Ի՞ՆՉ ԸՐԱՒ ՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ… (Գ.)
Քանի մեր դասախօսը կը դժուարանայ մի քանի արժէքներ գտնել՝ որ եկեղեցին տուած է ժողովուրդին, կու գանք շարունակելու. եկեղեցին հայ պետականութեան մեծապէս օգնեց, որպէսզի ձեւաւորէ իր իրաւական համակարգը եւ անոր մեծագոյն ապացոյցն ու օրինակը Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»ն է, որ իր մէջ կը ներառէ քրէական եւ քաղաքացիական օրէնքներ: Մխիթար Գօշ եկեղեցական ըլլալով իր աշխատութեամբ օգնեց, որպէսզի հասարակական յարաբերութիւնները ունենան իրենց յստակ ու մարդկային կանոնները: Այս աշխատութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ առանց սեփական օրէնքներու սահմանումի, հայ ժողովուրդը ի զօրու էր օտար պետութիւններու օրէնքներն ու կանոնները ընդօրինակել, սակայն, Մխիթար Գօշ իր աշխատութեամբ եկաւ հայկականը, Քրիստոնէականն ու մարդկայինը մէկտեղելու՝ բոլոր օրէնքներուն ու կանոններուն մէջ պահպանելու հայկական արժէքներն ու աւանդութիւնները:
Մխիթար Գօշ եզակի դէմք է մասնաւորաբար անոր համար, որ յաջողեցաւ ու պետութեան օրէնքներուն մէջ միաւորեց նաեւ եկեղեցական կանոնները՝ ստեղծելով հաւասարակշռութիւն մը մարդկային-աշխարհիկ օրէնքներուն եւ հոգեւորին միջեւ: Անշուշտ այս աշխատութեան արդիւնաւորութիւնը կը տեսնենք անով, որ այս աշխատութիւնը երկար տարիներ որպէս օրէնքի գիրք ու կանոն գործածուեցաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ այլ շրջաններու մէջ: Այդ աշխատութեան ճամբով կարելի է ճանչնալ միջնադարեան իրաւագիտութիւնը, լեզուն, գրականութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը եւ ա՛յդ է պատճառը, որ Գօշի «Դատաստանագիրք»ը մինչեւ օրս կը գրաւէ իր կարեւոր տեղը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
Քրէական ու քաղաքացիական օրէնքներ ինչո՞ւ համար գրուեցան եկեղեցականի մը կողմէ.- Պատասխանը պարզ է: Եկեղեցին լոկ հոգեւոր կեդրոն մը չէր. ան հասարակական կեանքի գլխաւոր կազմակերպիչն էր: Բացի այդ, հին ժամանակներուն պետութիւնները չունէին օրէնքի հասկացողութիւն եւ անոնց մեծագոյն առաջնորդը հաւատքն էր. մարդիկ կ՚առաջնորդուէին հոգեւոր օրէնքներով եւ աւանդութեամբ եւ Մխիթար Գօշ եզակի միտքն էր, որ յաջողեցաւ մարդկայինը, եկեղեցականն ու աւանդութիւնները միատեղել մէկ օրէնքի գիրքի մէջ, որպէսզի պետութիւնը եւ ամբողջ ազգը առաջնորդուի այդ օրէնքներու լոյսին տակ: Հետեւաբար Եկեղեցիին պետութեան տուած բարիքներէն մէկը իրաւական համակարգն էր, որուն հեղինակն էր Գանձակի մէջ լոյս աշխարհ եկած կուսակրօն քահանայ մը՝ Մխիթար Գօշը:
Անցնինք միւսին:
Հայ Եկեղեցին հոգեւոր կեդրոն ըլլալէ բացի, եղած է գրեթէ ամէ՛ն ինչ. ունեցած ենք եկեղեցականներ, որոնք զարգացուցած են հայ ճարտարապետութիւնը Հայաստան աշխարհին մէջ. ցաւ ի սիրտ, անոնցմէ շատերու անունները տրուած են մոռացութեան, սակայն, պատմութիւնը կը մնայ փաստ. ճարտարապետութեան մէջ կան եկեղեցականներ, որոնց անունը պէտք չէ մոռնալ. անոնցմէ են օրինակ՝ Ներսէս Գ. Տայեցի կաթողիկոսը, որ պատմութեան մէջ յիշուած է նաեւ «Շինող» կոչումով. կաթողիկոս՝ որ երկար տարիներ զբաղած է եկեղեցիներ ու վանքեր կառուցելով: Անոր օրով է, որ առաջին անգամ Էջմիածինի Մայր Տաճարը հիմնովին նորոգուեցաւ եւ հարստացաւ քանդակագործութիւնով:
