են, քան հանգստութեան մէջ ապրողները, որովհետեւ անոնք գիտեն դժուարը յաղթահարել, մինչ հանգստութեան մէջ ապրողը նուազագոյն դժուարութեան դիմաց ատակ է ընկճուելու եւ կորսուելու: Դժուարութիւնները պէտք է համեմատել հիւանդութիւններու հետ. կարգ մը հիւանդութիւններ փոքր տարիքէն մանուկին մարմինին մէջ կը սրսկեն՝ որպէսզի մարմինը անոր դիմադրականութիւնը ունենայ. նոյնն է դժուարութիւնը։ Որպէս երեւոյթ անծանօթ է մարդուն, սակայն կը ստիպէ, որ մարդ անոնց հանդէպ պաշտպանողական համակարգ մը ստեղծէ եւ որեւէ դժուարութիւն վերածէ առիթի, վերածէ դասի եւ նոյնիսկ եթէ ցաւ պատճառէ այդ մէկը՝ յաջողի ապագայի համար որպէս անկրկնելի սխալի վերածել: 

Ամենէն հին փիլիսոփաները անգամ կարեւորած են դժուարութիւնը, որովհետեւ դժուարութիւնն է, որ առիթ կու տայ, որպէսզի մարդ լաւապէս ճանչնայ իր թերութիւնները. եթէ կռիւ չըլլայ, մարդ չի կրնար իր ուժը փաստել. նոյնն է պարագան դժուարութեան։ Եթէ կեանքի մէջ դժուարութիւն չըլլայ, մարդ չի կրնար փաստել իր ներքին ուժը՝ իր համբերութիւնը, իր ապրելու եւ գոյատեւելու հմտութիւնը։ Հին փիլիսոփաներ կ՚առաջարկեն կեանքին յաջողութիւնները ուսումնասիրելու փոխարէն ուսումնասիրել ձախողութիւնները, որովհետեւ ձախողութիւններն են, որ յաջողութիւն կը ծնին։ Նախապէս յօդուածի մը մէջ ըսած ենք ու դարձեալ կ՚ըսենք. մեր շուրջ գոյութիւն ունեցող ամէ՛ն բան իրականութեան մէջ արդիւնքն է դժուարութեան. մեր շուրջ գտնուող մարդկային բոլոր ստեղծագործութիւնները հազար ու մէկ դժուարութեան արդիւնք են. մենք արդիւնքը կը տեսնենք, սակայն, զանոնք հնարողներն ու ստեղծողները անոնց ետին տեղ գտնող դժուարութիւնը լաւապէս կը ճանչնան: 

Երանի՜ այն մարդուն, որ դժուարութիւն ճաշակած է, որովհետեւ ան լաւապէս կը հասկնայ յաղթանակի, խաղաղութեան եւ հանգստութեան արժէքը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Լեզուն ժողովուրդի հոգիի, բանականութեան արտայայտիչն է։ Մշակութային ըլլալու առաջին պայմանը զարգացած, հարուստ եւ ճկուն լեզուն է։ Պալատներն ու տաճարները այնքան չեն ցոլացներ ժողովուրդին մշակոյթը, որքան լեզուն։ Տնտեսական, թեքնիքական եւ քաղաքական իրաւական ձեւերը կարելի է ընդօրինակել դուրսէն, բայց լեզուն անհնար է։ Լեզուն պէտք է ստեղծագործել։ Լեզուի մէջ է, որ կ՚արտայատուի մեր ժողովուրդին ստեղծագործական զօրութիւնը։

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 9, 2026