ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ

Սեպտեմբեր 18-20 կայանալիք համահայկական 6-րդ համաժողովը պարտ էր որակական յաւելումներով համախմբել մասնակիցները. սակայն, որոշ հերթականութեամբ կայացող այս համաժողովները կարծէք օրկանական կապով մը չեն զօդուած իրարու եւ իբրեւ հետեւանք՝ որակական չափելի վիճակ մը կարելի չէ փնտռել: Այսուհանդերձ անոնց կայացումը կը մնայ անհրաժեշտ գոնէ Սփիւռքի եւ հայրենիքի հատուածներու ճանաչողութեան իմաստով:

Համաժողովին մասնակցութիւնը բոլորին առջեւ բաց պահելու քաղաքականութիւնը եւս ունի իր առաւելութիւնն ու անպատեհութիւնները:

Առաւելութիւնը այն է, որ ոչ մէկ հայ անհատ, հատուած կամ կազմակերպութիւն զկուած կը զգայ ինքզինք. միւս կողմէ այդ բաց քաղաքականութիւնը առիթ կ՚ընծայէ, որ հերթի կանգնին շքանշաններու մուրացկանները: Ի դէպ, որքան քննադատուի եւ ձաղկուի շքանշաններու տեղատարափը՝ ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ շքանշանը շնորհողներուն եւ ստացողներուն վրայ: Շքանշաններու այս առատութիւնը կը քաջալերէ սփիւռքահայուն մօտ քծնանքը եւ պետական պաշտօնեային մօտ սփիւռքահայը շոյած ու խաբած ըլլալու սինիզմը:

Անդրադառնալով աւելի խորքային հարցերու, կը տեսնենք, թէ համաժողովը իր առջեւ դրած է բաւական լուրջ հիմնահարցեր, որոնք աղերս ունին մեր հայրենիքի լինելութեան եւ ապագային հետ: Օրակարգի հարցերն են՝ 1.- Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրները, 2.- Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները, 3.- Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ, 4.- Հայապահպանութեան խնդիրները:

Լաւ է, որ հայրենի ժողովուրդին հետ Սփիւռքն ալ իրազեկուի Հայաստանի խնդիրներուն, որոնք ի վերջոյ շղթայուելով կը դառնան նաեւ համայն հայութեան խնդիրները: Սակայն, կարգ մը բնագաւառներու մէջ Սփիւռքը մեծ ներդրում մը չի կրնար կատարել հայրենիքէն ներս, ինչպէս, օրինակ, պաշտպանութեան եւ ապահովութեան կենսական խնդիրներուն մէջ:

Միւս կողմէ, եթէ Սփիւռքը համակարգուի եւ մանաւանդ՝ եթէ քաղաքականացուի, կրնայ լրացուցիչ դեր կատարել Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

Այս մարզին մէջ հայրենի պետութիւնը կախուածութեան մէջ է Սփիւռքի քաղաքական ուժերու նկատմամբ եւ դեռ ի վիճակի չէ ներազդելու եւ համակարգելու Սփիւռքի քաղաքական ուժերը. աւելի՛ն, այդ ուժերուն կարողականութիւնը (աւելի հասկնալի բառով՝ պոտենցիէլը): Արդարեւ պետութիւնը կը դիտէ եւ կը յարի այն ուժերուն, որ քաղաքականութիւն կը վարեն Սփիւռքի մէջ եւ կը ջանայ օգտուիլ անոնցմէ:

Գալով հայապահպանութեան գործին, հայրենիքը ինքնին, նոյնիսկ կրաւորական կերպով, մագնիս մըն է հայկականութեան եւ մասնաւորաբար՝ ուծացող երիտասարդութեան համար. սակայն իր ուժերը սահմանափակ են ներգործօն կերպով սատարելու Սփիւռքին, որ հարկադրաբար պիտի համակերպի իր կիսամիջոցներուն:

Խորհրդային Հայաստանը իր կիսանկախ, ամբողջատիրական կամ «գերեվարուած» վիճակով ունէր հզօր մշակոյթ եւ գիտութիւն, եւ հակառակ քաղաքական անանցանելի պատնէշներու, այդ շրջանի իրաւ հայրենասէր ղեկավարները մշակոյթ մատակարարեցին Սփիւռքին: Մինչ Հայաստանը այսօր իր ցածորակ հեռատեսիլի մատուցումներով, երգիչներով եւ նուագարաններով, Արեւմուտքի աղաւաղուած թափօնները կը հրամցնէ Սփիւռքին, նոյն ատեն նուաստացնելով ինքզինք:

Այս բոլորը կրնան միայն լուսանցքային հարցեր նկատուիլ համաժողովին համար: Առանցքային միայն երկու հիմնահարցեր կան, քննարկելի եւ գործարկելի. առաջինը հայաթափութեան խնդիրն է, իսկ երկրորդը՝ համահայկական խորհուրդ մը հիմնելու հարցն է:

Որո՞ւ համար պիտի պաշտպանուին Հայաստանի սահմանները եւ որո՞ւ համար պիտի նահատակուի հայ զինուորը, երբ երկիրը կը դատարկուի՝ յստակ ծրագրով եւ մեր պետութեան անտարբերութեամբ: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը փակելով Հայաստանի սահմանը եւ կիսապատերազմական վիճակի մէջ պահելով Հայաստանը նպատակադրած են դատարկել երկիրը. ո՛ւր գտնել հրէական քիպուցին մէջ սահման պահպանող քաղաքացին, որ վճռած է կրակին դիմաց երկիր կերտել: Անցեալ Ապրիլին առաջին հրացանաձգութեան երկու հազար ղարաբաղցի հայեր անցան Հայաստան եւ անկէ՝ դէպի այլուր: Թշնամին, բնականաբար իր թշնամութիւնը պիտի ընէ, իսկ Հայաստանի պետութիւնը պարտաւոր է, յատուկ, մեկին եւ ազդեցիկ քաղաքականութիւն մը ունենալ արիւնահոսութիւնը կասեցնելու: Եթէ սահմանապահ հայ զինուորը իր արիւնը պիտի թափէ, սփիւռքահայը իր նիւթականը պիտի տրամադրէ, պետական օղակներու վրայ թառած ղեկավարն ալ պիտի հրաժարի իր կաշառքէն, որպէսզի այդպիսի քաղաքականութիւն մը դրական եւ ազդեցիկ դառնայ: Իսկ օրէնքի հաւասար կիրարկումը՝ պիտի սատարէ արդար ընկերութեան մը գոյառման:

Համաժողովի օրակարգին միւս գլխաւոր հարցը համահայկական խորհուրդ մը հիմնելն է: Ժամանակները փոխուած են, Սփիւռքը անցած է տարբեր փուլերէ եւ կը շարունակէ անցնիլ. սփիւռքացած հայաստանցիները առհաւական դիմադրականութիւնը չունին օտար շրջապատի մէջ ինքնութիւն պահելու: Գաւառական հայրենասիրութիւնը փառապսակ մը չէ եթէ վերացական գաղափարով մը չէ ամրագրուած: Հայապահպանութիւնը վերացական գաղափար մըն է, որ կ՚իրագործուի դրական գործօններով:

Այս դարուն փշուր-փշուր եղած են հեղինակութիւնները. ո՞ւր է Անդրանիկի մը համազգային հմայքը: Իսկ Պօղոս Նուպար համազգային նախագահ մըն էր՝ առանց երկրի. կաթողիկոսի մը օրհնութեամբ գոյացած Ազգային Պատուիրակութիւնը ան վերածած էր քաղաքական եւ իրաւական գործօնի մը, որ կը յարգուէր օտար պետութիւններէ եւ որոնք բանակցութեան կը նստէին այդ Պատուիրակութեան հետ: Ազգային պատուիրակութեան ներքին ուժն ալ կը գոյանար համազգային հաւատարմութենէ մը:

Անցեալի տուեալները չունինք մեր տրամադրութեան տակ, հետեւաբար պէտք է գործենք առկայ տուեալներով:

Նկատի ունենալով Սփիւռքի մոզայիքը՝ կարելի չէ համահայկական խորհուրդը կայացնել դեմոկրատական ընտրութիւններով: Հայաստան-Սփիւռք համաժողովը այն լսարանն է, ուր կարելի է համադրել նշանակովի մարմին մը, որ կրնայ ինքզինք լիազօրել շահելով զանգուածներու համակրանքն ու վստահութիւնը: Այդ մարմինը չի կրնար պետական, ոստիկանական կամ օրինական հեղինակութիւն ունենալ. միայն ներքին համակարգումով եւ զանգուածներու կամաւոր յարումով կրնայ այդ մարմինը հեղինակութիւն վաստկիլ եւ գործնական նպատակներ իրականացնել:

Եթէ համաժողովը չզառածի ընդունելութիւններու, շքեղանքի, հանդիսութիւններու պղպջակներուն մէջ եւ կեդրոնանայ միայն այն ծրագիրներուն վրայ, որոնք անհրաժեշտ են՝ անխուսափելիօրէն եւ անպայման բացած կ՚ըլլայ յաջողութեան ճամբան:

Խմբագրական «Պայքար»ի, Պոսթոն

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017