Եկեղեցին իր վանքերուն ու համալսարաններուն մէջ տուած է ճարտարապետական ուսուցումներ. մեր ժողովուրդի քաղաքակրթութեան մէջ ճարտարապետութիւնը սկսած ու զարգացած է եկեղեցաշինութեամբ։ Հայոց պատմութեան մէջ մինչեւ օրս յիշուող յայտնի ճարտարապետներ իրենց առաջին գործերն ու փորձերը կատարած են եկեղեցիներ շինելով, որովհետեւ եկեղեցին մեծ դեր ունեցած է անոնց զարգացման եւ ճարտարապետութեան մէջ յառաջդիմելու կապակցութեամբ: Եկեղեցաշինութեամբ է, որ զարգացած է քարէ շինարարութեան մշակոյթը: Համաշխարհային ճարտարագիտութիւնը այսօր սքանչացումով կը նայի Սանահինի, Հաղբատի, Հառիճի եւ այլ վանքերու ճարտարապետութեան, որոնք կը շարունակեն մնալ գլուխգործոցներ:
Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ եկեղեցին հայ ժողովուրդին բացի լեզուէն ու գրականութենէն՝ հարստացուցած է նաեւ քաղաքակրթութիւնը:
Անոնք որոնք այսօր հարցականի տակ կը դնեն եկեղեցւոյ դերը, ապա թող լաւապէս յիշեն Մովսէս Խորենացի անունը, որովհետեւ եթէ այսօր մենք ունինք հայոց պատմութիւն՝ դարձեալ եկեղեցականի մը ճամբով է: Այո, ճիշդ է, որ Սահակ Բագրատունիի խնդրանքին հիման վրայ գրուած է Մովսէս Խորենացիի Հայոց պատմութիւնը, սակայն, այդ մէկը հարցականի տակ չի կրնար դնել եկեղեցականին կարողութիւնն ու դերը, որովհետեւ ճարտարապետութեան, հոգեւորին կողքին գրականութիւնը եւս եկեղեցւոյ մեծագոյն առաքելութեան մաս կը կազմէ:
Յ. Գ. Իրականութեան մէջ այս յօդուածաշարքը այստեղ կ՚ուզենք աւարտել, որովհետեւ Հայ Եկեղեցւոյ դերը նկարագրելու եւ պատմելու համար մի քանի տասնեակ հատորներ անգամ բաւարար չեն. որպէս ընդհանուր միտք ըսենք, որ երաժշտութիւնը, բանաստեղծութիւնը, գրականութիւնը, փիլիսոփայութիւնը, մշակոյթը իր բոլոր երեսակներով եւ գրեթէ այն բոլորը, որ մարդուն ազգ ըլլալու հնարաւորութիւնը կու տան՝ մշակուած ու զարգացած են եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու կողմէ. եթէ մէկը տակաւին կը համարձակի կասկածի տակ դնել եկեղեցւոյ դերը... ապա թող ստեղծեն նորը եւ աւելի լաւը՝ որ աւելի քան 1700 տարի եւ աւելի գոյատեւէ:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Հայաստան հեթանոսական շրջանին աւելի հզօ՞ր էր, թէ Քրիստոնէութեան:
Պատասխան. Հայաստան հեթանոսական շրջանին իր մշակոյթով ու կրօնական ազդեցութեամբ կարեւոր դեր ունէր հին դիցաբանական աշխարհին վրայ, սակայն երբ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն դարձաւ (մանաւանդ Մամիկոնեաններու շրջանին), Հայաստան քաղաքական եւ մշակութային հզօր գործօն դարձաւ, ինչ որ ամբողջութեամբ փոխեց Հայաստանի հասարակական կեանքը. այդ ժամանակաշրջանին դրուեցաւ կրօնական ու մշակութային հզօր հիմքեր, որոնք շատ աւելի երկարատեւ ազդեցութիւն ունեցան եւ ունին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան