ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան եւ ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան առ­թիւ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնք հա­մախմ­բե­ցին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խա­գա­հեց ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցուած էր ե­կե­ղե­ցին, ուր Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Տիգ­րան Սրկ. Պես­քի­սի­զեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-եգր­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Գէորգ Չաղ­լը­չու­պուք­ճուի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Հեր­ման Փոր­թա­գա­լեա­նի։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը օ­րուան պատ­գա­մին մէջ կանգ ա­ռաւ հա­ւա­քա­կան կեան­քի մէջ փո­խա­դարձ սի­րոյ եւ յար­գան­քի կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, ո­րուն եւս նա­խա­գա­հեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան, բա­րե­րար­ներ, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ այլ հիւ­րեր։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Շան­լը եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Յա­րու­թիւն Շան­լը, որ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը անդ­րա­դար­ձաւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գոր­ծու­նէու­թեան։ Սկիւ­տա­րի եր­բեմ­նի Ներ­սէ­սեան Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զի տա­րած­քին ար­ժե­ւոր­ման ծրագ­րե­րուն եւ հա­մա­պա­տաս­խան շփում­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լու ա­ռըն­թեր ան մատ­նան­շեց, որ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը ծրագ­րէ Փա­լա­քա­շեան ֆո­նի մի­ջոց­նե­րով յատ­կա­ցուած կրթա­թո­շակ­նե­րու հա­սոյ­թը բաժ­նել ա­ւե­լի բարձր թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար։ Յա­րու­թիւն Շան­լը խօս­քին մէջ ցաւ յայտ­նեց վեր­ջին շրջան­նե­րու ա­հա­բեկ­չա­կան պա­տա­հար­նե­րուն շուրջ եւ յայտ­նեց, որ մեր հա­մայն­քը ան­կեղ­ծօ­րէն կը բաժ­նէ երկ­րէն ներս առ­կայ ցա­ւը։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց մեր հա­մայն­քի բա­րե­րա­նե­րէն Եր­կա­նեան ա­մո­լի նկատ­մամբ, որ միշտ սերտ կապ կը պա­հեն Կէ­տիկ­փա­շա­յի ըն­տա­նի­քին հետ։ Յա­րու­թիւն Շան­լը մաղ­թեց, որ հա­մայն­քա­յին կեան­քէ ներս յե­տաձ­գեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րը այ­լեւս կա­տա­րուին ժամ ա­ռաջ։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, ան տե­ղե­կա­ցուց, որ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ջան­քե­րով ֆի­զի­քա­պէս ամ­րա­ցուած է Կէ­տիկ­փա­շա­յի ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հը։ Ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նե­ցին թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով տա­րուած բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւն­քը։

Հա­ւա­քոյ­թը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քով եւ ա­ղօթ­քով։

      

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016