ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՍԵՒԱԿ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ. «ԵՐԲԵՔ ՉԵՄ ԶՂՋԱՑԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԵԼՈՒՍ ՀԱՄԱՐ»

Մերձաւոր Արեւելքի հիմնական գաղութներէն դէպի Հայաստան ներգաղթելու նիւթը կը շարունակէ մնալ առաջնային։ Խնդիրը անշուշտ միայն կապ չունի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան եւ այդ զարգացումներուն յաջորդող դէպքերուն հետ, այլ անոր համար, որ որոշ ժամանակ մը բարեկեցիկ ապրելակերպի բոլոր հիմնական պայմանները ունեցող այդ երկիրներուն մէջ ներկայիս առօրեան ապահովելը կամ նոյնիսկ գոյատեւելը դարձած են բաւականին բարդ եւ լուրջ։

Բացի տնտեսական երեսակէն, տակաւին կայ ընդհանուր ապահովութեան հարցը, որ զանազան հանգամանքներու բերումով կը շարունակէ խոցելի մնալ ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ Լիբանանի մէջ։

Բոլորս տեղեակ ենք, թէ 2011 թուականին ընթացք առած Սուրիոյ պատերազմը ահաւոր վիճակի մը տարաւ երկիրը եւ այսօր աւելի քան պարզ է, որ Սուրիան իր նախկին իրականութեան եւ բարօր դրութեան վերադառնալու համար կարիքն ունի բաւական երկար ժամանակի։ Լիբանանի պարագան բոլորովին այլ է. որովհետեւ հակառակ այն իրողութեան, որ թէեւ Լիբանան կ՚ապրի ամբողջական խաղաղութեան մթնոլորտի մը մէջ, սակայն երկրին մէջ տիրող վիճակը, համայնքային հարցերը, Իսրայէլի հետ առկայ տարաձայնութիւնները եւ մանաւանդ Լիբանանի հասարակութեան «պառակտուած» ըլլալու հանգամանքը՝ մէկէ աւելի առումներով իրավիճակը կը դարձնեն անկայուն։

Էր երբեմն, երբ լիբանանցին շատ կարեւորութիւն չէր տար երկրին մէջ տեղի ունեցող ապահովական խլրտումներուն, պարզ այն պատճառով, որ ան կը կարողանար հանգիստ ձեւով ապահովել իր ամէնօրեայ ապրուստը, ու անկէ զատ ալ կարեւոր խնայողութիւններ կը կատարէր, ունենալու համար աւելի բարւոք ապագայ մը։

Այսօր սակայն կը տիրէ բոլորովին այլ վիճակ մը. ո՛չ միայն տնտեսական ցուցանիշները նահանջի մէջ են, այլեւ երկրին մէջ ապահովական մտավախութիւնները ամէնօրեայ քննարկման առարկայ դարձած են։

Ահա, այս պատճառներով է, որ աւելի քան որեւէ ժամանակ Լիբանանի հայ երիտասարդութիւնը կը մտածէ լքել իր ծննդավայրը եւ հաստատուիլ հայրենիք՝ Հայաստան։ Ոչ միայն ազգային մօտեցումներէ ազդուելով, այլ նաեւ հաշուի առնելով, որ այսօր Հայաստանի մէջ նոր կեանքի մը սկսելու պայմանները շատ աւելի հեշտ են, քան ըսենք հեռաւոր Ամերիկաներուն կամ Գանատայի մէջ։

Այդ երիտասրդներէն մէկն է Սեւակ Տումանեան, որուն համար Հայաստանը նախեւառաջ նոր փորձառութեան դաշտ մը դարձաւ։ Սեւակի կարծիքով, ոեւէ մէկը, որ մտադիր է Հայաստան հաստատուիլ, պէտք է նախեւառաջ ըմբռնած ըլլայ, թէ Հայաստանի մէջ այսօր «դրախտային պայմաններ» չկան, այլ կան հնարաւորութիւններ, որոնք կը կարօտին յամառ ճիգի եւ անդուլ աշխատանքի։

Հայրենադարձ Սեւակ Տումանեան մեզի պատմեց իր Հայաստան տեղափոխուելու հանգամանքներուն մասին։ Ստորեւ մեր հարցազրոյցը։

-Գիտենք, որ արդէն չորս-հինգ տարիէ ի վեր Հայաստան փոխադրուած էք, ինչպիսի՞ն էին Հայաստանի առաջին տարիները եւ որո՞նք էին գլխաւոր դժուարութիւնները:

-Արդէն հինգերորդ տարին է, որ Հայաստան տեղափոխուած եմ: Կինս, երեխաներս ինձմէ մէկ տարի առաջ եկած էին: Կրնամ ըսել, որ մեզի համար Հայաստանի միջավայրը նոր չէր, նախապէս ալ յաճախ կ՚այցելէինք: Այս անգամուան՝ վերջնական հաստատուելու նպատակով գալը կրնամ ըսել հապճեպ որոշում չէր, բայց նաեւ երկար մտածուած ալ չէր: Արագ եղաւ, բայց ոչ՝ հապճեպ: Որոշեցինք մեր բախտը առաջին անգամ հայրենիքի մէջ փորձել, որովհետեւ, որպէս լիարժէք մարդ ապրելու համար, իւրաքանչիւր անձ իր հայրենիքին մէջ պէտք է ապրի, ես այս եզրակացութեան յանգած եմ, կրնայ ըլլալ ուրիշներ այդպէս չեն նայիր այս հարցին: Իմ կարծիքով՝ կ՚արժէր փորձել հայրենիքի մէջ հաստատուիլ, մանաւանդ հիմա, երբ անկախութիւն ստացած ենք այլեւս: Սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս որպէս հայ ապրելու այդ բարդոյթը միշտ մեզ շուքի պէս կը հալածէր, հոս այդ բարդոյթը չունինք, քանի որ մեր հողին վրայ ենք: Գալով դժուարութիւններուն, առաջին տարին կրնամ ըսել գործի առումով հեշտ չէր, սկիզբը դժուար եղաւ, մինչեւ որ ծանօթութիւններ, կապեր ստեղծեցի եւ կրցայ տեղաւորուիլ նոր շուկային մէջ: Բայց այս դժուարութիւնը ամէն տեղ կայ, որեւէ երկիր տեղափոխուելու պարագային, եթէ նոյնիսկ «դրախտ» երթաս, առաջին երեք տարին պիտի չարչարուիս. ոչ ոք կրնայ ըսել, որ ուրիշ երկիրներ առաջին օրէն արծաթէ ափսէի վրայ ամէն ինչ կը հրամցուի լաւ ձեւով: Բայց այդ դժուարութեան կողքին դրական կողմը այն էր, որ անգործ ըլլալով հանդերձ, կարողացայ ազատ ժամերուս գործս զարգացնել՝ 3D տիզայնի գծով։ Գալով երեխաներուս՝ ըսեմ, որ անոնք ոչ մէկ դժուարութիւն ունեցան, առաջին օրէն անմիջապէս ընտելացան, վարժուեցան. հաւանաբար այն պատճառով, որ շատ փոքր էին։

-Ինչպէ՞ս կրցաք յաղթահարել այդ դժուարութիւնները եւ այսօր երբ ետ կը նայիք կրնա՞նք ըսել, որ Հայաստանի մէջ ձեր կեանքի մակարդակը բարելաւուած է:

-Չեմ կրնար ըսել, որ մեր կեանքը բարելաւուեցաւ, բայց սփիւռքահայու որպէս հայ ապրելու բարդոյթէն ազատած ենք. բան մը, որ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կու տայ, գլխաւորը այս է: Նաեւ կրնամ ըսել ճիշդ քայլ էր մեր առածը, չեմ զղջացած այս քայլիս համար եւ կը քաջալերեմ անոնք, որոնք կ՚ուզեն տարբեր երկիր փոխադրուիլ, նախ թող փորձեն հայրենիք գալ։

-Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, որով դուք ալ ձեւով մը խանդավառուած էիք, եւ այս մէկ տարուան ընթացքին ի՞նչ փոխուած է երկրին մէջ, ի՞նչ փոխուած է ձեր կեանքին մէջ: Արդարացա՞ն արդեօք այդ ակնկալութիւնները, ինչ որ ունէիք այս իշխանափոխութենէն:

-Յեղափոխութեան առաջին օրերուն, շաբաթներուն անշուշտ ակնյայտ էր մարդոց դէմքին ժպիտը, ինչ որ նախօրօք չկար։ Լաւ բան էր եղածը, բայց վերջնական գնահատական տալ տակաւին կանուխ է, պէտք է նոր իշխանութիւններուն առիթ տալ աշխատելու եւ ըստայնմ գնահատական տալու համար:

Այդուամենայնիւ, եթէ ընդհանուր փոփոխութիւնները մէկդի դնենք, ակներեւ փոփոխութիւն մը գոնէ աներկբայօրէն կրնամ նշել, որ Փաշինեան կարողացաւ մարդոց մէջէն սովետի ժամանակներէն ի վեր տեղ գտած վախը դուրս հանել: Այսօր ժողովուրդը աւելի ազատ եւ անկաշկանդ կ՚արտայայտուի եւ իր իրաւունքներու իւրացումը կը պահանջէ: Փոփոխութիւններէն մէկուն մասին ալ դեռ այսօր կը խօսէի Թեհրանէն եկած ընկերոջս հետ։ «Սահմանին մաքսային կէտերը բաւական խստացուցած են, նախկինին նման կաշառք չեն վերցներ այլեւս», ըսաւ։ Այս մէկը լաւ ցուցանիշ է:

-Վերջին շրջանին շատ կը լսենք, որ լիբանանահայ երիտասարդներ Հայաստան կը փոխադրուին, ի՞նչ է ձեր խորհուրդը, ի՞նչ կրնաք ըեսլ իրենց:

-Լիբանանի իմ հայրենակիցներուս, եւ ընդհանրապէս որեւէ հայու, որ կը մտածէ Հայաստան փոխադրուելու մասին, խորհուրդ կու տամ մեծ ակնկալիքներով չգալ, որովհետեւ, ցաւօք սրտի, մեր պետութիւնը հարուստ չէ. օրինակ՝ Իսրայէլի նման, որ ամէն ներգաղթողը կարենայ տունով, գործով ապահովել, դրամ տրամադրել անոր: Այս պարագային գործը կենսական հարց է, եթէ գործը ապահով ըլլայ, մնացեալ հարցերը արդէն ժամանակի ընթացքին կը լուծուին: Եթէ որոշ պատրաստի գումար մը ունիս, կրնաս ուսումնասիրել եւ գործի մը սկսիլ, այդ առումով կարելիութիւններ, հնարաւորութիւններ կան։ Բայց պէտք չէ շտապել, պէտք չէ բաղդատութիւններ ընել, այլ ձեւով մը նոր էջի, նոր տողի սկսիլ, առանց գիծ քաշելու անցեալին վրայ: Իսկ անոնք, որոնք կը սպասեն Հայաստանը Զուիցերիա ըլլայ եւ վերջը գան, հայրենասիրութեան մասին ընդհանրապէս թող չխօսին:

Ինչ կը վերաբերի երեխայ ունեցողներուն, անոնց ընտելացման մէջ ծնողի դիրքորոշումը մեծ դեր ունի, նայած ծնողը ի՛նչ ակնկալիքնր, ի՛նչ սպասելիքներ ունի: Իսկ ապահովութեան իմաստով, ինծի համար Հայաստանը լաւագոյնն է. երեխաներս հինգ տարի առաջ եւ մինչեւ հիմա շատ հանգիստ՝ երթուղայինով, հանրաշարժով կամ ինքնաշարժով, առանձին դպրոց կ՚երթան-կու գան։ Այս ապահովութիւնը որեւէ այլ երկրի մէջ, նոյնիսկ ամենալաւ Զուիցերիոյ մէջ, չես կրնար գտնել:

-Այս հինգ-վեց տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ ի՞նչ բան կ՚ուզէիր, որ փոխուի ու չփոխուեցաւ։ Ո՞ր մէկն էր այդ խնդիրը, որուն լուծումը կը փափաքէիր։

-Ամենէն էական փոփոխութիւնը, որ կ՚ուզէի տեսնել, ներքին արտադրանքին զարկ տալն էր: Փոխանակ լաւ թրքականը բերելու, կրնանք լաւ հայկականը արտադրել: Այս կէտը կը շեշտեմ, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, թէ թրքական ապրանքներով ողողուած է շուկան եւ, ցաւօք սրտի, շատեր կը գովեն եւ որպէս «լաւ», «որակաւոր» կը ներկայացնեն զանոնք: Երբեմն երբ կը դժգոհիմ այս մասին, վաճառողները կը նեղանան։ Այս մէկը քիչ մը ազգային դաստիարակութեան հարց է. կարծեմ այս ծիրին մէջ պետութիւնը պէտք է փոփոխութիւն մտցնէ, սահման մը դնէ, որովհետեւ, իմ կարծիքով, տեղական արտադրանքը շատ կարեւոր է նաեւ գործ հայթայթելու իմաստով:

Միւս փոփոխութիւնը՝ Հայաստանը միայն Երեւանով սահմանափակելու մտայնութեան վերացումը պէտք է ըլլայ: Հայաստանը նաեւ Երեւանէն դուրս է, պէտք է զարկ տալ Երեւանէն դուրս եղած շրջաններուն:

Հաւանաբար այս փոփոխութիւններն ալ կ՚ըլլան, ժամանակ կը պահանջէ. ես կը հաւատամ, լաւատես եմ ընդհանրապէս: Լաւատես ըլլալը կարեւոր է ինծի համար, անշուշտ առանց ինքնախաբէութեան աստիճանի, որպէսզի գիտակցիս եւ յաղթահարես նաեւ եղած դժուարութիւնները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019