ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

Պատրիարքական Աթոռի նախորդ գահակալ՝ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման տարելիցն է այսօր։ Երկու տարի առաջ երանաշնորհ պատրիարքը հրաժեշտ առած էր երկրաւոր կեանքէ։ 1998 թուականին գահ բարձրացած էր հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարք, որ շուրջ տասն տարի գահակալելէ վերջ անողոք հիւանդութեան հետեւանքով դադրած էր գործնականօրէն իր հօտը հովուելէ։ Բայց եւ այնպէս, այդ ծանր հիւանդութեան շրջանին, շուրջ տասն տարի անգիտակից վիճակի մատնուած ըլլալով հանդերձ, թրքահայութիւնը չդադրեցաւ զինքը ընկալելէ իր բարոյական հայրը։ Վարչական ծանր տագնապներ թէեւ ալեկոծեցին Պատրիարքական Աթոռն ու թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը, սակայն, մեր համայնքը չթերացաւ իր բարոյական պարտականութիւններուն, որդիական հաւատարմութեան տեսակէտէ։ Եթէ գահակալութեան առաջին տասն տարիներուն մեր հաւատացեալները կ՚ապաւինէին երջանկայիշատակ պատրիարքի աղօթքին, ապա յաջորդած տասն եւ աւելի ծանր տարիներուն, երբ ան հիւանդութենէ կը տառապէր, այս անգամ մեր հաւատացեալները միշտ իրենց աղօթքներուն մէջ տեղ մը վերապահեցին, իրենց սրտին մէջ տեղ մը բացին լուսահոգի Մեսրոպ Պատրիարքին համար։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գաւազանագիրքին մէջ ան այս առումով պատմականօրէն ուրոյն տեղ մը զբաղեցուց վաղուց։

Երանաշնորհ պատրիարքը, որ Պոլսոյ Աթոռի 83-րդ գահակալն էր, տասնամեակներ շարունակ մատուցած ծառայութիւններով իր հետքը, դրոշմը թողած է թրքահայ մերօրեայ իրականութեան վրայ։ Իր ծառայութեան ողջ ընթացքին Մեսրոպ Պատրիարք հետամուտ եղած էր եկեղեցւոյ երիտասարդաց առաքելութեան։ Անշուշտ, հաւաքական կեանքի մէջ ամէն տեսակ գործունէութեան արդիւնքը, արգասիքը ենթակայ է պատմութեան դատին, կը դրուի պատմութեան կշիռքին վրայ, սակայն անվիճելի իրականութիւնը հետեւեալն է. այսօր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին ներգրաւուած բոլոր ոլորտներէ, գրեթէ բոլոր տարրերը ուղղակի կամ անուղղակի անցած են Մեսրոպ Պատրիարքի դպրոցէն։ Եղած են մարդիկ, որոնք իրմէ ներշնչուած են՝ համամիտ ըլլալով։ Եղած են մարդիկ, որոնք համամիտ չեն եղած իրեն։ Բայց եւ այնպէս, մեծ հաշուով, երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքը եղած է հիմնական գործօն մը, որ պայմանաւորած է թրքահայութեան արդի տինամիքները։

Վախճանման երկրորդ տարելիցը մեր հաւատացեալներու սրտին մէջ կու գայ գետի մը նման վարարել երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի նկատմամբ ջերմութիւնը, կու գայ վերանորոգել անոր նկատմամբ սէրը, անոր նկատմամբ կարօտը եւ երախտագիտական զգացումները։ Որքան որ ալ թեր ու դէմ վկայութիւնները անխուսափելի ըլլան եւ բնական, հասկնալի, ապա կայ անվիճելի ճշմարտութիւն մը. Մեսրոպ Պատրիարք կը մնայ թրքահայ արդի տարեգրութեանց ամենավառ անհատականութիւններէն մին։ Ան իր տեսլականը ունեցած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի դերակատարութեան շուրջ։ Ան եղած է իր տեսլականին ուղղութեամբ յամառօրէն աշխատած հոգեւոր առաջնորդ մը։ Ան բոլորի յիշողութեան մէջ կը մնայ որպէս հովիւ՝ որ ջանք ու եռանդ չէ խնայած իր ծառայութեան մէջ։ Պայքարներու մէջ նետուելէ առանց խուսափելու, նոյնաժամանակ քանի մը նպատակ թիրախաւորելու համարձակութեամբ եւ այդ բոլորի ճամբուն վրայ միշտ վճռակամ դէմք մը եղած է երանաշնորհ պատրիարքը։

Այսօր երբ կ՚ոգեկոչենք նախկին պատրիարքը, այդ ոգեկոչումին ընդմէջէն կը վերյիշուի անցեալի Մեսրոպ Սրբազանը, եւ կը վերակենդանանայ քիչ մը աւելի անցեալի Մեսրոպ Հայր Սուրբը։ Այդ բոլորի հանրագումարն է անոր վերաբերեալ յիշողութիւնը։ Իր գործունէութեան նշաձողը միշտ բարձր պահած, միշտ յաւակնոտ նպատակներ որդեգրած, իր իղձերն ու ձգտումները առանց սահմանափակումի իւրացուցած պայծառ դէմք մըն էր Մեսրոպ Պատրիարքը։ Իրեն նկատմամբ կարօտը զուտ մարդկային, բարոյական կամ հոգեւոր երեւոյթ մը չէ։ Իրեն նկատմամբ կարօտը այսօր ունի շատ աւելի ընդարձակ նշանակութիւն, երբ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը միջակութիւններու ճիրաններուն մէջ է։ Մեսրոպ Պատրիարքի լուսաւոր յիշատակը այսօր եւս ունի իր պատգամը։ Բոլոր անոնք, որոնք քիչ թէ շատ ճանչցած են զինքը, կրնան անվարան վկայել, թէ ան բացարձակապէս կատարելապաշտ մըն էր, կ՚ատէր միջակութիւնները, նոյնիսկ կ՚ըմբոստանար անոնց դէմ։ Տայ Աստուած, որ իր քաղցր յիշատակը վերածուի գործօնի մը՝ մեր հաւաքական կեանքը կատարելագործելու եւ վերակենդանացնելու ճանապարհին։

Լոյսերու մէջ ննջէ երանաշնորհ, սիրեցեալ Մեսրոպ Պատրիարքը։ Իր յաւիտենական նենջը թող ըլլայ խաղաղ ու հանգիստ, որպէսզի աւելի քան տասն տարի իր կրած տառապանքներէն վերջ կարողանայ վայելել երկնային արքայութեան անդորրը։ Իր մտաւորական կարողութիւններով, կազմակերպչական ձիրքերով եւ մարդկային առաքինութիւններով պայմանաւորուած յիշատակը յաւերժ կը մնայ անթառամ թրքահայութեան յիշողութեան մէջ։ Վստահաբար, Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման տարելիցները ակնթարթներու նման զիրար կը յաջորդեն, ժամանակները ֆիզիքապէս մեզմէ կը հեռացնէ զինքը, կը յաջորդեն՝ իր հետ ժամանակագրականօրէն շփում չունեցած սերունդներ, սակայն անոր ներկայութիւնն ու ներդրումը միշտ կը ներգործեն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ճանապարհորդութեան մէջ եւ կարմիր թելի մը նման կ՚անցնին անոր գործունէութեան ընդմէջէն։

Երկուշաբթի, Մարտ 8, 2021