ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա նախընթաց օր հիւրընկալեց մեր համայնքէն Յովսէփ Արզումանը, Նազարէթ Էօզսահակեանն ու Մկրտիչ Արծիւեանը։ Այս վերջինները սերած են Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղի ընտանիքներէն։ Նկատի ունենալով, որ Ալի Եէրլիքայա անցեալի մէջ պաշտօնավարած էր նաեւ Եոզղատի մէջ, մեր այս երեք ազգայինները փափաքած էին իրեն հետ հանդիպում մը ունենալ։ Հանդիպումը ջերմ զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ ընթացաւ եւ վերյիշուեցան Եոզղատի ու Պուրունքըշլայի վերաբերեալ ինչ-ինչ հանգամանքներ։ Կուսակալ Եէրլիքայա խոստացաւ ծրագրի յարմարութեան պարագային մասնակցութիւն բերել պուրունքըշլացիներու տարեկան ոգեկոչման։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2022